Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 96-ամեակի տօնակատարութիւն Աթէնքի մէջ

998

Շքեղ եւ պատուաբեր հանդիսութիւն մըն էր որ տեղի ունեցաւ 12 Նոյեմբեր 2017ին Աթէնքի INTERCONTINENTAL պանդոկին մէջ, նուիրուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 96-ամեակին, ի ներկայութեան Յունահայոց հոծ բազմութեան:

Տօնակատարութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին, Հ. Բ. Ը. Միութեան Կեդրոնական Յանձնաժողովի վարչական որոշ անդամներ, Յունահայոց Թեմի հաւատացեալ անդամներ, Հնչակեան կուսակցութեան վարչական անդամներ, Հայկական Ժողովրդային Շարժումի ներկայացուցիչներ, Յունա-Ռուսական ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ, Արարատ Մշակութային Մարզական Միութեան եւ Արարատի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութեան օրուան խորհուրդին մասին յունարէն լեզուով ելոյթ ունեցաւ՝ իրաւաբան՝ Յակոբ Ֆէսճեան իսկ հայերէն լեզուով ելոյթ ունեցաւ Լոնտոնէն յատկապէս Աթէնք հրաւիրուած, Ռ.Ա.Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի ատենադպիր, քաղաքական գիտութեանց մասնագէտ Տոքթ. Հրաչ Գույումճեան:

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ հայկական տուտուկով, շվինով՝ կիթարով եւ երգերու գեղարուեստական ճոխ յայտագրով եւ վերջ գտաւ Հոկտեմբեր 2016-ին Երեւանի մէջ Ռ.Ա.Կուսակցութեան տեղի ունեցած ընդհանուր համագումարին առթիւ, կազմակերպուած սքանչելի հանդիսութեան տեսա-լսողական (DVD)ի պատրաստուած երիզի ցուցադրութեամբ, զոր վերջ գտած էր Երեւան Էրեբունի՝ Պարոյր Սեւակի խօսքերով եւ Էտկար Յովհաննէսեանբի երաժշտութեամբ երգով:

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները բաժակա-զրոյցներով աւելի մօտէն ողջունեցին զիրար:

Աթէնք, 14 Նոյեմբեր 2017