Մենք պարտաւոր ենք ներդաշնակել մեր քայլերը ո՛չ թէ Ռուսիոյ, այլ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ

1834

Հատուած Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր Պատասխանը Յ. Քաջազնունիի» գիրքէն

Մենք պարտաւոր ենք, ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ աւելի, ներդաշնակել մեր քայլերը ո՛չ թէ Ռուսիոյ, այլ`մեր կովկասեան դրացիներուն հետ, որոնցմով մենք շրջապատուած եւ կաշկանդուած ենք անմիջականօրէն: Որովհետեւ պէտք չէ նաեւ մոռնանք երբեք, որ Ռուսիա օր մը կրնայ չքանալ Կովկասէն, բայց Վրաստանն ու Ատրպէյճանը միշտ պիտի մնան մեր անմիջական, մեր ֆիզիքական դրացիները ու բաժնեն մեզ Ռուսիայէն:

Անշուշտ, Ռուսիան, ինչպէս ամէն մէկ աւելի կամ նուազ հեռաւոր պետութիւն, կրնար մեր ժամանակաւոր, անցողական դաշնակիցն ըլլալ: Բայց Վրաստանն ու Ատրպէյճանը կապուած են Հայաստանի հետ աշխարհագրօրէն եւ տնտեսապէս այնքան սերտ ու անմիջական կերպով, որ անոնց թշնամին չենք կրնար եւ պէտք չէ ըլլանք որեւէ պարագայի տակ: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր կովկասեան դրացիներուն հետ յարատեւ գործակցութիւնը պէտք է ըլլայ մեր ազգային քաղաքականութեան հիմնաքարը: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր կովկասեան դրացիներուն հետ միասին է, որ մենք պէտք է մղենք մեր անկախութեան պայքարը: Այլապէս`անոնց թշնամին պիտի դառնանք, բան մը որմէ պարտաւոր ենք խուսափիլ ամէն գնով…