Նորա Արիսեան․ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակ. 100 Արաբական Վկայութիւններ»

2013

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` կիրակի, 3 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը  7:00-ին, Զահլէի «Մոնթէ Ալպերթօ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ. 100 արաբական վկայութիւններ» գիրքին ներկայացումը` կազմակերպութեամբ  Զահլէի ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին:

Զահլէի ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին անունով արաբերէնով բացման խօսքը արտասանեց Խաժակ Բալուլեան: Ան  յիշեց Օսմանեան կայսրութեան կատարած ոճիրները լիբանանցիներուն նկատմամբ` ըսելով, որ Լիբանանի նահատակաց հրապարակի յուշարձանը ներկայ է մեզի յիշեցնելու հոն մահապատիժի ենթարկուած բազմաթիւ լիբանանցի մտաւորականներն ու գրական եւ քաղաքական գործիչները: Ան աւելցուց, որ ներկայ թուրքերը վաւերական ժառանգորդներն են Օսմանեան կայսրութեան եւ անմիջական պատասխանատուները հայոց  եւ այլ ժողովուրդներու ցեղասպանութեան: Թուրքիոյ պետութիւնը պէտք է ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերադարձնէ հայկական բոլոր գրաւեալ հողերը, որոնք հայերուն արդար իրաւունքներն են:

Ապա Բալուլեան ներկայացուց դոկտ. Նորա Արիսեանի կեանքն ու գործերը` կեդրոնանալով  արաբական երկիրներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր անոր տարած աշխատանքներուն վրայ:

Բալուլեան թուեց դոկտ. Արիսեանի հեղինակած բազմաթիւ մենագրութիւններն ու թարգմանութիւնները: Այնուհետեւ ան հրաւիրեց դոկտ. Նորա Արիսեանը, որպէսզի ներկայացնէ իր գիրքը:

Դոկտ. Արիսեան արաբերէնով ըսաւ, թէ ըստ պատմաբաններու, Հայոց ցեղասպանութիւնը ունէր տարբեր պատճառներ, անկա կազմակերպուեցաւ եւ իրագործուեցաւ տարբեր հանգրուաններու մէջ` սկսելով 1915 թուականէն առաջ եւ շարունակուելով  անոր յաջորդող տարիներուն:

Ան երախտագիտութեամբ յիշեց արաբական երկիրները, որոնք օգտակար դարձան տեղահան եղած եւ ցեղասպանութենէ ազատած հայերուն:

Դոկտ. Արիսեան ըսաւ, թէ իր կարծիքով Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ արաբ պատմաբաններուն վկայութիւնները սերտելով կարելի պիտի ըլլայ վերլուծել եւ արժեւորել արաբ ժողովուրդի մտածելակերպին զարգացումը` անցեալէն մինչեւ այսօր:

Դոկտ. Արիսեան նկատել տուաւ, որ այս գիրքին համար ան օգտագործած է տարբեր արաբական ուսումնասիրութիւններ` քաղաքական, պատմաբանական եւ գրական տարբեր աղբիւրներէ: Ան արձանագրած է տարբեր համայնքներու պատկանող պատմաբաններու եւ քաղաքական ու գրական դէմքերու վկայութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Դոկտ. Արիսեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ իր փափաքն է, որ այս գիրքը ծառայէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նպատակին եւ զայն կարդացողները անդրադառնան արաբ ժողովուրդի կարեւոր դերակատարութեան եւ անոր ընծայած բարիքներուն:

Ապա Վարանդ Հաճեան տուտուկի վրայ ներկայացուց հայկական ժողովրդային շարք մը եղանակներ:

Զահլէի ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին անունով Պերճ Բալուլեան յուշանուէրով մը պատուեց դոկտ. Արիսեանը:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ստացան դոկտ. Արիսեանի գիրքէն մակագրուած օրինակներ:

ԱԶԴԱԿ, http://www.aztagdaily.com/archives/238972