Ռուբէն Դարբինեան. «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի»

1086

Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը մաս-մաս ներկայացնում է ՀՅԴ երևելի դեմքերից մեկի՝ Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի» գիրքը, որը պատասխան է Հայաստանի Առաջին Հանրապետության առաջին վարչապետ Հովհաննես Քաջազնունու «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն Անելիք Չունի Այլեւս» զեկուցագիր-գրքի: 

I

Մեր հակառակորդ մամուլը արտակարգ եռուզեռի մէջ է: Հայաստանէն սկսած մինչև արտասահման եւ Եգիպտոսէն սկսած մինչեւ Ամերիկա հակադաշնակցական թերթերը իրարու հետ կը մրցին ըստ կարելւոյն մեծ աղմուկ բարձրացնելու Յովհաննէս Քաջազնունիին շուրջը, որ հեռացեր է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերէն եւ գրքոյկ մըն է հրապարակ հաներ իր հեռացումը արդարացնելու նպատակով:

Եթէ մասամբ դեռ կարելի է ըմբռնել պոլշեւիկներու տարապայման ուրախութիւնը, նկատի ունենալով, որ Քաջազնունի անոնց հացին է, որ կ’ուզէ իւղ քսել իր նոր տեսակէտներով, մենք պարզապէս կը զարմանանք սակայն այն անխորհուրդ եւ կարճամիտ չարախնդութեան վրայ, զոր կ’արտայայտեն Ռամկավար շրջանակները. որովհետև այն պատճառաբանութիւնները, որոնցմով Քաջազնունի կ’ուզէ ապացուցել Հ. Յ. Դաշնակցութեան, իբր թէ, այլեւս ընելիք չունենալը, աւելի եւս բացարձակ եղանակով մը կը ժխտեն նաեւ Ռամկավար կուսակցութեան գոյութեան հիմերը: Ու եթէ մեր Ռամկավար իմաստունները իրենց ա՜յնքան ծանօթ անբուժելի տկարութիւնը չունենային թեթեւամտօրէն եւ կուրօրէն ծափահարելու անխտիր ամէն մէկ երեւոյթ, քայլ կամ մարդ, որ կրնայ ոեւէ ձեւով վնասել Հ. Յ. Դաշնակցութեան, կամ եթէ նուազագոյն չափով մը ընդունակ մը ըլլային տեսնելու եւ չափելու հայ իրականութիւնը մեր ազգային վեհագոյն շահերու անկիւնէն, այն ատեն մենք վստահ ենք, որ Քաջազնունիի ըսածն ու ըրածը հազիւ թէ ոեւէ հաճոյք պատճառէին անոնց:

Եւ իրաւ. Քաջազնունի «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը անելիք չունի այլեւս» վերնագիրը կրող իր գրքույկով հրապարակ կուգայ ըսելու հայ հասարակութեան, որ պոլշեւիկներէն բացի, հայ քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները պարտաւոր են ինքնասպանութիւն գործել: Ճիշդ է, հեղինակը կը զբաղուի միմիայն Դաշնակցութեամբ, բայց այդ կ’ընէ պարզապէս այն պատճառով, որ ոչ մէկ լուրջ արժէք եւ կարեւորութիւն կ’ընծայէ գաղութներու մէջ գործող հայ քաղաքական միւս կուսակցութիւններուն, որոնց այժմ ըրածը քաղաքական գործի իսկ չի համարեր:

Շատ կը կասկածինք, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւններէն ոեւէ մէկը, թէկուզ ամենէն խղճուկը, հետեւի Քաջազնունիի ա՜յնքան արտառոց խորհուրդին, որովհետեւ պատմական անցեալ ունեցող կուսակցութեանց գոյութիւնը կախուած չէ այս կամ այն անհատին քմհաճոյքէն: Սակայն ակներեւ ու անվիճելի է ամէն պարագայի տակ, որ Քաջազնունին ինքը իր անձին վրայ է որ քաղաքական ինքնասպանութիւն կը գործէ իր ներկայ ընթացքով:

Հայութեան համար այս դժնդակ օրերուն քիչ չեն հարկաւ մարդիկ, որոնք՝ վերջին տարիներու մեր ազգային անյաջողութիւններէն յուսահատ՝ փոքրոգիօրէն կը լքեն մեր ազատագրական պայքարի դիրքերը եւ աննկատելիօրէն քաշուելով անկիւն մը, անձնատուր կ’ըլլան իրենց անհատական կեանքի եսական պահանջներուն: Քաջազնունի սակայն իր դասալքութեանը կ’ուզէ գաղափարական բնոյթ տալ եւ, մինակ չմնալու համար, ուրիշներն ալ դասալքութեան մղել:

Քանի մը անգամ իր գրքոյկին մէջ Քաջազնունի ցասումով ետ կը մղէ ամէն կասկած, իր ըրած ծանրակշիռ քայլի հոգեբանական շարժառիթներու մասին, պահանջելով մտիկ ընել միմիայն իր տրամաբանութեան թելադրութիւններուն, որոնք իբր թէ կը յենուին բացառապէս առարկայական տուեալներու վրայ: Սակայն Քաջազնունի կը մոռնայ, որ հասարակական, քաղաքական կեանքի երեւոյթներու գնահատութիւնը երբեք չի կարող ազատ ըլլալ անհատի ենթակայական (սուբիեկտիվ) տրամադրութիւններէն, որոնք յաճախ անգիտակցօրէն այս կամ այն ուղղութիւնը կուտան անոր մտքերուն եւ գաղափարներուն: Տրամաբանութիւնը տրամադրութեան գերին է մեծ մասամբ, մանաւանդ այն պահերուն, երբ անհատը զգայացունց ապրումի մը տիրական ազդեցութեան տակ է:

Մենք բնաւ նպատակ չունինք թափանցելու Քաջազնունիի հոգիին խորքերը՝ լիովին ըմբռնելու համար իր ըրած քայլի գլխաւոր շարժառիթները, բայց չենք կարող չնկատել, թէ իր տրամաբանութեան ըրած պատճառաբանութիւններն ու եզրակացութիւնները կը բղխին ամբոխային այն վհատութենէն, որ համակեր է մեր հասարակութեան որոշ մասը, հայ քաղաքական դատի կրած վերջին անյաջողութեանց շշմեցնող հարուածներուն տակ:

Ամբոխը միշտ կ’ապրի ներկայով, որու լեզուն իրեն համար աւելի պերճախօս է, քան ոեւէ այլ բան: Ներկան իր ծանրութեամբ կը ճզմէ ամբոխի միտքը, կը կաշկանդէ անոր թռիչքը եւ տիրաբար կը ներշնչէ այն կոյր հաւատը, թէ այն, ինչ որ այժմ կայ, պէտք է լինի միշտ, եւ այն, ինչ որ այժմ չկայ, չպիտի լինի երբեք: Այսինքն՝ ամբոխը ներկայի ստրուկն է եւ զուրկ է մտքի ստեղծագործ երեւակայութենէն, որուն օգնութեամբ միայն կարելի է իրականութեան մշուշի մէջէն ընդնշմարել ապագայի հեռանկարները:

Ինչպէս պիտի տեսնենք, Քաջազնունի դատողութիւնները եւ եզրակացութիւնները կը մատնեն իր մէջ ամբոխի թիփիկ մարդը, որ չի կրնար ազատուիլ մեր տխուր ներկայի կաշկանդող կապանքներէն եւ պատրաստ է իր զէնքերը անմիջապէս վար դնել անցողական իրերու ճնշման տակ ու իսկոյն անձնատուր լինել ժամանակաւորապէս տիրող ոյժին:

Ամբոխը խոհեմ է, չափէն աւելի խոհեմ եւ գրեթէ միշտ տրամադիր՝ համակերպութեան: Եւ Քաջազնունի, իբրեւ ամբոխի մոլեռանդ պատգամախօս, կը քարոզէ ոչ միայն համակերպութիւն, այլ եւ կատարեալ անձնատուութիւն, նոյնիսկ ինքնասպանութիւն:

Որո՞նք են ինքնասպանները կեանքի մէջ: Անոնք, որ կը վախնան արդէն կեանքէն, կեանքի պայքարէն: Անոնք, որ յոգնած են ու անսահման հանգստի պէտք կը զգան:

Քաջազնունի սակայն այն ինքնասպաններէն է, որ կ’ուզեն նաեւ ինքնասպանութիւնը ընդհանուր պաշտամունքի առարկայ դարձնել եւ ուրիշներն ալ իրենց ետեւէն քարշ տալ այն միամիտ համոզումով, թէ գտած են «փրկութեան» միակ ճամբան բոլորի համար ալ:

Քաջազնունի, որ երկար տարիներ կրցեր է դաշնակցական մնալ եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շնորհիւ դարձեր է Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ վարչապետ, այսօր յանկարծ պէտք է զգացեր ուշագրաւ յայտնութիւն մը ընելու հայ հասարակութեան, հաղորդելով իր գրքոյկին միջոցով, թէ ինքը «իր աշխարհահայեցողութիւնով շատոնցուայ ու անուղղելի կոմունիստ մըն է եղեր»: Իսկ ուրիշ էջի մը մէջ իր մասին կ’արտայայտուի այսպէս. «Չէ՞ որ ես էլ հաւատացեալ կոմունիստ եմ, դաւանում եմ Կրապոտկինի աւետարանը»:

Այսինքն՝ Քաջազնունի կը խոստովանի, թէ ինքը ոչ միայն կոմունիստ մը, այլ անիշխանական մըն է եղեր տարիներէ ի վեր, որ սակայն բնաւ չէ խանգարէր իրեն ստանձնելու պետական իշխանութեան ամենաբարձր պաշտօնը: Նոյն անմեղ տեսակի եղած է, ըստ երեւոյթին, նաեւ Քաջազնունիի կոմունիզմը, որ տարիներ շարունակ հաշտուեր է Յ. Յ. Դաշնակցութեան հակակոմունիստական մտայնութեան եւ ընթացքին հետ:

Պէտք է ուրեմն ենթադրել, որ Քաջազնունիի կոմունիստական եւ անիշխանական (Կրապոտկին) գաղափարները ա՜յնքան խորն են եղեր թաքնուած անոր հոգիին մէջ, որ բնաւ չեն կրցեր ազդել անոր գործունէութեան եւ կեանքին վրայ: Եւ այսօր է միայն, որ հանրութիւնը առիթ կ’ունենայ վերջապէս իմանալու այդ գաղափարներու գոյութեան մասին Քաջազնունիի հոգին մէջ: Եւ զարմանալի զուգադիպութեամբ այս յայտնութիւնը կը կատարուի կոմունիստներու «վերջնական» յաղթանակի ատեն Հայաստանի մէջ: Ու, եթէ տեղի չունենար այդ յաղթանակը, մենք երեւի երբեք ալ չպիտի իմանայինք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ վարչապետը ոչ միայն կոմունիստ, այլ եւ համոզուած անիշխանական է եղած:

Չէ՞ք տեսներ այդեօք ամբոխի ա՜յնքան դիւրաբեկ եւ յարմարուող մարդը այս անակնկալ յայտնութեան մէջ…

Սակայն լսենք Քաջազնունիի փաստարկութիւնները եւ փորձենք քայլ առ քայլ հետեւիլ անոնց ընթացքին ու եզրակացութեանց:

Շարունակելի