Վերստին կարդալով «Պատասխանատուները». Եղիկ Ճէրէճեան

1810

 

Սա Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի «Պատասխանատուները» գիրքին չորրորդ հրատարակութիւնն է. հայաստանեան՝ առաջինը.ուշացած բայց ոչ ժամանցուած:

Երբ ստացայ յառաջաբան գրելու առաջարկը, առաջին հարցը որ ծագեցաւ մտքիս մէջ՝ աւելի ճիշդ միակ հարցը, այն էր որ,Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած բազմաբնոյթ եւ բազմաբովանդակ գիրքերու երկար շարքին մէջ ու՞ր է «Պատասխանատուներուն»տեղը,որ նաեւ կը նկատուիՍ. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան յայտնի ղեկավարներէն Սապահ-Գիւլեանի գլխաւոր երկը:

Միանշանակ եւ մէկ տողով կարելի է ըսել որ գիրքը ամբողջութեամբ ինքնաքննադատութիւն մըն է. ինչո՞ւ չկրցանք կանխատեսել մեզի այնքան մօտիկ դարբնուող եւ իր ահռելի չափերով դժուարաթաքոյց Ցեղասպանութիւնը. եթէ եղան կանխատեսողներ, ինչո՞ւ չկրցան կանխարգիլել այդ: Սապահ-Գիւլեան իր քննադատութիւնները կը կատարէ շատ սուր, առանց բառերը ծամծմելու, յականէ-անուանէ: Անոր քննադատութիւններուն զոհերը կ’ըլլան դրամատէրները, մտաւորականները, հոգեւորականները, խորհրդարանի անդամները, ազգային երեսփոխանները, կուսակցական գործիչները եւ բոլոր անոնք՝ որոնք իրենց ստանձնած հասարակական դերով պարտաւո՛ր էին իրենց անմիջական շահերէն քիչ մը անդին տեսնել եւ ըստայնմ գործել ու առաջնորդել ժողովուրդը:

Առաջին տողէն յստակօրէն կ’երեւի որ, Սապահ-Գիւլեանին բնորոշ հարցերու վերլուծական մօտեցումը, շատ մը տեղեր կը զիչի պոռթկումին եւ ցասումին: Կարծես  «Պատասխանատուները» լոյս աշխարհին յանձնելով ան կը փորձէ աճապարանքով մը ձերբազատուիլ տարիներով ներսդին կուտակուած, միտքն ու հոգին կրծող մորմոքէ մը:Ասոր վկայութիւնն է նաեւ այն, որաշխատութիւնը գրուած ու հրատարակուած է Ցեղասպանութեան տարիներուն, անոր բուռն ընթացքին(1916, Գահիրէ), երբ տակաւին վէրքը տաք էր եւ հասցուած վնասին տարողութիւնը ոչ ամբողջապէս գիտակցուած:

Յատկանշական երկրորդ պարագան այն է, որ Սապահ-Գիւլեան իր արծարծած նիւթերուն շուրջ եզրակացութիւններու կը յանգի ոչ միայն վերլուծումներու ճամբով, այլ անմիջականօրէն, իրադարձութիւններուն մասնակիցիմը անձնական դառն փորձով:

Ասոնց մէջ ալ կարելի է խտացնել «Պատասխանատուներուն»կարեւոր արժանիքները:Ուստի նպատակայարմար է որ, այս առիթով անոր նորօրեայ ընթերցողը, այս պարագային Հայաստանի ընթերցողը, որոշ ծանօթութիւն ունենայ այն նախադրիալներուն, այն պատճառներուն մասին որոնք ծնունդ տուին «Պատասխանատուներուն»:

19-րդ դարու վերջաւորութեան քաղաքական ասպարէզ իջած Երիտթրքական շարժումէն ծնունդ առած, ամենայն իրաւացիութեամբ Հայկական Ցեղասպանութեան յղացողն ու ծրագրողը նկատուող Իթթիհատ Վէ Թերաքքը կուսակցութիւնը, իր զարգացումը կ’ապրի Եւրոպայի՝ յատկապէս Փարիզի մէջ, ուր Սապահ-Գիւլեան իր ուսումնառութեան (քաղաքատնտեսութիւն) զուգահեռ կը գլխաւորէր Հայ Ուսանողական Միութիւնը, որ Հայկական Հարցի քարոզչութեան համարծաւալած էր աշխուժ գործունէութիւն:Սա կ’ըլլայ այն դաշտը ուր Սապահ-Գիւլեան առիթը կ’ունենայ հանդիպելու, մօտէն ծանօթանալու եւբանավէճի ու պայքարի մէջ մտնելու Իթթիհատի ապագայ ղեկավարներուն հետ:

Այս շրջանին Սապահ-Գիւլեան երիտթրքականգաղափարախօսութեան քննադատութիւնները կը կատարէ «Հնչակ»իեւ որոշ չափով «Նոր Դար»ի  մէջ: Ուշագրաւ է Հ. Խ. ծածկանունով անոր «Երիտասարդ Թուրքիա Եւ Երիտասարդ Հայաստան»[1]յօդուածը, գրուած Փետրուար 1902-ին Փարիզի մէջ կայացած օսմանեան ընդդիմադիր ուժերու Ա. Համաժողովին առիթով, ուր ան կ’եզրակացնէ թէ հայերուս համար  աւելոդ է երիտթուրքերու գաղափարական ըմբռնումներուն հետ ընդհանուր եզրեր փնտռելը. պէտք է լքելզանոնք, որ իրենց ճամբով երթան դէպի իրենց»Երիտասարդ Թուրքիա»ն. իսկ մենք մեր ճամբով՝ դէպի «Երիտասարդ Հայաստան»ը:

Ուսումէն ետք,ՍԴՀԿ-ի կողմէ որպէս գործիչ Ս. Սապահ-Գիւլեան կը ղրկուի ԱՄՆ:Հակադրուելով»Երիտասարդ Թուրքիա»լոզունգին, 1903-ին Պոսթոնի մէջ կը հիմնադրէ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթը, որուն էջերէն կը շարունակէ երիտթրքութեան դէմ գաղափարական պայքարը:

1905-ին Սապահ-Գիւլեան կը վերադառնայ Փարիզ եւ կ’ընտրուի ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ: Այդ հանգրուանին անոր յարաբերութիւնները, որպէս կուսակցութիւն իր կազմաւորումը ստացած Իթթիհատ Վէ Թերաքքը-ի (նաեւ երիտթրքական շարժման այլ հոսանքներու հետ), կը ստանան կուսակցութենէ-կուսակցութիւն պաշտօնական բնոյթ: Յաջորդ տարի տեղի կ’ունենան ՍԴՀԿ-Իթթիհատ բանակցութիւններ, ուր առաջադրուած հարցերէն որեւէ մէկուն շուրջ կարելի չ’ըլլար համախոհութիւն յառաջ բերել: Տարակարծութիւնները մասնաւորաբար խորը կ’ըլլան «Օսմանեան Ազգ» հասկացութեան շուրջ:Այս պատճառներով ՍԴՀԿ-ը կը մերժէ մասնակցիլ 1907 Դեկտեմբերին օսմ. ընդդիմադիր ուժերու Փարիզի Բ. խորհրդաժողովին, ուր մասնակիցները՝ Իթթիհատ, Անձնական Նախաձեռնութեան Եւ Կեդրոնացումի Կուսակցութիւն (Սապահէտտին) եւ ՀՅԴ կը համաձայնին համատեղ պայքար մղել համապետական բարեկարգութեան ծրագիրով:

Սապահ-Գիւլեան «Հնչակ»ի եւ «Երիտասարդ Հայաստան»ի մէջ ժողովի մասնակիցներն ու առնուած որոշումները քննադատելով չի բաւարարուիր: Ան կ’ըդարձակէ իր գրաւոր քարոզչութեան սահմանները: 1908 Փետրուարին Ներքին Մակեդոնական Յեղափոխական Կազմակերպութեան»Ilinden»եւ Անկախ Արաբիա կազմակերպութեան «L’independence Arabe» թերթերը (երկու կազմակերպութիւններն ալ մերժած էին մասնացիլ խորհրդաժողովին), կը տպագրեն Սապահ-Գիւլեանի «Թրքական Բռնատիրութիւնը Եւ Երիտթուրքերը» քննադատական ծաւալուն յօդուածը: Նոյն թուին ՍԴՀԿ Կեդր. Վարչութեան կողմէ կը հրատարակուի անոր «Երիտասարդ Թուրքիա» գրքոյկը, ուր Սապահ-Գիւլեան մեկնաբանելէ ետք երիտթրքական շարժման ծնունդին նախադրեալներն ու զարգացման հանգրուանները, կ’եզրակացնէ թէ Երիտասարդ Թուրքերուն հետ կարելի է գործակցիլ «միայն այն պարագային, երբ Թիւրքիայի բաղկացուցիչ բոլոր ժողովուրդների կատարեալ ԻՆՔՆԱՎԱՐԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ եւ ընդհանուր Թիւրքիայի Ռամկավարական (դեմոկրատական –Ե.Ճ.) Սահմանադրութիւնը կ’ընդունուի որպէս սկզբունք»[2]:

1908 Յուլիսին Օսմ. Կայսրութեան մէջ կը յայտարարուի Սահմանադրութիւն: Հայ ժողովուրդը ցնծութեամբ կ’ընդունի եղելութիւնը: Սուլթան Ապտուլ Համիտի իշխանութեան տապալումը Հնչակեան Կուսակցութիւնը եւս կ’ընդունի ուրախութեամբ. ինքն էր որ առաջինը զէնք բարձրացուցած էր անոր դէմ ու քսան տարիներու վրայ երկարող պայքարին մէջ տուած հարիւրաւոր թանկարժէք զոհեր. հարիւրաւոր յեղափոխականներ, որոնց մէջ մահուան դատապարտուածներ, տակաւինկը հեծէին բանտերուն մէջ: Հրճուանքի այդ ընդհանուր գինովութեան մէջ, միակը ըլլալով կը լսուիՍապահ-Գիւլեանի ձայնը, որ կը զգուշացնէթէ, նոր դրութեան մէջ Իթթիհատը կը դառնայ տիրող կուսակցութիւն եւ անոր միջոցով «քաղաքական գործօն ասպարէզի եւ ղեկավարի դերին մէջ է մտնում թուրք նացիոնալիզմը … որ զարգանալու համար քաղաքական աւելի ազատ պայմանների պէտք ունէր, քան ինչ որ տալիս էր համիտեան բռնապետութիւնը: …Թուրք նացիոնալիզմը տիրապետուող ժողովուրդներին ազատութեան այնքան պայմաններ կտայ, որքան որ իր ընդգրկած նացիոնալիստական սկզբունքների շրջանակը նը ներէ.- այսինքն բաղկացուցիչ ժողովրդների ազգային զարգացումը պիտի մտնի այն շրջանակի մէջ, ինչ որ թուրք նացիոնալիզմը կը գծի»[3]:

Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք Կ.Պոլիս եւ գաւառներ կը վերադառնան վտարանդիութեան մէջ գտնուող հայ քաղաքական գործիչներն ու յեղափոխականները: Շոգեկառքով դէպի Կ.Պոլիս ճամբուն վրայ Սապահ-Գիւլեան, որուն կ’ընկերանար Մեծն Մուրատ (Համբարձում Պոյաճեան), մէկ օրով կանգ կ’առնէ Սոֆիայի մէջ, ուր գերմանական «Vossische Zeitung»թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ան կ’ըսէ թէ հնչակեանները գոհ են եղած յեղաշրջումէն, սակայն անընդհատ պիտի պայքարին ինքնավարութեան եւ դեմոկրատական կարգեր հաստատելու համար, «ըստ օրինակի բելգիականին եւ ձեռք բերւի Մակեդոնիայի եւ Հայաստանի ավտոնոմիան, ըստ օրինակի Սամոս եւ Կրետե կղզիների,առանց սակայն վնասելու պետութեան միութեան (կայսրութեան ամբողջականութեան –Ե.Ճ.)»[4]: Այս առիթով, հայ պահպանողական միտքին թարգմանը հանդիսանալով «Մշակ»ի խմբագիր Համբարձում Առաքելեան հնչակեաններուն խորհուրդ կու տայ հեռու մնալ չափազանցութիւններէն եւ «նպաստել երտասարդ-թուրքերի կուսակցութեան՝ իրագործելու իր ծրագիրը, որ յամենայն դէպս, կու տայ բոլոր ժողովուրդներին կեանքի, գոյքի, պատւի եւ քաղաքացիական ազատ զարգացման ապահովութիւն»[5]:

Կ.Պոլիս հասնելէն անմիջապէս ետք, Սապահ-Գիւլեանի գլխաւորութեամբ հնչակեան պատուիրակութիւն մը կ’այցելէ Իթթրհատի գրասենեակը եւ կը շնորհաւորէ զայն Սահմանադրութեան վերահաստատման առիթով: Սապահ-Գիւլեան իր ելոյթին մէջ կ’ըսէ. «Սահմանադրութիւնը իր ներկայ ձեւին մէջ շատ թերի եւ պակասաւոր ըլլալով լիովին չի համապատասխանէր հնչակեան հայեացքներուն եւ պահանջքներուն: Սակայն այդ կարելիութիւն կ’ընծայէ խորհրդարանական եւ կուսակցական ազատ պայքարով հետզհետէ աւելի լայնցնելու եւ ամբողջացնելու եւ այդպիսով այս երկրի մէջ ռամկավարական սահմանադրութիւն յառաջ բերելու»[6]:

Սապահ-Գիւլեանի արտայայտած տեսակէտները Հնչակեան Կուսակցութեան համար կը դառնան քաղաքական ուղեգիծ եւ ՍԴՀԿ 6 Համագումարին (Կ.Պոլիս, 1909 Յուլիս) անոնք կը ստանան սա բանաձեւումը. «Նկատելով որ թուրք նացիոնալիստները եւ այդ նացիոնալիզմի քաղաքական գործիչները գիտակցաբար ձգտում են ապազգայնացնելու Թուրքիայի մէջ գտնուող ազգութիւնները եւ նրանց ձուլելու Թուրք ազգութեան մէջ ՕՍՄԱՆՑԻ, ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԱԶԳՈՒԹԻՒՆ ընդհանուր անուան տակ, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Զ.րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը ժխտելով ժխտում է ազգայնացման այդ գաղափարը եւ վճռում է ոգի ի բռին պայքարել այդ ուղղութեան դէմ՝ ընդունելով ազգերի պատմա-անհատական գոյութեան անձեռնմխելիութիւնը եւ նրանց անկաշկանդ, ազատ զարգացման ու ինքնորոշման իրաւունքը»[7]:

Յաջորդող տարիներուն Ս. Սապահ-Գիւլեանի համար Իթթիհատի դէմ պայքարը կը դառնայ քաղաքական գործունէութեան հիմնական առանցքը:Կարելի է պնդել որ, հայ կեանքին մէջ չկայ այլ գործիչ մը, որ Իթթիհատի դէմ պայքարին մէջ ըլլայ անոր չափ սկզբունքային եւ հետեւողական:Այս ծիրէն ներս ուշագրաւ կը մնան հակաիթթիհատական քարոզչութեան նպատակովՍապահ-Գիւլեանի կատարածշրջագայութիւնները հայկական գաւառներ, ուր ան կ’ունենայ բազմաթիւ ելոյթներ հայ, թուրք, քիւրտ եւ այլազգի ունկնդիրներու առջեւ. (այս գործունէութիւնը Սապահ-Գիւլեան կ’ամփոփէ իր մէկ այլ աշխատութեան՝ «Փոքր Հայքի Յիշատակներ» գիրքին մէջ, որ կարելի է նկատել «Պատասխանատուներուն»լրացուցիչը):

1912-ին խորհրդարանական ընտրութիւններըկը յատկանշուին անով որ, ընտրական ասպարէզ կ’իջնէ Իթթիհատին ընդդիմադիր, անոր մրցակից Իթթիլաֆ Վէ Հուրրիյէթ կուսակցութիւնը: ՍԴՀԿ-ը ընտրական դաշինքի մէջ կը մտնէ Իթթիլաֆի հետ: Պատճառը պարզ էր. Իթթիլաֆ իր նախընտրական ծրագիրով բաղկացուցիչ ազգութիւններուն հանդէպ շատ աւելի լայնախոհ էր քան Իթթիհատը[8]: Բայց հարցին չերեւցող մասը այլ էր. Սապահ-Գիւլեանի խօսքերով՝ «շիւղն անգամ մեզ համար ուժ էր, երբ նա Իթթիհատի դէմ ցցուէր»: Հայ քաղաքական միտքը կազմող բոլոր հոսանքները՝ պատրիարքարան, համայնքներ, ազգային ժողովի խմբակցութիւններ, կուսակցութիւններ, անհատ թեկնածուներ, եւայլն իրար հետ պայքարի կը մտնեն Իթթիհատին՝ «պետական կուսակցութեան» ընտրացանկին մէջ տեղաւորուելու համար[9]: Այդ պահուն է որ կը հնչէ Սապահ-Գիւլեանի կծու քննադատութիւններէն մէկը. «Հայաստանի վիճակը սրտին ունեցողը Իթթիհատին պախարակաց քուէ միայն կարող է տալ եւ ոչ թէ գործակցութեան յօժարութիւն:…Հայ ազգի իսկական շահերը կը թելադրեն Իթթիհատի դէմ ըլլալ: Մեր պարտականութիւնը այդպէս հասկցանք եւ դիրք բռնեցինք: Թէ որքան հեռատես եղանք եւ իրաւունք ունեցանք այդ դիրքը բռնելու, դա մօտիկ ապագան ցոյց կու տայ, եթէ ներկան արդէն ցոյց չի տուել»[10]:

Քանի մը ամիս անց, Ս. Սապահ-Գիւլեան արդէն կը խօսի «զանգուածային ջարդերով» հայ ժողովուրդի բնաջնջման մասին. «Մարդ արտաքոյ կարգի ուղեղ պիտի ունենայ, մինչեւ ցարդ դրականապէս համոզուած չլինելու համար՝ որ Իթթիհատը,…պարզ, մեկին, որոշ ձգտում, պատմական տխուր միսիա ունի. այս երկրի բաղկացուցիչ բոլոր ազգութիւնները ջնջել՝ ուժի վրայ յենած պետական մեքենայի եւ թրքական քաղաքակրթական միջոցներով,- այսինքն մասնակի եւ զանգուածային ջարդերով (sic!) եւ այլ պատմական հնարիմացութիւններով…: Հայ ազգի գոյութիւնը նա վտանգ է համարել օսմանեան պետութեան մնայուն շահերին եւ նա այդ վտանգը հեռացնելու պատմական պարտականութիւնը վրան է առել…»[11]:

Յաջորդ տարին շրջադարձային կ’ըլլայ Իթթիհատին համար: Պալքանեան պատերազմին հետեւանքով եւրոպական նահանգներուն կորուստը եւ ոչ-թուրք իսլամ ժողովուրդներուն (արաբներ, ալպանացիներ) անջատողական ձգտումները, անոր վերնախաւին մօտ վերջնական համոզում կը գոյացնեն, որ Օսմ. Կայսրութեան ամբողջականութեան պահպանման դիտանկիւնէն կարելի է վստահիլ միայն թուրք տարրին վրայ:Ներքին ճակատի վրայ գերմանամետ Իթթիհատին եւ անգլիամետ Իթթիլաֆին միջեւ եղած արիւնալի փոխադարձ պետական հարուածներուն հետեւանքով, իշխանութեան վրայ կ’ամրապնդուի Իթթիհատի եռապետութիւնը՝ Էնվեր, Ճեմալ, Թալաաթ. «Կարմիր եռապետութիւնը կը սկսի երկիրը ղեկավարել կարմիր սուլթան Համիտին նման»[12]:

1913-ը ճակատագրական կ’ըլլայ նաեւ Հնչակեան Կուսակցութեան համար: Սեպտեմբերին, Ռումանիոյ Կոստանցա քաղաքին մէջ կը գումարուի ՍԴՀԿ 7-րդ Համագումարը: Փաստերը ցոյց կու տան, որ համագումարի կայացման մէջ եղած է շտապողականութիւն, որուն համար կը մեղադրուի Ս. Սապահ-Գիւլեան[13]: Ժամանակը կը հալածէր: Մեծ պատերազմի մը թմբուկին ձայները կը լսուէին, որուն Օսմ. Կայսրութիւնը կը պատրաստուէր մասնակցելու Գերմանիոյ կողքին, ազգայնամոլ եւ ռազմապաշտ իթթիհատական եռապետութեան բռնատիրութեան տակ, որուն դէմ պայքարելու համար ոչ ժողովրդավարական միջոցներ գոյութիւն ունէին, ոչ ալ համաթրքական առումով միազանգուած ընդդիմադիր ուժեր մնացած էին:

Այս պայմաններուն տակ գումարուած ՍԴՀԿ 7-րդ Համագումարը կ’որոշէ. «Նկատելով որ Տաճկաստանի մէջ տիրապետում է մի ՕԼԻԿԱՐԽԻԱ, որի ղեկավարիչ ոյժն է Իթթիհատ Վէ Թերաքքը Կուսակցութիւնը: Որոշ լինելով որ այդ Կուսակցութեան հիմնական սկզբունքներն են պահել թրքական բիւրօկրատիան, թոյլ չտալ որ նորագոյն Պետութիւն յառաջանայ ու նրա դիտաւորութիւնն է բաղկացուցիչ ազգութիւնները ձուլել(sic!), ոչնչացնել(sic!)՝ ի հարկին եւ կոտորել (sic!): Անվիճելի համարելով, որ իշխանութիւնը իր ձեռքում ունեցող Տիրող Դասակարգը իր հայակործան քաղաքականութիւնը սիստեմադիկ եւ անողոք կերպով յառաջ է տանում», կ’որոշէ վերադառնալ գործունէութեան յեղափոխական ձեւերուն եւ «պաշտպանել ԻՆՔՆԱՎԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ՝ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԿՕՆՏՐՈԼՈՎ»[14]:

Համագումարի որոշումներուն եւ եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ յստակօրէն կ’երեւի Սապահ-Գիւլեանի ոճական դրոշմը:

Ստոր դաւաճանութիւն մը սակայն ի դերեւ կը հանէ Հնչակեան ծրագիրը: 1914 Յուլիս 17-ին, այսինքն 1915 Ապրիլ 24-էն շուրջ 10 ամիս առաջ, տեղի կ’ունենան հնչակեաններու զանգուածային ձերբակալութիւնները, շուրջ 120 հոգի, որոնցմէ 20 հոգին պատերազմական դատարանին կողմէ մահուան կը դատապարտուի եւ1915 Յունիս 15-ին կախաղան կը հանուի Կ.Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ: Սապահ-Գիւլեան եւս, ի բացակայութեան մահուան կը դատապարտուի: Ան կ’ամբաստանուի որպէս Անկախ Հայաստան ստեղծելու անջատողական ծրագիրին գլխաւոր հեղինակը. (հարցաքննութիւններուն ժամանակ ձերբակալուածներուն ամենէն շատ ուղղուած հարցումը կ’ըլլայ թէ, ան ի՞նչ կապ ունի Սապահ-Գիւլեանի հետ)[15]:Հնչակեան շուրջ 35 այլ գործիչներ Վանի, Կեսարիոյ, Ատապազարի, Հաճընի, Պէյրութի, Դամասկոսի մէջ եւ այլուր, դատական որոշումով կամ մինչեւ դատարան հասնին մահուամբ կը պատժուին:

Տեղի կ’ունենայ այն մեծ ոճիրը, որ կը կոչուի Հայկական Ցեղասպանութիւն: Կը կատարուի այն՝ ինչ Սապահ-Գիւլեան նախատեսած էր վաղուց: Ու այդ կը կատարուի ի գին իր զինակից եւ համախոհ ընկերներուն նահատակութեան, որոնք վերջին պահուն, վերջին գերագոյն ճիգով մը պիտի փորձէին կանխել Մեծ Ոճիրը:

Սապահ-Գիւլեան Եգիպտոսի եւ ԱՄՆ-ի մէջ կը շարունակէ իր քաղաքական գործունէութիւնը: Համաշխարհային Պատերազմը դեռ նոր սկսած էր. ան խորապէս կը հաւատար որ Օսմ. Կայսրութիւնը պիտի փլուզուի. պէտք էր պատրաստ ըլլալ այդ օրուան:

Իր խճողուած առօրեային մէջ, երբ բառացիօրէն գրիչը վար չէր իյնար անոր ձեռքէն, Քսաններու կախաղանումէն անմիջապէս յետոյ, Սապահ-Գիւլեան ժամանակը հասած կը գտնէ արտայայտելու ներսդին կրծող մեծ ցաւը: Այդ կ’ըլլայ պոռթկումնային, չծրագրուած, հապճէպ:

Կը ծնի «Պատասխանատուները»:

Սապահ-Գիւլեանի ցաւը վստահ եմ շատերուս կը կրծէ եւ պիտի կրծէ: Անորմէ խուսափում չկայ: Այդ մասին պէ՛տք է արտայայտուիլ. արարկայական ձեւով քննարկել այդ՝ որպէս հայ քաղաքական միտքի պատրաստման կարեւոր դպրոցներէն մէկը:

Հոս եւս պէտք է Սապահ-Գիւլեանի համարձակութիւնը:

Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան

[1]<<Հնչակ>>, 1Մայիս 1902. Ս. Գիւլեան, <<Երիտասարդ Թուրքիա Եւ Երիտասարդ Հայաստան>>:

[2]Ս. Գիւլեան, <<Երիտասարդ Թուրքիա>>, Փարիզ, 1908, էջ 76:

[3]<<Հնչակ>>, Յունիս-Յուլիս 1908. Ս. Գիւլեան, <<Սահմանադրական Թուրքիա Եւ Հայկական Խնդիր>>:

[4]<<Մշակ>>, 24 Օգոստոս 1908. Հ. Առաքելեան, <<Զգուշացէք Չափազանցութիւններից>>:

[5]Նոյն:

[6]<<Սուրհանդակ>>, 2 Սեպտեմբեր 1908.<<Օսմանեան Միութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն Կոմիտէն Եւ Հնչակեան Կուս.ը>>:

[7]Հնչ. արխիւ, Պէւրութ, <<ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Զ. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի Գլխաւոր Որոշումները>>:

[8]<<Նոր Աշխարհ>>, 20 Մարտ1912. Արսէն Կիտուր, <<Իթթիհատը Եւ Իթթիլաֆը>>:

[9]Եղիկ Ճէրէճեան, <<1912-ի Օսմանեան Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Եւ Արեւմտահայութիւնը>>, Պէյրութ, 2007:

[10]<<Նոր Աշխարհ>>, 6-7 Ապրիլ1912. Ս. Գիւլեան, <<Փարլամենտական Ընտրութիւնների Առիթով>>:

[11]<<Նոր Աշխարհ>>, 19 Սեպտեմբեր 1912. Ս. Գիւլեան, <<Պատրիարքարանի Հրահանգների Առթիւ>>:

[12]Անտրէ Մանտէլշթամ, <<Երիտասարդ Թուրքերը Պատերազմէն Առաջ>>, Կ.Պոլիս, 1919, էջ 93-94:

[13]<<Ս. Դ. Հնչ. Ընկերներու Դատաստանին>>, Պոսթոն, 1920:

[14]<<Հնչակ>>, Մայիս1914.<<Ս. Դ. Հնչակեան Է. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի Կարեւոր Որոշումներէն>>:

[15]<<Armenian Activities in the Archive Documents 1914-1918>>, v.4, T.C.Genelkurmay Baskanligi, Ankara,2006.

Լուսանկարը՝ Առավոտ թերթի կայքից