Ծաղիկներ Ծիծեռնակաբերդի մէջ

931

Հասան Ճեմալը այն քանի մը տասնեակ հազար թուրքերէն մէկն է, որ միացած էր 2008ի վերջերուն քանի մը թուրք լրագրողներու եւ մտաւորականներու ՙՆերողութիւն կը խնդրեմ՚ համացանցային արշաւին: Յայտարարութեան հեղինակները յատկապէս բացուած կայքէջին մէջ հայ ժողովուրդէն ներողութիւն կը խնդրէին Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն տեղի ունեցածին համար, զայն որակելով` ՙՄեծ Աղէտ՚ (շարադրանքի հայերէն տարբերակին մէջ` ՙՄեծ Եղեռն՚):

ՙԽիղճս չ’ընդունիր, որ մենք անհաղորդ մնանք եւ ուրանանք այն Մեծ Աղէտը, որուն Օսմանեան Թուրքիոյ հայերը ենթարկուած են 1915ին: Ես կը մերժեմ այդ անարդարութիւնը, կը բաժնեմ հայ եղբայրներուս զգացմունքներն ու ցաւը եւ անոնցմէ ներողութիւն կը խնդրեմ՚,- կ’ըսուէր յայտարարութեան մէջ:

Նախաձեռնութիւնը քննադատեցին վարչապետ Էրտողանն ու բարձրաստիճան զինուորականները, իսկ ահա’ նախագահ Կիւլը արշաւը երկրին մէջ ժողովրդավարութեան առկայութեան ապացոյց նկատեց` ընդդիմութեան քննադատութեան արժանանալով:

ՙԹերեւս Կիւլը երթար եւ աղօթէր Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած վայրին մէջ եւ հոն ծաղկեպսակ դնէր՚,- յայտարարեց ընդդիմադիր Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութեան առաջնորդ Տէնիզ Պայքալը, որ նաեւ քննադատեց Թուրքիոյ նախագահի Երեւան այցը:

ՙՆերողութիւն կը խնդրեմ՚ արշաւին միացած լրագրող եւ մեկնաբան Ճենկիզ Չանտարը, որ Կիւլի Երեւան այցի նախօրեակին ուրիշ շարք մը յայտնի թուրք մեկնաբաններու հետ Հայաստան եկած էր, Թուրքիա վերադառնալով, մամուլին մէջ գրեց, թէ կը փափաքէր, որ նախագահ Կիւլը յանպատրաստից բարձրանար Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ծաղկեպսակ դնէր եւ աղօթէր Առաջին Աշխարհամարտի զոհերուն ու հայոց համար:

ՙՄիլլիյէթ՚ի մեկնաբան Հասան Ճեմալը 2008ի սեպտեմբերեան առտու մը գացած էր Ծիծեռնակաբերդի բարձրունքը, քալած դէպի անմար կրակը, քանի մը ճերմակ մեխակներ դրած, եւ շրջած էր թանգարանին մէջ: Տասնեակներով թուրքեր ծաղիկներ դրած են, սակայն Հասան Ճեմալի դէպքն ուրիշ է. անոր մեծ հայրը` Ճեմալ փաշան էր, որ 20րդ դարի երկրորդ տասնամեակին Երիտթուրքերու միւս առաջնորդներուն հետ իրականացուցած էր հայոց ցեղասպանութեան ու հայրենազրկման հրէշաւոր ծրագիրը:

ՙԶաման՚ թերթի սիւնակագիր Եաւուզ Պայտարը, որ սեպտեմբերեան օրերուն նոյնպէս Երեւան գտնուած էր, պատմած է, թէ Հասանը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութենէն խորապէս ազդուած եւ յուզուած էր:

Ֆրանսահայ ՙԼէ Նուվել տ’Արմէնի՚ հանդէսին հետ զրոյցին մէջ, պատմելով Ծիծեռնակաբերդին մէջ իր զգացողութեանց մասին, թուրք մեկնաբանը ըսած է, որ թէեւ ինքը մեծ հօր մականունը (Djemal) կը կրէ, սակայն ինքը Հասան Ճեմալն (Hasan Cemal) է:

ՙԻնչ որ կրնամ ըսել` հետեւեալն է. կ’ընդունիմ, որ Ճեմալը մեծ հայրս է, բայց ես ուրիշ մարդ եմ՚,- ըսած է ան:

Ուրիշ առիթով մը Հասան Ճեմալը հանդիպած էր թոռան հետ այն հայուն, որ Ճեմալ փաշայէն վրէժ լուծած էր: 1922ի ամրանը երկու հայ երիտասարդ` Պետրոս Տէր Պօղոսեանը եւ Արտաշէս Գէորգեանը Թիֆլիսի մէջ գնդակահարած էին Ճեմալ փաշան: Ան ոճրագործներ Թալէաթի, Էնվերի եւ հայ ժողովուրդի ուրիշ դահիճներու հետ կրցած էր փախչիլ Թուրքիայէն, երբ վերջինս 1918ի վերջին պարտութիւն կրեց Առաջին Աշխարհամարտին: Անոնք կրցան փախչիլ Թուրքիայէն, բայց չկրցան հանգիստ կեանք մը ունենալ. հայ վրիժառուներէն Սողոմոն Թեհլիրեանը 1921ի գարնանը Պեռլինի մէջ սպաննեց Թալէաթը, իսկ 1922ին Յակոբ Մելքումովը Տաճիկիստանի լեռներուն մէջ` Էնվերը: Երիտթուրքերու առաջնորդներէն ուրիշ քանի մը հոգի ալ սպաննուեցաւ հայ վրիժառուներու գնդակներով:

2009ի աշնանը Հասան Ճեմալը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թուրքերէն մէկուն` Թաներ Աքչամի հետ Հարվըրտի համալսարանի սրահներէն մէկուն մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ամերիկահայութեան հետ: Ճեմալը ըսած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին առաջին անգամ գաղափար կազմած է 1991ին` Աքչամի գիրքը կարդալով:

ՙԱտիկա 1915ին տեղի ունեցածներուն վերաբերեալ տեսակէտս մէկ անգամէն փոխեց: Ես նոյնիսկ հանդիպեցայ թոռան հետ այն մարդուն, որ 1922ին մեծ հայրս սպաննած էր: Ես զայն Սթամպուլ հրաւիրեցի՚,- ըսած է ան:

Քանի մը շաբաթ յետոյ` 2009ի Դեկտեմբերին, ուրիշ յայտնի թուրք մը` վարչապետ Էրտողանը, ՙՃոն Հոփքինս՚ համալսարանին մէջ յայտարարեց, որ իր նախնիները ցեղասպանութիւն չեն իրականացուցած, իսկ ՙՊլումպէրկ՚ հեռատեսիլի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ՙկատարեալ սուտ՚ որակեց. ՙՑեղասպանութեան իրողութիւնն ապացուցելու կոչ ըրած եմ: 2005ին նամակ մը յղեցի Հայաստանի այն ժամանակուայ նախագահ Քոչարեանին` ըսելով, որ սա քաղաքական գործիչներուն զբաղելիք հարցը չէ, պատմաբաններու դատին ձգելիք հարց է՚:

Թրքական մերժողականութիւնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ չի դատապարտուիր: Ուաշինկթընի համար Թուրքիան չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունի, ու թէեւ Ա. Մ. Ն.ի նախագահի թեկնածուները սովորաբար կը խոստանան ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն ընտրուելէ ետք խոստումը կը դրժեն: Հայոց պատմութեան ամենաողբերգական էջը ամերիկեան վարչակարգերուն համար դարձած է այն կացինը, զոր անոնք թուրքերուն գլխավերեւը կը պահեն` չափաւորելով անոնց յաւակնութիւնները:

ՙԱմերիկան արժանի է այնպիսի առաջնորդի, ով ճշմարտախօս է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ եւ վճռականօրէն կ’արձագանգէ բոլոր ցեղասպանութիւններուն: Ես մտադիր եմ այդ նախագահը դառնալ՚,- յայտարարած էր նախագահի թեկնածու Պարաք Օպաման 2008ի Յունուարին:

Սակայն, չնայած նախընտրական խոստումին, Օպաման 24 Ապրիլ 2009ին խուսափեցաւ ՙցեղասպանութիւն՚ բառէն, բայց օգտագործեց ՙՄեծ Եղեռն՚ հայերէն ձեւը: Միացեալ Նահանգներու նախագահն իր խոստումէն ետ կանգնիլը բացատրեց հայ-թրքական գործընթացը չձախողցնելու մտավախութեամբ, ինչը հիմնաւորելու առիթը 22 Ապրիլի հայ-թուրք-զուիցերական համատեղ յայտարարութիւնն էր:

ՙԻննսունչորս տարի առաջ սկսաւ 20րդ դարի խոշոր նախճիրներէն մէկը: Ամէն տարի մենք մեր յիշատակի տուրքը կը մատուցենք այն 1.5 միլիոն հայոց, որոնք Օսմանեան Կայսրութեան վերջին օրերուն զոհ գացին ջարդերուն կամ մահուան երթի մղուեցան: Մեծ Եղեռնը պէտք է շարունակէ մնալ մեր յիշողութեան մէջ ճիշդ այնպէս, ինչպէս ան կ’ապրի հայ ժողովուրդի սիրտին մէջ՚,- կ’ըսուէր Օպամայի ուղերձին մէջ:

Թուրքերը քննադատեցին Օպաման: Նախագահ Կիւլը խորհուրդ տուաւ յիշել 1915ի բոլոր անմեղ զոհերը, այդ թուին` ՙհարիւր հազարաւոր թուրքերն ու իսլամները՚: Վարչապետ Էրտողանն աւելի կոշտ կերպով արտայայտուեցաւ. ՙՊատմութեան ուսումնասիրութիւնը քաղաքական գործիչներու պարտականութեանց մէջ չի մտնէր. անորմով պատմաբաննե’րը պէտք է զբաղին: Թուրքիան այն երկիրը չէ, զոր կարելի է յիմարացնել, կամ շոյելով` հանգստացնել՚:

24 Ապրիլի նախօրեակին նախագահ Սարգսեանը հարցազրոյց տուած էր ամերիկեան ՙՈւոլ Սթրիթ Ճըռնըլ՚ին:

ՙՈւոլ Սթրիթ Ճըռնըլ՚ – Այժմ ի՞նչը աւելի կարեւոր է Ձեզի համար` Ա. Մ. Ն.ի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմը հիմա, թէ՞ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց բնականոնացմանն ուղղուած այս բանակցութեանց յաջողութիւնը:

Նախագահ Սարգսեան – Մենք` հայերս չէ, որ Ա. Մ. Ն.ն կը դրդենք ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Ա. Մ. Ն.ն Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ունեցած է դիւանագէտներ, միսիոնարներ, գործարարներ, ցեղասպանութեան տարիներուն հոն կը գործէին նաեւ ամերիկեան ապահովագրական ընկերութիւններ: Ա. Մ. Ն.ը կը տիրապետէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բաւականաչափ նիւթերու, որոնք համոզիչ են ինչպէս տարիներ առաջ, այնպէս ալ այսօր: Այդ իսկ պատճառով, Ա. Մ. Ն.ն կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնն այն պահուն, երբ ինքը անհրաժեշտ նկատէ: Չեմ կարծեր, որ մարդիկը իրենց ազգային շահերուն եւ բարոյական կեցուածքին միջեւ երկընտրանքի կը դրդենք:

ՙՈւոլ Սթրիթ Ճըռնըլ՚ – Այսինքն, դուք կը գերադասէք, որ պարոն Օպաման ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութի՞ւնը, նոյնիսկ եթէ ատիկա Թուրքիոյ հետ մօտ ապագային սահմանը բանալու հոլովոյթի տապալման դագաղի վերջին գամն ըլլայ:

Նախագահ Սարգսեան – Ես չէի փափաքեր այս հոլովոյթը թաղուած տեսնել: Կը փափաքիմ, որ մենք այս հարցին քիչ մը աւելի լայնախոհ կերպով մօտենանք: Ճիշդ այդ պատճառով ալ կ’ուզենք, որ Ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութեանց խոչընդոտ չ’ըլլայ: Վերջ ի վերջոյ, Ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալով, ո’չ մենք, ո’չ մնացած երկիրները կ’ուզենք Թուրքիոյ վնասել: Ցանկութիւնը մէկն է` արդարութեան վերականգնումն ու յետագային ցեղասպանութեանց կանխարգիլումը: Եթէ մենք հայ-թրքական յարաբերութիւնները կապենք այս կամ այն երկրին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ` ապա հայ-թրքական յարաբերութիւնները ուրիշ երկիրներուն ձեռքը մշտապէս խաղալիք կը դառնան: Եթէ որեւէ երկիր որոշէ դժուարութիւններ ստեղծել այդ յարաբերութեանց մէջ` ապա պարզապէս կը յայտարարէ Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին եւ այդպիսով ստուեր կը ձգէ հայ-թրքական յարաբերութեանց վրայ:

Ճանապարհային քարտէսը

22-23 Ապրիլի 2009ի գիշերը Հայաստանը եւ Թուրքիան միջնորդ Զուիցերիոյ հետ համատեղ յայտարարութիւն մը տարածեցին` սփիւռքի մեծ մասին եւ Հայաստանի մէկ հատուածին զայրոյթն ու դժգոհութիւնը յառաջ բերելով: Քննադատութեանց պատճառը ո’չ այնքան յայտարարութեան բովանդակութիւնն էր, այլ` ընտրուած օրը` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակութեան ու ոգեկոչման նախօրեակը:

Յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան, Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ, լարուած աշխատանք տարած են` իրենց երկկողմ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ զանոնք փոխադարձ յարգանքի ու բարի դրացիութեան ոգիով զարգացնելու նպատակով` այսպիսով խթանելով խաղաղութիւնը, կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը ողջ տարածաշրջանին մէջ. ՙԱյդ հոլովոյթին մէջ երկու կողմերը շօշափելի յառաջընթաց եւ փոխըմբռնում ձեռք բերած են: Անոնք համաձայնութեան յանգած են իրենց երկկողմ յարաբերութեանց կարգաւորման համապարփակ շրջանակին շուրջ` երկու կողմերը գոհացնող կերպով: Այս համաշարադրանքին մէջ` ճանապարհային քարտէս մը սահմանուած է: Այս համաձայնեցուած հիմքերը հոլովոյթի շարունակութեան համար դրական հեռանկար կը ստեղծեն՚:

Համաձայնական դաշինքի անդամ Դաշնակցութիւնն անմիջապէս դատապարտեց տարուող քաղաքականութիւնը, իսկ քանի մը օր յետոյ հեռացաւ կառավարութենէն` որպէս բողոքի նշան: Հ. Յ. Դ.ն բացարձակապէս անընդունելի որակեց ՙԹուրքիոյ հետ յարաբերութեանց բնականոնացումը մեր պետութեան ինքնիշխան ու կենսունակ լինելութեան եւ սերունդներու ազգային-պետական իրաւանց հաշուին՚:

ՙՄենք անընդունելի եւ դատապարտելի կը նկատենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Թուրքիոյ հետ յայտարարութեան ստորագրումը: Հայ ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութեան յիշատակի օրուայ՝ 24 Ապրիլի անմիջական նախօրեակին եւ Թուրքիոյ ղեկավարներու վերջին շրջանին մէջ կատարած՝ արցախեան հիմնախնդիրի եւ ընդհանրապէս բացայայտ հակահայկական յայտարարութեանց ու նախապայմաններ թելադրելու պայմաններուն մէջ, այդ փաստաթուղթին ի յայտ գալը Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին շահերը կը հարուածէ՚,- կ’ըսուէր Հ. Յ. Դ.ի յայտարարութեան մէջ:

Դժգոհութեան հիմնական պատճառն այն էր, որ համատեղ յայտարարութիւնը հնարաւորութիւն տուաւ նախագահ Օպամային խուսափելու կատարելէ իր նախընտրական խոստումը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ՙցեղապանութիւն՚ անուանել` վկայակոչելով հայ-թրքական երկկողմ լուրջ հոլովոյթը:

Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած Հ. Ա. Ք.ի արձագանգը զուսպ էր: Հայաստանն ու Թուրքիան ՙհամաձայնութեան յանգած են իրենց երկկողմ յարաբերութեանց կարգաւորման համապարփակ շրջանակին շուրջ` երկու կողմերը գոհացնող կերպով՚` ըստ Հ. Ա. Ք.ի կը նշանակէ, որ ՙըստ էութեան վերջացած են հաշտեցման շուրջ բանակցութիւնները եւ երկկողմանիօրէն համաձայնեցուած փաստաթուղթ մը գոյութիւն ունի՚: ՙՔանի որ խօսքը վերջնականօրէն համաձայնեցուած շրջանակներու մասին է, Հ. Ա. Ք.ը Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ անյապաղ հրապարակել ո’չ միայն Հայաստանի, այլեւ` ողջ հայութեան շահերուն առնչուող այս փաստաթուղթը: Հ. Ա. Ք.ը սոյն փաստի քաղաքական արժեւորումը կու տայ նշուած փաստաթուղթի պաշտօնական հրապարակումէն յետոյ՚:

Հայ-թրքական հոլովոյթի ամենահետեւողական քննադատողներէն մէկը արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանն է: Ան ՙանհասկնալի եւ անընդունելի՚ որակեց 24 Ապրիլի նախօրեակին նման յայտարարութիւնը, անկախ անկէ, որ ՙանիկա պարզապէս պատահականութի՞ւն է, թէ՞ միտումնաւոր կերպով կատարուած է, մէկնումէկուն առաջարկով կամ թերեւս պնդումով, ատոր փոխարէն բանի մը ակնկալիքով՚:

ՙՀայաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնական յայտարարութիւններէն ակնյայտ կը դառնայ, որ ժամկէտին ընտրութիւնը Թուրքիոյ պարտադրանքը եղած է: Ասորմով Հայաստանը նպաստեց թրքական այն թէզի հաստատմանը, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը սփիւռքի’ եւ ո’չ թէ Հայաստանի խնդիրն է` այսպիսով սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ վտանգաւոր անջրպետի հիմք ստեղծելով նաեւ: Հայաստանը մտած է հոլովոյթի մը մէջ, որուն նկատմամբ հսկողութիւն եւ որուն վրայ ազդելու լծակներ չունի: Ճանապարհային քարտէսի առկայութեան մասին 22 Ապրիլի համատեղ յայտարարութեամբ Հայաստանը բանակցութեանց` իրեն վերաբերող մասն արդէն վերջացուցած է, եւ հոլովոյթն ու անոր յետագայ զարգացումները, իրմէ անկախ, թրքական կողմին ձգած է՚,- կը գրէ Օսկանեանը:

2009ը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնեաներուն միջեւ բարձր մակարդակի երկկողմ հանդիպումներով ու ստորագրուած փաստաթուղթերով աննախադէպ տարի մըն էր: 29 Յունուարին Տաւոսի մէջ նախագահ Սարգսեանի եւ վարչապետ Էրտողանի միջեւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Բարձր մակարդակով երկրորդ հանդիպումը կայացաւ Հայաստանի և Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ` Փրակայի մէջ` Եւրոպական Միութեան Արեւելեան Գործընկերութեան գագաթաժողովի ընթացքին: Ան մօտ մէկուկէս ժամ տեւեց, որու վերջանալէն ետք նախագահ Սարգսեանը լրագրողներուն ըսաւ. ՙԲացառուած են նախապայմանները, պարզապէս բացառուած են՚:

Թրքական կողմը, յատկապէս վարչապետ Էրտողանը, առնուազն ամիսը մէկ կը յայտարարէր, որ քանի դեռ ղարաբաղեան գործընթացին մէջ Ատրպէյճանը բաւարարող յառաջընթաց չկայ, Թուրքիան Հայաստանի հետ սահմանը չի բանար եւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չի հաստատէր: Հայկական կողմը կը բացատրէր, որ թրքական կողմը նման յայտարարութիւններ կ’ընէ Ատրպէյճանի եւ իր ներքին լսարանին համար:

Սթամպուլի մէջ կայացած միջազգային համաժողովի մը ծիրին մէջ, նախագահ Օպաման 6 Ապրիլին ՙոտքի վրայ՚ կարճ զրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Նալպանտեանի, Պապաճանի ու Քալմի-Ռէյի հետ: ՙՖութպոլային դիւանագիտութեան՚ մեկնարկէն յետոյ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումները յաճախակի դարձան: Ապրիլի կէսերուն նախագահ Սարգսեանը Երեւանի մէջ ընդունեց Պապաճանը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Երեւան եկած էր Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (Ս. Ծ. Տ. Հ. Կ.) արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մասնակցելու համար: Կ’ակնկալուէր, որ ճիշդ այդ օրերուն ստորագրուի հայ-թրքական յարաբերութիւններ սկսելու փաստաթուղթը:

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը յետագային իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսաւ, որ հայ-թրքական հոլովոյթին մէջ խոչընդոտներ յառաջացուցած է թրքական կողմը. ՙ31 Օգոստոսին սկսած քաղաքական խորհրդակցութիւնները պէտք է աւելի կանուխ` Ապրիլի սկզբին սկսէին: Անիկա այդ ժամանակ տեղի չունեցաւ, որովհետեւ թրքական կողմը ետ կանգնեցաւ իր յանձնառութիւններէն: Նմանատիպ երեւոյթ տեղի ունեցաւ 10 Հոկտեմբերին` Ցիւրիխի մէջ ստորագրման ժամանակ, երբ նախատեսուած արարողութիւնը ձգձգուեցաւ, քանի որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը փորձեց իր նախատեսուած ելոյթին մէջ արձանագրութեանց տառին, ոգիին եւ նպատակներուն հակասող մեկնաբանութիւններ ներկայացնել՚:

Չվստահելով Թուրքիոյ, Հայաստանն այդուհանդերձ հայութեան կը յորդորէր հաւատալ պաշտօնական Երեւանի, ո’չ թէ Անգարայի յայտարարութիւններուն, երբ խօսքը նախապայմաններուն կը վերաբերէր: Նախագահ Սարգսեանը եւ արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանը հետեւողականօրէն կը պնդէին, որ հայ-թրքական բանակցութեանց ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրն ու Ցեղասպանութեան հարցը երբեք չեն քննարկուած: Սակայն դեռ Ապրիլ 2008ին Հայաստանի նախագահը չէր բացառեր, որ ՙհնարաւոր է թուրքերը փոխեն իրենց դիրքորոշումը, ետ կանգնին մեր ձեռք բերած պայմանաւորուածութենէն՚:

ՙՀիմա գնդակը Թուրքիոյ դաշտին մէջ է, եւ եթէ կը խօսինք ՙֆութպոլային դիւանագիտութեան՚ մասին, ապա գնդակը յարատեւօրէն չի կրնար մէկ դաշտի մէջ մնալ, քանի որ իւրաքանչիւր ֆութպոլային խաղ սահմանուած ժամկէտներ ունի: Հնարաւո՞ր է, արդեօք, որ մենք մեր հաշուարկներուն մէջ սխալած ըլլանք, ու հիմա թուրքերն ուրիշ դիրքորոշում ընդունին ու փորձեն որեւէ նախապայման առաջադրել: Ի հարկէ հնարաւոր է, նման բանը հարիւր տոկոսով բացառել կարելի չէ: Մենք նոյնիսկ այդ պարագային հոլովոյթէն աւելի ուժեղացած դուրս կու գանք՚:

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քառասուներեքերորդ գլուխ, մաս 2

Յ. Գ. 

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):