Հայաստանը 1920-ին կարող է՞ր լեզու գտնել քեմալականների հետ

1741

Նախաբան- Այս հոդվածը գրել է ՀՅԴ անդամներից Հ. Ամատունին Բոստոնի Հայրենիք ամսագրում, 1943-ին: Ընդարձակ հոդվածը կրում է “Անկարա, Մոսկուա, Երեւան” խորագիրը և հիմնականում վերաբերում է 1920 թվականի դեպքերին, երբ բոլշևիկյան և քեմալական հարվածների տակ ընկավ Հայաստանի Առաջին Հանրապետությունը: Հեղինակը, որը ՀՅԴ երևելի դեմքերից է, կարծիք ունի, որ հնարավոր էր ճիշտ ժամանակին՝ 1920-ի սկզբներին և կեսերին, քեմալականների հետ “հասկացողության գալ”: Հոդվածը ներկայացնում ենք կրճատումներով:

Իմ համոզումով՝ կարելի էր Թուրքիոյ հետ հասկացողութեան մը գալ ճիշդ ժամանակին բանակցութիւններ սկսելով,- բան մը որ տեղի չունեցաւ ոչ թէ անճարակութեան պատճառով, ինչպէս կը մտածեն ոմանք, այլ անոր համար, որ Փարիզի Խաղաղութեան Ժողովին կողմէ մեր հարցը տակաւին վճռուած չէր եւ ժողովուրդով ու կառաւարութիւնով մենք անխառն հաւատքն ունէինք անոր՝ մեզ հանդէպ ունեցած բարեացակամութեան եւ շատ ալ կարեւորութիւն չէինք տար թէ՝ ի՞նչ կը ծրագրեն Անկարայի ղեկավարները:

Մեզի կը թուէր թէ թուրքերը իրենց նեղ օրերուն պիտի համաձայնէին հողային փոքր զոհողութեամբ կարգադրութիւն մը ընելու՝ իրենց թիկունքը ապահովելու համար, քանի որ իրենց համար ալ տակաւին որոշ չէր թէ Փարիզի Խաղաղութեան Ժողովը ի՞նչ միջոցներու պիտի դիմէր՝ Հայաստանի նկատմամբ իր որոշումը իրականութեան վերածելու համար:

Այս էր պատճառը, որ անոնք կը փնտռէին Մոսկուայի բարեկամութիւնը:

Ի հարկէ, Մոսկուայի հետ գաղտնի զինակցութիւնը կնքելէ յետոյ, կացութիւնը կը փոխուէր, բայց այդ պարագային ալ թուրքերը տակաւին կը մտածէին, թէ կրնան իրենք նեղ կացութան մատնուիլ, ատոր համար ալ դարձեալ Հայաստանի հետ համաձայնութիւն մը հաւանական կը թուէր:

Մոսկուայի իշխանութեան Հայաստանի սահմանները հասնելէն յետոյ էր, որ հետզհետէ թուրքերը կը սրտապնդուէին: Մանաւանդ որ, հակառակ բոլշեւիկներու համբաւեալ խաբեբայութեան, անոնք ոչ միայն կը ստանային առատ զինամթերք, այլ եւ անսահման քանակութեամբ հնչուն ոսկի դրամ:

Թուրքերը սկսած էին հասկնալ, որ Դաշնակից պետութիւնները հաւաքաբար կամ անոնցմէ որեւէ մէկը առանձին, որեւէ տրամաբանութիւն պիտի չունենային օգնելու Հայաստանի պաշտպանութեան եւ անոր հողերու ամբողջացումին:

Մոսկուայի կողմէն թուրքերուն հաւաստիք տրուած էր, թէ Հայաստանը խորհրդայնացնել շատ դիւրին պիտի ըլլայ եւ անկէ յետոյ գալիք խամաճիկ կառավարութեան մը միջոցով կարելի պիտի ըլլայ լրացնել համաձայնութեան պայմանները:

Ասկէ էր, որև ծագում կ’առնէր Հայաստանի Մայիսեան (բոլշեւիկեան) ապստամբութիւնը: Բայց կատարուեցաւ անսպասելին: Վիժեցաւ այդ ապստամբութիւնը: Հայաստան աւելի ուժեղացաւ անկէ յետոյ եւ սկսաւ արագօրէն նուաճել մահմետականներով բնակուած ապստամբ շրջանները:

Համաշխարհային նախորդ մեծ պատերազմի զինադադարէն յետոյ, Կ. Պոլիսը, այն ատենուան պայմաններու տակ, լաւագոյն վայրն էր Մօտաւոր Արեւելքի մէջ՝ շատ աւելի արագ կերպով իմանալու համար թէ ի՞նչ կ’անցներ ու կը դառնար քաղաքական աշխարհին մէջ, քան Հայաստանը կամ անոր մայրաքաղաքը՝ Երեւանը:

Այս նկատառումով էր որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կ. Պոլսոյ պատասխանատու մարմիններն եւ անձերը կ’աշխատէին հնարաւոր չափով օգտակար դառնալ Հայաստանի կառավարութեան՝ քաղաքական հետախուզութեամբ եւ հնարաւոր չափով ստոյգ տեղեկատուութիւններով:

Զինադադարէն անմիջապէս յետոյ, երբ տակաւին սկսած չէր Քեմալական շարժումը եւ թուրք քաղաքական ղեկավարներէն շատեր անորոշութեան ու շփոթութեան մէջ էին, կը թուէր, թէ Հայաստանի դատը լաւ ճանապարհի վրայ էր, թէեւ կային պատճառներ եւ փաստական տուեալներ, որոնք սեպ մը ստեղծեր էին հայ քաղաքական մտքին վրայ ու թէև այս պատճառով ալ վախ մը կար թէ մեր մեծ Դաշնակիցները կրնային լքել Հայաստանի դատը եւ կամ սակարկել զայն աւելի բարձր սեփական շահերու համար:

Պէքիր Սամի պէյը, տակաւին Անկարա չգացած, յաճախ կը տեսնուէր մեզ հետ եւ միշտ այն միտքը կը յայտնէր թէ՝ քանի որ Կովկասը բոլշեւիկեան մնայուն սպառնալիքին տակ էր, անհրաժեշտ էր, կազմել Անդրկովկասեան չորս գլխաւոր ժողովուրդներու (Հայաստան, Վրաստան, Ատրպէյճան եւ Լեռնականներ) համադաշնութիւն մը, որ կարգադրէ Թուրքիոյ հետ իր բոլոր վէճերը եւ անոր օգնութեամբ կարողանայ դիմադրել բոլշեւիկեան վտանգին: Անոր համոզումով՝ պետք չէր սպասել Փարիզի խորհրդաժողովի կարգադրութեան, որ կրնար հետագային վէճերը աւելի սուրցնել քան թէ դարմանել:

Պէքիր Սամի պէյը, Անկարայի քեմալական կառավարութեան արտաքին գործավարութեան պաշտօնը ստանձնելէ վերջն ալ, այս անգամ պաշտօնապէս, կը հետապնդէր միեւնոյն քաղաքականութիւնը Անդրկովկասի նկատմամբ:
Պէքիր Սամիի արտաքին գործավար դառնալէն յետոյ էր, որ 1920-ի սկիզբները անուղղակի կերպով թելադրութիւններ եղան մեզի միջնորդելու, որպէսզի Հայաստանի կառաւարութիւնը բանակցի Անկարայի կառավարութեան հետ՝ կարգադրելու համար սահմանային վէճերը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ:

Այդ պահուն յունական բանակը Անատոլուի մէջ կը յառաջանար յաղթականօրէն: Իսկ Անկարայի եւ Մոսկուայի միջեւ տակաւին կապ ստեղծուած չէր, թէեւ թուրք փախստական ղեկավարներ Պերլինէն՝ Մոսկուայի հետ բանակցութիւններ սկսած էին արդէն:

Այդ առաջարկը, ի վերջոյ, դրուեցաւ կիսապաշտօնական ձեւով, Կ. Պոլսոյ թուրք կառավարութեան կողմէ, նախկին Միւթասարըֆ հայու մը՝ պրն. Մ. Պ.ի միջոցով: Այս վերջինիս տպաւորութիւնն այն էր, որ հոգեբանական լաւագոյն վայրկեանի մը մէջ ըլլալով, հայեւթրքական բանակցութիւնները կրնան վերջանալ ի նպաստ Հայաստանի: Պրն. Մ. Պ.ի համոզումը այն էր թէ Անկարայի կառավարութիւնը տրամադիր է հողային որոշ զիջումներ ընելու սահմանամերձ շրջաններէն:

Անկարայէն անուղղակի կերպով ցանկութիւն յայտնուած էր նաեւ, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը գլխաւորէ Ալ. Խատիսեանը: Պէքիր Սամիի կարծիքով՝ անոր ներկայութեամբ բանակցութիւնները մեծ չափով պիտի դիւրանային:
Պրն. Մ. Պ.ի բերած առաջարկէն յետոյ, Հ. Յ. Դ.եան Կ. Պոլսոյ Պատասխանատու Մարմինը սուրհանդակի միջոցով մասնաւոր նամակ մը ղրկեց Երեւան, Հ. Յ. Դ-եան Բիւրոյին՝ մանրամասնօրէն ծանօթացնալով անոր խնդրի էութիւնն ու կարեւորութիւնը:

Այսքանն ալ բաւական չհամարելով՝ ես անձնական նամակ մը ղրկեցի Ալ. Խատիսեանին եւ խնդրեցի, որ լուրջ կարեւորութիւն տրուի բերուած առաջարկին եւ ինք ստանձնէ պատուիրակութիւնը գլխաւորելու պաշտօնը:
Դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ պէտք եղած կարեւորութիւնը չտրուեցաւ այս խնդրոյն: Անցան ամիսներ, բայց պատասխան չեկաւ Երեւանէն:

Այդ միջոցին էր որ Անկարայի ղեկավարները, կապ հաստատելով Մոսկուայի հետ, ի հարկէ գաղտնի կերպով, հոն ուղարկեցին պատուիրակութիւն մը Պէքիր Սամիի գլխաւորութեամբ:

Այս բանակցութիւններու արդիւնքը եղաւ կնքումը գաղտնի զինակցութեան, Տրապիզոնի մէջ, 1920, ապրիլին,- դաշինք մը, որը յիշատակուած է The Modern Turkey գրքին մէջ հրատարակուած դաշինքներու կարգին:

Այս դաշինքի լուսանկարին մէկ օրինակը տրուեցաւ մեզի Բրիտանական Կ. Պոլսոյ Գրաւման Բանակի Հետախուզական Բաժնի կողմէն, պայմանով, որ այդ մասին հրապարակաւ չխօսուի:

Այդ մասին եւս անմիջապէս լուր տրուեցաւ Երեւան՝ Հ. Յ. Դ-եան Բիւրոյին:

Հայ ժողովուրդի ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Փարիզի Խաղաղութեան Խորհրդաժողովին վրայ, որ պէտք է ընէր կարգադրութիւն Հայաստանի ներկայացուցած պահանջներու մասին:

Իտալական Լոյտի մէկ շոգենաւով, որ երկրորդ կայմին վերեւ պարզած էր Հայկական Եռագոյն դրօշակը, Ալ. Խատիսեան մեկնեցաւ Կ. Պոլիս:

Յուլիսի կէսին վերադարձայ Կ. Պոլիս: Ալ. Խատիսեան մեկնած էր Փարիզ: Ինծի յայտեցին թէ ստիպողական գործով մը մեկնած էր հոն:

Հեռախօսով խնդրեցի Մ. Պ.ին, որ անմիջապէս գայ “Ճակատամարտ”ի գրասենեակը զիս տեսնելու: Անկէ իմացայ, որ Ալ. Խատիսեան տեսակցութիւն մը ունեցած է այն թուրք պաշտօնատարին հետ, որ միջնորդը պիտի ըլլար Անկարայի: Բայց ան ցոյց տուած էր Խատիսեանի ուրիշ ճանապարհ մը: Առաջարկած էր անմիջապէս մեկնել Փարիզ, քանի որ այդ պահուն հոն կը գտնուէր վարչապետ Տամատ Ֆէրիտ փաշան, իբրեւ պետը թուրք պատվիրակութեան, Խաղաղութեան Խորհրդաժողովին համար:

Խնդրոյ այս ելքը ինծի զարմանք պատճառեց: Տամատ Ֆէրիտ փաշա որեւէ գործ չէր կրնար ունենալ այս հարցին հետ, քանի որ Անկարայի Քէմալական կառավարութիւնը ոխերիմ թշնամին էր այդ մարդուն:

Ալ. Խատիսեան Փարիզէն վերադարձաւ, դէպի Եգիպտոս երթալու համար, ու եկաւ դարձեալ Կ. Պոլիս այն ատեն, երբ արդէն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջին պատերազմը պայթած էր ու Տամատ Ֆէրիտ փաշայի դահլիճն ալ ճամբու դրուած: Այլեւս որեւէ հնարաւորութիւն չկար բանակցութիւն սկսելու, տրուած ըլլալով վերջին խօսքը զէնքին, պատերազմի ճակատին վրայ:

Սակայն, ենթադրելով որ կրնան ներկայանալ պարագաներ, երբ դարձեալ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ խօսիլ թուրք ղեկավարներուն հետ, խորհրդակցութենէ մը յետոյ, Ալ. Խատիսեան յարմար դատեց այդ պաշտօնը տալ Հայաստանի Կ. Պոլսոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչ Ֆէրտինանտ Թահթաճեանի:

Պատերազմի եւ անոր հետեւող գահավէժ դէպքերու հատեւանքով, այլեւս Հայաստանի ճակատագիրը ինկած ըլլալով Մոսկուայի ճանկերուն մէջ, Անկարայի մարդիկը հայերու եւ մասնաւորապէս Հայաստանի պետութեան նախկինղեկավարներուն հետ խօսելու բան մը չունէին:

“Անկարա, Մոսկուա, Երեւան”, գրեց՝ Յ. Ամատունի, Հայրենիք ամսագիր, 1943, ԻԱ. Տարի, թիւ 1 (234), յունուար-փետրուար, էջ 88-99:

Լուսանկարում՝ ձախից աջ՝ Մուզաֆֆեր Քըլըչ/Muzaffer Kılıç, Ռաուֆ Օրբեյ/Rauf Orbay, Բեքիր Սամի Կունդուհ/Bekir Sami Kunduh, Մուստաֆա Քեմալ Աթաթուրք/Mustafa Kemal Atatürk, Ռուշեն Էշրեֆ Ունայդըն/Ruşen Eşref Ünaydın, Ջեմիլ Ջահիթ ԹոյդեմիրCemil Cahit Toydemir, Ջևաթ Աբբաս Գյուրեր/Cevat Abbas Gürer