Արեւմտահայերէնով լրագրողական դասընթացքներ «Արեւելք»-ում

1322

«Արեւելք» կայքի կազմակերպած արեւմտահայերէնով լրագրողական դասընթացքները կը շարունակուին մեծ յաջողութեամբ:

Անցնող օրերուն տեղի ունեցած են երկու դասընթացքներ, որոնց ընթացքին դասախօսութիւններ ներկայացուցած են հայլէպահայ յայտնի մտաւորական Յակոբ Չոլաքեան, հալէպահայ լրագրող Մարալ Զաքարեան, ինչպէս նաեւ «Արեւելք»ի խմբագիր Սագօ Արեան:

Յակոբ Չոլաքեան իր դասախօսութիւններով խօսած է լեզուի տարբեր հարցերու մասին, մասնաւորաբար յստակ եւ հասանելի արեւմտահայերէնով գրելու կարեւորութեան մասին: Ան նաեւ յատուկ դասապահ յատկացուցած է կէտադրական եւ ուղղագրական ընդհանուր կանոններուն, ներկաներուն տրամադրութեան տակ դնելով այս մասին իր պատրաստած ծաւալուն աշխատասիրութիւնը:

Մարալ Զաքարեան իր կարգին խօսած է արաբերէնէ արեւմտահայերէն թարգմանութիւններու մեթոտներու մասին, ինչպէս նաեւ կարեւորած է արաբերէն աղբիւրներու վերստուգումը ու տեղեկութիւններու վերստուգումն ու վերախմբագրումը:

Սագօ Արեան հանդէս եկած է «Մարդը որպէս լրագրութեան հիմնական առանցք» թեմայով: Ան շեշտած է, որ «Արեւելք»ի հիմնադրման օրերէն, ինք որպէս հիմնադիր խմբագիր շեշտը դրած է տարբեր շրջաններու մէջ հայ մարդուն ապրած խնդիրներուն վրայ, նշելով, որ տարբեր պարագաներու ալ լրագրողական այդ գործերով յաջողած է յատկապէս սուրիահայերուն համար յատուկ դիւրութիւններ եւ տրաբեր մակարդակի օժանդակութիւններ ցուցաբերել:

Սագօ Արեան դիտել տուած է, որ լրագրողին պարտականութիւնն է բարձրաձայնել դժուարին իրավիճակներու մէջ գտնուող մարդոց մասին եւ փորձել այդ ընթացքով կապ ըլլալ հայկական մարդասիրական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, եւ ծանր պայմանի մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն միջեւ: Ան շեշտած է, որ լրագրութեան հիմնական առաքելութիւնը մարդկային խնդիրներու, հարցերու եւ հայ մարդը յուզող հիմնական դրոյթներու մասին արձագանգելն է, բան մը որուն ալ կառչած կը մնայ «Արեւելք» լրատուական կայքը:

Յիշեցնենք, որ դասախօսութիւնները այսօր եւս պիտի շարունակուին:

Այսօր յետմիջօրէին դասախօսութիւն մը պիտի ներկայցնէ հայրենի յայտնի մտաւորական եւ բանաստեղծ Տիգրան Պասքէւիչեան, որմէ ետք «Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն»ի պատասխանատուներէն Արմէն Սարգսեան նոյնպէս պիտի խօսի ընկերային ցանցերու կարեւորութեան եւ անոր ճիշդ օգտագործութեան մասին:

«Արեւելք»ի լրագրողական դասընթացքը կիրականանայ կարեւոր աջակցութեամբը Գալուստ Կիւլպէնքեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ գործող «Մետիա նախաձեռնութիւննրու կեդրոն»ի:

ԱՐԵՒԵԼՔ