Թրքական Իշխանութիւնները Կ՝արգիլեն Կեսարիոյ Պատմութեան Նուիրուած Գիտաժողովը

580

Երկու շաբաթէ ի վեր համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Սուրիոյ Հիւսիս Արեւելքի մէջ ընթացող բախումներուն վրայ, որոնք յառաջացան Թրքական բանակի շղթայազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն պատճառվ: Մինչ մամուլի աշխատակիցներու եւ փորձագէտներու մեկնաբանութիններու կիզակէտը կը մնայ շրջանին մէջ ընթացող Քիւրտ-Թրքական առճակատումը կամ պատերազմը, անցեալ շաբաթուայ ընթացքին ուշագրաւ այլ դէպք մը պատահեցաւ Թուրքիոյ, այս անգամ Պոլսոյ մէջ: Հրանդ Տինք Հիմնարկի ամիսներ առաջ կազմակերպած  “Կեսարիոյ եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական պատմութիւնը» խորագրեալ գիտաժողովը մետասաներորդ պահուն խափանուեցաւ եւ արգիլուեցաւ Թրքական իշխանութիւններուն կողմէ: Հակիրճ ձեւով ամփոփեմ տեղի ունեցածը փորձելով դիտարկել դէպքերու զարգացումը Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակի լայն պարունակին մէջ:

Հրանդ Տինք Հիմնարկը արդէն աւելի քան տասնամեակ մըն է, որ կը գործէ ու անոր աշխատանքները քիչ թէ շատ ծանօթ են բոլորիս կամ յատկապէս բոլոր անոնց, որոնք աւելի մօտէն կը հետեւին Թուրքիոյ քաղաքական կամ հասարակական կեանքին: Այլ կազմակերպութիւններու կողքին, Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը հանդիսանայ Թուրքիոյ մէջ ազատ խօսքի եւ մամուլի իրաւունքի ջատագովներէն մէկը, ինչպէս նաեւ իր բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններով հանրային հարթակին վրայ աւելի տեսանելի կը դարձնէ Թուրքիոյ անցեալին եւ ներկային մէկ մասնիկը կազմող ոչ-Իսլամ (Հայ,  Յոյն եւլն) հասարակութիւններու մշակութային եւ հասարակական արժէքներն ու պատմութիւնը: Հիմնարկը արդէն մի քանի տարիէ ի վեր (2010էն սկսեալ) շարունակական կերպով կը կազմակերպէ Թուրքիոյ կամ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ վաղեմի Հայկական բնակչութիւն ունեցող քաղաքներու մասին գիտաժողովներու շարք մը: Անոնցմէ կարելի է յիշել Անգարայի, Ատանայի, Տիգրանակերտի, Վանի, Իզմիրի եւ Մարտինի մասին նախապէս տեղի ունեցած գիտաժողովները, որոնք բազմաթիւ մասնակիցներու եւ հետազօտողներու աշխատանքներու շնորհիւ լոյս սփռեցին տուեալ աշխարհագրութեանց պատմական, տնտեսական մշակութային եւ ընկերային անցեալին վրայ: Այս ծիրէն ներս է, ուրեմն, որ պէտք էր հասկնալ նաեւ Կեսարիոյ մասին տեղի ունենալիք գիտաժողովը:

Սկզբնական ծրագրով, խորհրդաժողովը նախատեսուած էր կայացնել նոյն ինքն Կեսարիոյ քաղաքին մէջ, սակայն Հոկտեմբեր 2ին հրատարակուած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէր թէ Կեսարիոյ նահանգապետը մերժած էր ընդունիլ քաղաքին մէջ յայտնելով որ յարմար չէր տեսներ նման նախաձեռնութեան մը կազմակերպումը: Իբրեւ գիտաժողովի հրաւիրեալ մասնակիցներէն մէկը, պէտք է ընդունիլ որ նման որոշում մը ինծի համար անսպասելի չէր՝ տրուած ըլլալով Թուրքիոյ եւ յատկապէս անոր գաւառներու մէջ տիրող քաղաքական դիւրաբեկ կացութիւնը: Հակառակ անոր, որ ապացոյց չկայ այս մէկը ամրագրելու, Կեսարիոյ գիտաժողովը, որ տեղի պէտք էր ունենար 18-20 Հոկտեմբերին, կը զուգադիպէր նաեւ նոյն օրերուն Կեսարիա գտնուող Թուրքիոյ նախագահ՝ Րէճէփ Թայիփ Էրտողանի պաշտօնական այցին հետ:

Այս երկուքը կրնային բաւարար հիմք հանդիսանալ որպէսի գիտաժողովը արգիլուէր տուեալ քաղաքին մէջ: Սակայն անսպասելին այն էր, որ հակառակ գիտաժողովի վերակազմակերպման, այս անգամ Պոլսոյ եւ ինքնին Հիմնարկի սեփական շէնքին մէջ, Հինգշաբթի 17 Հոկտեմբերի երեկոյեան Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի Կառավարիչը (Şişli Kaymakamlığı) տեղեկացուց թէ կ’արգիլէր որ գիտաժողովը առհասարակ տեղի ունենար՝ նոյնիսկ Հիմնարկին սեփական տարածքին մէջ՝ ոչ մէկ լուսաբանութիւն կամ տրամաբանական բացատրութիւն տալով: Աւելին. նոյնիսկ զարմանալի էր, որ արգիլման իրաւական հիմք կ’օգտագործուէր հաւաքներու եւ քայլարշաւներու մասին թիւ 2911 օրէնքը, որ կիրառելի չէր հիմնարկներու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու պարագային: Լուռը սահմռկեցուցիչ էր ոչ միայն այն պարզ պատճառով, որ նախապատրաստական աշխատանքները արդէն աւարտած էին եւ բոլոր մասնակիցները, որոնց շարքին նաեւ արտասահմանէն ժամանածները արդէն հասած էին Պոլիս, բայց նաեւ այն մտահոգութեամբ որ այս մէկը աննախադէպ էր: Այսինքն՝ չէր պատահած որ Հիմնարկի նախաձեռնած (վերոյիշեալ) գիտաժողովներէն մէկը պետութեան կողմէ չեղարկուէր, ուր մնաց արգիլուէր անոր սեփական շէնքին մէջ կայանալը:

Նմանօրինակ դէպք մը վերջին անգամ պատահած էր Մայիս 2005 թուականին, երբ Վոսփորի Համալսարանի (Bogaziçi University) մէջ կայանալիք “Օսմանեան Հայերը Կայսրութեան անկման ժամանակ. Գիտական պատասխանատուութեան և ժողովրդավարութեան հիմնահարցեր” խորագրեալ խորհրդաժողովը Թուրք հասարակական եւ պետական ճնշման ու սպառանլիքներու հետեւանքով յետաձգուեցաւ: Միայն Սեպտեմբեր 2005ին եւ ապահովական միջոցներու ներքոյ էր, որ տուեալ գիտաժողովը վերջապէս տեղի ունեցաւ Պիլկի Համալսարանի մէջ:

Կեսարիոյ գիտաժողովին պարագային տեղի ունեցածը մեզ պահ մը կը յիշեցնէր 14 տարի առաջուայ այս պատահարը՝ մտավախութեան նոր աղբւիր մը աւելցնելով արդէն իսկ ճնշող քաղաքական միջավայրի մը մէջ: Մասնակիցներէն շատերուս մօտ տակաւին յստակ չէ թէ Կեսարիոյ պատմական անցեալի կամ ընդհանուր գիտաժողովին ճիշդ ինչն էր որ այդքան “վախցուցած” էր Թրքական իշխանութիւնները, առաւել եւս Պոլսոյ պատկան մարմինները զանոնք մղելով, որ կտրականապէս մերժէին նման գիտական հաւաք մը: Սակայն մէկ բան կարելի է եզրակացնել այս բոլորէն եւ այն է, որ պետական այս խոչընդոտը նախադէպ մը ստեղծեց, որուն հետեւանքը կրնայ մտահոգիչ ըլլալ ապագայ գործունէութեանց համար, յատկապէս այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու մշակութային, ընկերային եւ պատմական կեանքը սկսած էին աւելի լայն տարածում կամ հնչեղութիւն գտնել Թրքական հասարակութեան մօտ (գոնէ Պոլսոյ մէջ): Ցաւալի է միայն տեսնել թէ Պետական քաղաքականութեան հետեւանքով, հասարակութեան մէջ զանգուած մը զրկուեցաւ Յոյն, Թուրք, Հայ եւ Ամերիկացի 27 պատմաբաններու եւ հետազօտողներու ներկայացնելիք հետաքրքրական եւ օգտաշատ զեկոյցները լսելու առիթէն, որոնք միայն պիտի լուսաբանէին Կեսարիա քաղաքի պատմութեան տարատեսակ երեսները: Այս իմաստով, նման ձեռնարկներու խափանումը ոչ միայն հարուած մըն էր, Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն, այլ յաւելեալ հարուած մըն էր Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ վերացող խօսքի եւ մամուլի ազատ իրաւունքին։

Վարագ Գեթսեմանեան

ՍիվիլՆեթ