Բանակցութիւններ Հռոմի մէջ

1374

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քսաներորդ գլուխ

Թեհրանի միջնորդութեան ձախողումէն յետոյ քանի մը երկիրներ եւ կազմակերպութիւններ կրակը ժամանակաւորապէս դադրեցնելու փորձ ըրին: Յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Դաւիթ Շահնազարեանը նկատել կու տայ, որ գործընթացը կ’աշխուժանար քանի մը միջնորդութեանց պայմաններու պարագային, յատկապէս երբ անոնց միջեւ մրցակցութիւն կ’ըլլար:

ՙԵ. Ա. Հ. Խ.էն զատ բազմաթիւ միջնորդութիւններ կային, եւ բանակցային գործընթացներ կ’ընթանային քանի մը ուղղութիւններով: Ռուսիան միաժամանակ երկու միջնորդութիւն կ’իրականացնէր` արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցով, որոնք, մեղմօրէն արտայայտած, նոյնը չէին: Ղազախիստանի միջնորդութիւնը կար: Բացի այդ, կային երկկողմ շփումներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՚:

1-5 Յունիս 1992ին Հռոմի մէջ տեղի կ’ունենայ Մինսքի Խումբի անդամ 11 պետութեանց ներկայացուցիչներու նիստ մը, որ դէպի Մինսքի Խորհրդաժողով ճամբայ հարթելու նպատակ ունէր: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւնները (Ա. Գ. Ն.ի Եւրոպայի Բաժնի պատասխանատու Քրիսթիան Տէր Ստեփանեան, Հայաստանի նախագահի խորհրդական Ժիրայր Լիպարիտեան, Գերագոյն Խորհուրդի` Արցախի Հարցերով Յատուկ Յանձնաժողովի քարտուղար Սուրէն Զոլեան) Հռոմ կ’երթան, մինչդեռ ղարաբաղեան կողմը նիստին մասնակցելէ կը հրաժարի:

Յունիսի կէսերուն, Մինսքի Խորհրդաժողովի նախագահ Մարիօ Ռաֆայելլին Մոսկուայի մէջ Իտալիոյ դեսպանատան մէջ կ’ընդունի Լ. Ղ. Հ.ի Գերագոյն Խորհուրդի պատուիրակութիւնը` նախագահի պաշտօնակատար Կէորկի Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ: Նպատակը մէկն էր. համոզել ղարաբաղեան պատուիրակութիւնը` մասնակցելու Հռոմի յաջորդ նիստին (նիստերուն): Գերագոյն Խորհուրդի Լրատուական Ծառայութեան ղեկավար Գեղամ Պաղտասարեանը մասնակցած է այդ հանդիպման եւ գրառած է խօսակցութիւնը:

ՙԿէորկի Պետրոսեան – Տարակուսանքի տեղիք տուող առաջին բանը հրաւէրի ոճն է: Մեզ քանի մը շարադրանք ղրկած են, որոնց մէջ մեզ իբրեւ դիտորդ, համայնքի ներկայացուցիչ կամ ալ` ընտրուած ներկայացուցիչ կը դիտարկեն: Ահա’ հոսկէ ալ կը սկսի զիրար չհասկնալը, թիւրըմբռնումը: Ա. Մ. Ն.ի եւ Ֆրանսայի դեսպանատուներէն ստացած հեռագիրները իրարմէ քիչ մը կը տարբերին: Մենք պետութիւն կը կառուցենք, խորհրդարան ստեղծած ենք, մենք այսօր պատերազմի մէջ ենք Ատրպէյճանի հետ, որ նախայարձակ է: Մենք չենք կրնար իբրեւ համայնք ներկայանալ: Ատրպէյճանական փոքրամասնութեան համար տեղ յատկացուցած ենք մեր խորհրդարանին մէջ: Ատրպէյճանցիք ընտրութեանց չմասնակցեցան, իրենց բնակավայրերը ռազմական յենակէտերու վերածեցին, եւ մենք ստիպուած էինք զէնքի դիմել` մեր հողն ու պատիւը պաշտպանելու համար:

Մարիօ Ռաֆայելլի – Ղարաբաղի հարցով խորհրդաժողովը կազմուած է 11 երկիրներու ներկայացուցիչներէ, որոնց հետ պայմանաւորուածութեամբ որոշուած է հրաւիրել Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչները: Մենք չենք կրնար ձեզ հրաւիրել ուրիշ պետութեանց նման: Այն փաստը, որ ես հիմա կը հանդիպիմ ընտրուած ներկայացուցիչներու հետ, արդէն իսկ կը նշանակէ, որ ես զանոնք կը ճանչնամ, բայց ասիկա ինքնաբերաբար չի նշանակեր, թէ ես ձեզի միջազգային կարգավիճակ կու տամ: Դուք իբրեւ շահագրգռուած կողմ կը հրաւիրուիք: Լիագումար նիստ կ’ըլլայ խորհրդաժողովի բացման եւ փակման ժամանակ: Ձեր ներկայութիւնը կ’ազդէ աշխատանքներու ընթացքին վրայ, առաջարկութիւններ կ’ընէք նախագահողին միջոցով: Դուք կրնաք իմ կողքին նստիլ:

Կէորկի Պետրոսեան – Մենք հակամարտութիւնն իբրեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ բախում չենք ընկալեր: Անիկա հակամարտութիւն է ազատութեան ձգտող Լ. Ղ.ի եւ նախայարձակ Ատրպէյճանի միջեւ: Դեռ չեմ խօսիր շրջափակման մասին, զոր նոյնպէս պատերազմական միջոց է, չեմ խօսիր մեր աւերուած գիւղերուն, մեր զոհերուն մասին: Մեր հանրաքուէէն յետոյ մենք չենք կրնար իբրեւ դիտորդ կամ համայնքի ներկայացուցիչ ներկայանալ խորհրդաժողովին:

Մարիօ Ռաֆայելլի – Եթէ բացակայիք` ձեզ կը մեղադրեն, որ դուք կ’ուզէք բանակցային գործընթացին խոչընդոտել: Հետեւանքները գէշ կ’ըլլան: Ինծի կը թուի, որ ապագայ հանդիպումը կարելի է օգտագործել նաեւ խորհրդաժողովը հնարաւոր դարձնելու եւ ձեր խնդիրները ներկայացնելու համար: Լաչինի եւ Շուշիի գրաւումն ու միջանցքի բացումը պայթիւնավտանգ վիճակ ստեղծած են: Ատրպէյճանական եւ թրքական կողմերը ատիկա կ’օգտագործեն ըսելու, որ խորհրդաժողով պէտք չէ եւ որ պէտք է նախկին վիճակին վերադառնալ: Երբ միջանցք չկար` մենք Աղտամի մէջ էինք` ռումբերու տակ: Կ’ուզէի յստակօրէն իմանալ` դուք կը մանակցիք, եթէ անկախ պետութեան ձեր կարգավիճա՞կն ընդունին:

Կէորկի Պետրոսեան – Մենք մեր ժողովուրդի ճակատագիրի որոշման հարցին մէջ վճռորոշ դեր խաղալու իրաւունք ունինք: Այս պահուն` ես պետականութեան ճանաչման մասին չեմ խօսիր:

Մարիօ Ռաֆայելլի – Ուրեմն` երբ շահագրգռուած կողմ կ’ըսէք…

Կէորկի Պետրոսեան – Մենք պատերազմո’ղ կողմ ենք: Հայաստա’նն է շահագրգռուած կողմը:

Մարիօ Ռաֆայելլի – Ձեր եւ Լ. Ղ.ի ատրպէյճանցիներուն հրաւէրները կը համապատասխանեն ընդունուած այն փաստաթուղթին, որով ես լիազօրութիւններս ստացած եմ: Ատիկա 24 Մարտին էր: Ե. Ա. Հ. Խ.ի Նախարարներու Խորհուրդը, բոլոր նախարարները համաձայն են, որ խորհրդաժողովը 11 անդամ երկիր ունենայ, եւ որ Լ. Ղ.ի ընտրուած եւ այլ ներկայացուցիչները նախագահողին կողմէ հրաւիրուին իբրեւ շահագրգռուած կողմեր: Այս մօտեցումը ձեզ կը տարբերէ Լ. Ղ.ի ատրպէյճանցիներէն, որովհետեւ ընտրուած ներկայացուցիչները միայն դուք էք: Նոյնինքն այս տարբերակումը կ’ընդգծէ, որ դուք յստակ կարգավիճակ ունիք: Ընտրուած ներկայացուցիչներ ըսել կը նշանակէ ընդունիլ, որ ընտրութիւններ եղած են: Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ատիկա ինքնաբերաբար կ’ենթադրէ, որ ընտրութիւնները նոր պետութեան ստեղծման հետեւանք են: Մեր առաջարկները ձեր դիրքորոշման համահունչ են: Միակ բանը, զոր չենք կրնար ընել, ձեզ իբրեւ անկախ պետութեան ներկայացուցիչներ հրաւիրելն է: Ձեր երկիրը միջազգային ճանաչում չէ ստացած: Եթէ չմասնակցիք` ձեր ձայնը չի լսուիր եւ զայն Հայաստանը կը ներկայացնէ, ինչը ճիշդ չէ: Ձեր հակառակորդներն անյաջողութեան մեղքը ձեր վրայ կը բարդեն:

Կէորկի Պետրոսեան – Մենք վեթոյի իրաւունք ունի՞նք:

Մարիօ Ռաֆայելլի – Այո’, բայց կարելի չէ այդ մասին ՙաղաղակել՚ ՚:

Կէորկի Պետրոսեանին Յունիսի վերջերուն Երեւանի մէջ կ’ընդունի նաեւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Սթուփիշինը, որ նոյնպէս կը կարեւորէ ՙռազմական ջանքերը դիւանագիտութեան հետ զուգորդելու՚ անհրաժեշտութիւնը:

ՙԵս ղարաբաղցիներուն խորհուրդ տուի աշխուժօրէն մասնակցիլ բոլոր հասանելի, այդ թուին` Մինսքի Խումբի շրջանակներու բանակցութիւններուն, եւ դուռը չշրխկացնել, եթէ բան մը չհաւնին, այլ` վարժուիլ քրտնաջան, երկարատեւ, մինչեւ իսկ տաղտկալի աշխատանքին, բանավէճերուն, եւ պաշտօնատարներու ու հակառակորդի ներկայացուցիչներու դիւանագիտական կեղծաւորութեան, սադրանքներուն մէջ չիյնալ՚,- կը գրէ Սթուփիշինը:

Դաւիթ Շահնազարեանը կը պատմէ. ՙԱյո’, ղարաբաղցիք Հռոմի բանակցութեանց բաւական մեծ դժկամութեամբ կ’երթային: Հիմնական պատճառն այն էր, որ Ե. Ա. Հ. Խ.ի Նախարարներու Խորհուրդի 24 Մարտ 1992ին կայացուած լիազօրութեան մէջ նշուած էր ՙընտրուած եւ այլ ներկայացուցիչներ՚ ձեւակերպումը: Բայց մենք ապացուցեցինք, որ ատիկա լուրջ չէ, որովհետեւ (Շուշիի քաղաքապետ) Նիզամի Պահմանովն ընտրուած չէր, ի տարբերութիւն Ղարաբաղի իշխանութեանց: Երկրորդ` քանի որ հիմնական հարցը զինադադարի հաստատումն էր, ակներեւ էր, որ Պահմանովը չէր կրնար կողմ ըլլալ: Հակամարտութեան իրական տեսքն էր` երկու ռազմական եւ երեք քաղաքական կողմեր: Ղարաբաղցիք այդ փաստարկները լսեցին եւ գացին Հռոմ՚:

Հռոմ պատուիրակութիւն ուղարկելու իրաւասութիւնը Գերագոյն Խորհուրդին կը պատկանէր: Ղարաբաղեան կողմը, ի դէմս Գերագոյն Խորհուրդի, սկիզբը կը հրաժարէր բանակցութեանց մասնակցելէն եւ Հռոմ պատուիրակութիւն ղրկելէն: Գերագոյն Խորհուրդին Նախագահութիւնը 5 ՙդէմ՚ եւ 4 ՙկողմ՚ ձայներով մերժած էր պատուիրակութիւն ղրկելու առաջարկը: Վարչապետ Օլէկ Եսայեանը կը յիշէ. ՙԿառավարութիւնը դիմեց Գերագոյն Խորհուրդին` գիտակցելով, որ բանակցութիւնները դժուար թէ արդիւնքներ տան, բայց հաշուի առնելով, որ պատերազմական գործողութեանց ծաւալումը կրնայ վերագրուիլ ղարաբաղեան կողմի` բանակցութիւններէն խուսափելու հանգամանքին, կառավարութիւնն առաջարկեց մէկ անգամ ալ քննարկել: Գերագոյն Խորհուրդը 5 ՙկողմ՚ եւ 4 ՙդէմ՚ ձայներով որոշեց Հռոմ պատուիրակութիւն ուղարկել՚:

15-20 Յունիսին տեղի կ’ունենայ Հռոմի երկրորդ, իսկ 29 Յունիսէն 6 Յուլիսը` երրորդ հանդիպումը: Ղարաբաղեան պատուիրակութեան ղեկավար Պորիս Առուշանեանը նկատել կու տայ, որ Ստեփանակերտի մասնակցութիւնն անհրաժեշտ էր շարք մը նկատառումներով. ՙՕրինակ, Լաչինով միջանցք բանալէն եւ չորս տարուան շրջափակումը ճեղքելէն ետք Հայաստանն ու Ղարաբաղը կը մեղադրէին նախայարձակ ըլլալու համար: Հայաստանը հարկադրուած էր մինակը պաշտպանելու մեր դատը: Հռոմ երթալէն հրաժարելով` մեր ընդդիմախօսներուն մեղադրանքները մենք կարծես թէ կողմնակիօրէն կը հաստատէինք: Մեր ներկայութիւնը Հայաստանը շատ հոգերէ կ’ազատէր, այսինքն` հարուածներուն մէկ մասը մենք մեր վրայ կը վերցնենք` ցոյց տալով, որ պատերազմ մղողը, կռուող-պայքարողը մե’նք ենք եւ ո’չ թէ Հայաստանը՚:

Հռոմի մէջ ղարաբաղեան պատուիրակութիւնը յայտարարութիւն կը տարածէ` նշելով, որ Ատրպէյճանի ազգային բանակի յարձակման հետեւանքով Ղարաբաղի մէջ օրհասական վիճակ ստեղծուած է, աւելի քան 20 բնակավայրեր հուրի մատնուած են, հարիւրաւոր սպանեալներ եւ վիրաւորներ կան խաղաղ բնակչութեան մէջ, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ անօթեւան մնացած են:

ՙԱտրպէյճանի այս նախայարձակումը Լ. Ղ. Հ.ի պատուիրակութեան Հռոմ ժամանման օրը կատարուած է: Նախորդ խոշորածաւալ նախայարձակումը, երբ բռնագրաւուեցաւ Շահումեանի շրջանը եւ տեղահանուեցաւ անոր բնակչութիւնը, Ատրպէյճանը ձեռնարկած էր 12 Յունիսին, այն օրը, երբ Մոսկուայի մէջ Ե. Ա. Հ. Խ.ի եւ Լ. Ղ. Հ.ի ղեկավարները բանակցութիւններ կը վարէին (գործընթացին) Լ. Ղ. Հ.ի մասնակցութեան շուրջ: Պատուիրակութիւնն անհնար կը նկատէ իր յետագայ մնալը Հռոմի մէջ, երբ Ատրպէյճանի ազգային բանակի նախայարձակումն ու բարբարոսական գործողութիւնները Մինսքի Խումբը չէ դատապարտած՚:

Հռոմի բանակցութեանց հինգ փուլերուն ընթացքին զուգահեռ ռազմական արիւնալի գործողութիւններ կ’ընթանային: Մայիսեան պարտութիւններէն ետք ուշքի գալով` ատրպէյճանական բանակը յաջողեցաւ գրաւել Շահումեանի ու Մարտակերտի շրջանները եւ Հ. Հ.ի տարածքին մէջ` Արծուաշէնը: Յունիսի կէսերէն յետոյ, երբ տեղի կ’ունենար Հռոմի երկրորդ հանդիպումը, կը գրաւուին Շահումեանի շրջանն ու Մարտակերտի հիւսիսային գիւղերը:

ՙԵթէ Հռոմի առաջին հանդիպման ժամանակ ատրպէյճանական պատուիրակութեան պահանջով Շուշիին եւ Լաչինին վերաբերող կէտեր մտցուած էին օրակարգ` յաջորդ հանդիպումներու օրակարգի կէտեր դարձան Շահումեանը եւ Մարտակերտը: Կուտակուած խնդիրներու լուծման եւ հակամարտութեան ծաւալման կանխարգիլման փոխարէն Ե. Ա. Հ. Խ.ն սկսաւ միայն արձագանգել ռազմաճակատի գիծին վրայ կատարուող փոփոխութիւններուն՚,- կ’ըսէ Զոլեանը:

31 Յուլիսէն 5 Օգոստոս Հռոմի մէջ տեղի կ’ունենայ չորրորդ հանդիպումը: Ղարաբաղի ներկայացուցիչի առաջին իսկ ելոյթէն յետոյ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը կը լքէ նիստը, անոր կը միանան Թուրքիոյ ներկայացուցիչները: 3 Օգոստոսին բանակցութիւնները կը լքեն Ղարաբաղի ներկայացուցիչները` ի բողոք զիրենք ընդամէնն իբրեւ շահագրգռուած կողմ ներկայացուցած Ռաֆայելլիի վարմունքին: Հռոմի հինգերորդ հանդիպումը 7-10 Սեպտեմբերին, ոչ-պաշտօնական բնոյթ կը կրէր: Այսպիսով, բանակցութիւններն ապարդիւն աւարտեցան եւ Մինսքի Խորհրդաժողով հրաւիրելու փորձերը ձախողեցան:

Իտալիան այդ հանդիպումներուն վրայ մօտ 2 միլիոն տոլար ծախսեց, ինչն այդ ժամանակ շատ մեծ գումար էր, մանաւանդ որ այս երկիրը, ի տարբերութիւն Ա. Մ. Ն.ի, Ռուսիոյ կամ Թուրքիոյ, կենսական շահեր չէր հետապնդեր ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ: Մոզամպիքի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ նշանակալի յառաջընթացի հասած Մարիօ Ռաֆայելլին քննադատութեան թիրախ դարձաւ:

Հռոմի հինգ հանդիպումները, ինչպէս կը յիշեն մասնակիցները, լեցուն էին հետաքրքրաշարժ ու երբեմն` ծիծաղելի դէպքերով: Զոլեանն անոնցմէ մէկը կը պատմէ. ՙԵրբ Լեռնային Ղարաբաղի պատուիրակութիւնն առաջին անգամ Հռոմ ժամանեց, մենք դիմաւորեցինք եւ տեղաւորեցինք պանդոկին մէջ: Յաջորդ օրը` սուրճի ժամանակ, ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Նատիր Մեհթիեւին հարցուցի. ՙԱմենուր կ’ըսէք, որ ղարաբաղցիք ձեր քաղաքացիներն են, ինչո՞ւ գիշերը չգացիք օդանաւակայան` դիմաւորելու՚: Նիստէն առաջ ան բողոքեց, թէ ինչո՞ւ կազմակերպիչները չեն տեղեկացուցած զիրենք եւ իրենց քաղաքացիները չեն կրցած դիմաւորել: Աւելին` ինչո՞ւ զանոնք տեղաւորած են հայկական պատուիրակութեան պանդոկին եւ ոչ թէ ատրպէյճանցիներու մնացած պանդոկին մէջ՚:

1992ի ամառն ու աշունն ամենածանր ժամանակներն էին ղարաբաղեան կողմին համար ողջ պատերազմի ընթացքին: Միջնորդները կը փորձէին կանգնեցնել պատերազմը կամ ժամանակաւոր հրադադար հաստատել մէկ շաբաթով, մէկ ամիսով, ինչքան հնարաւոր ըլլար: Ռազմադաշտին մէջ առկայ վիճակն ուղղակիօրէն կ’ազդէր բանակցային գործընթացին վրայ:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց փոխնախարար Մասիս Մայիլեանը կը յիշէ. ՙ1992ին, երբ մենք պատերազմին մէջ կը պարտուէինք, տարածքներ կը կորսնցնէինք` մեզի հետ աւելի քիչ հաշուի կը նստէին: 1993ին, երբ ռազմադաշտին մէջ նախաձեռնութիւնը մեր կողմն էր ու անվտանգութեան գօտին կը ստեղծուէր, Ատրպէյճանը երկկողմ բանակցութեանց կ’երթար: Ռազմական եւ բանակցային գործընթացները զուգահեռ գործընթացներ էին, ամէն մէկն ունէր իր ազդեցութիւնը միւսին վրայ: Ուշագրաւ փաստ մը նշեմ. Ռաֆայելլին 1992ի Սեպտեմբերին, երբ Ղարաբաղի տարածքին կէսը մնացած էր փաստօրէն, Ե. Ա. Հ. Խ.ի գործող նախագահ Եոզէֆ Մորավչիքին նամակ կը գրէ` հարց տալով. ինչպէ՞ս կարելի է շարունակել բանակցութիւնները, երբ բանակցութեանց առարկան կ’անհետանայ՚:

Ռուսական եւ ղազախական միջնորդութիւնը

Ռուսիան Մինսքի Խորհրդաժողովի անդամ էր, յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Վլատիմիր Քազիմիրովը կը մասնակցէր Հռոմի հանդիպումներուն, սակայն կրակի դադրեցման հարցին մէջ Մոսկուան նաեւ առանձին միջնորդութիւն մը կ’իրականացնէր, ընդ որուն` երկու ուղղութիւններով` արտաքին գործոց նախարարութիւն (Քազիմիրով) եւ պաշտպանութեան նախարարութիւն (գլխաւոր ՙխաղաղարարը՚ նախարար Փաւել Կրաչովն էր): Ամերիկացի Մարեսքան եւ ռուս Քազիմիրովը տարբեր ժամանակներ զիրար քննադատած են բանակցութիւններուն մէջ ՙվերմակն իրենց կողմը քաշելու՚ համար:

Մարեսքան ըսած է. ՙԻնծի կը թուի, որ Քազիմիրովի հետ մեր յարաբերութիւնները բարեկամական էին, թէեւ երկուստէք նաեւ կասկածներ կային: Խ. Ս. Հ. Մ.ի փլուզումէն ետք Ռուսիոյ հետ գործ ունենալը դիւրին չէր շարք մը պատճառներով: Եղած են ժամանակներ, երբ ռուսական կառավարութեան տարբեր մասերուն գործունէութիւնը լիովին համակարգուած չէր: Ես ռուսաստանցի խաղաղապահներու օգտագործման գաղափարը երբեք չեմ պաշտպանած, քանի որ կը գտնէի, թէ Ռուսիան հակամարտութեան գօտիին մէջ իր նպատակներն ունի՚:

1992ի ամրանը Ռուսիան քանի մը անգամ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու առաջարկութիւն ըրաւ, սակայն երեք կողմերէն որեւէ մէկը կա’մ ժամանակին չէր պատասխաներ կա’մ նախապայմաններ յառաջ կը քաշէր: Արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու Քազիմիրովի փորձերը հիմնականին մէջ Պաքուն կը ձախողցնէր: 5 Օգոստոսին, Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, Մինսքի Խումբը կողմերուն կ’առաջարկէ ռազմական գործողութիւնները 60 օրով դադրեցնել: Երեւանն ու Ստեփանակերտը արագօրէն համաձայնութիւն կու տան: Ամիսներ կը պահանջուին, որպէսզի ստացուի Էլչիպէյի համաձայնութիւնը, թէեւ առաջին պարագային, երբ 30 օրով զինադադար առաջարկուած էր, ան դրական պատասխան տուած էր:

Ամռան վերջին օրերուն կրկին կ’աշխուժանայ Ղազախիստանը: 28 Օգոստոսին, Նուրսուլթան Նազարպաեւի միջնորդութեամբ եւ Ղազախիստանի արտաքին գործոց նախարարին մասնակցութեամբ Ալմաթիի մէջ հանդիպում մը տեղի կ’ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Յովհաննիսեանի եւ Ղասիմովի միջեւ: Կը ստորագրուի յուշագիր մը, որով կողմերը, մէկ անգամ եւս հաւաստելով ուժային միջոցներով խնդիրի լուծման անհեռանկարայնութիւնը, կը պայմանաւորուին, Մինսքի Խումբի կոչին համապատասխան` 1 Սեպտեմբերէն դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները 60 օրով:

ՙՅատուկ կէտով կը նշուէր, որ Ղազախիստանն իր միջնորդական առաքելութիւնը կ’իրականացնէ Ե. Ա. Հ. Խ.ի խաղաղարար գործունէութեան շրջանակներուն մէջ… Ինչպէս Ալմաթիի յուշագիրին, այնպէս ալ 3 Սեպտեմբերին երեք երկիրներու ներկայացուցիչներուն ստորագրած ՙԱլմաթիի յուշագիրի իրագործման ընթացքի մասին արձանագրութեան՚ մէջ ՙՂարաբաղ՚ բառն ընդհանրապէս չի հանդիպիր: Էլչիպէյի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին Նազարպաեւն ըսած էր, թէ Ղարաբաղն Ատրպէյճանի անբաժանելի մասն է, իսկ հարցին կարգաւորումը կը տեսնէ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքի հիման վրայ՚:

Շահնազարեանը կը կարծէ, որ Նազարպաեւի միջնորդութիւնը ծնաւ երկու պատճառով. առաջին` 1991ի Սեպտեմբերին Ժելեզնովոտսքի մէջ կար Ղազախիստանը, երկրորդ` Էլչիպէյը գաղտնօրէն դիմած էր Նազարպաեւին, որ ան աշխուժութիւն ցուցաբերէ, որովհետեւ ղազախական միջնորդութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ էր, ի տարբերութիւն Ե. Ա. Հ. Խ.ի Մինսքի Խումբի գործընթացի:

ՙ1992ի ամրանը Ռաֆայելլին Մինսքի Խումբին անունով նամակներ ղրկած էր կողմերուն` առանց նախապայմաններու զինադադար հաստատելու առաջարկով: Հայաստանը եւ Ղարաբաղն անմիջապէս պատասխանած էին, Ատրպէյճանը պատասխանեց միայն Դեկտեմբերին: Պաքուն բացառապէս ռազմական լուծում կը փնտռէր, եւ Էլչիպէյը նախաձեռնութիւն ցուցաբերեց, որ Նազարպաեւը միջնորդութեամբ հանդէս գայ: Ինչո՞ւ. Ռաֆայելլիի առաջարկն ստուերել փորձելով, որովհետեւ ինքը պատասխան չէր տար, երկրորդ` փորձել մէկ անգամ եւս առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան բան մը ընել: Մենք համաձայնեցանք ատոր` այն հաշուարկով, որ Նազարպաեւի միջնորդութիւնը չի կրնար երկար տեւել, երկրորդ` մենք զինադադար իսկապէս կ’ուզէինք, երրորդ` հարցը խաղաղ միջոցով լուծելու մեր քաղաքականութիւնը ցոյց տալ: Ղազախիստանի միջնորդութեամբ հաստատուած զինադադարը խախտեցին ատրպէյճանցիները, եւ անկէ յետոյ, երբ փաստօրէն ձախողեցաւ այդ միջնորդութիւնը, Էլչիպէյը, ճարահատեալ, իր համաձայնութիւնը տուաւ Ռաֆայելլիին՚,- կ’ըսէ Շահնազարեանը:

Լուսանկարում՝ Կէորկի Պետրոսեան

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):