Դաշնակցութեան Հաշուեյարդարը 1923ին

1331

1923թ. Օգոստոս եւ Սեպտեմբեր ամիսներուն, խորհրդային մամուլը մեծ աղմուկով կ՛իմացնէր, թէ ինքնադատապարտութեան յայտարարութիւններ (դեքլարացիաներ) ստորագրած էին Վրաստանի Ազգային դեմոկրատ, Մենշեւիկ Սոցեալ դեմոկրատ, Ազրբէյջանի Մուսաւաթ կուսակցութիւնները եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան “Աշխատաւոր” կոչուած անդրկովկասեն խմբակցութիւնը: Վերջին յայտարարագիրը ստորագրած էին Հ. Յ. Դ. Նախկին Կեդր. Կոմիտէի անդամներ՝ Կորիւն Ղազազեան, Բ. Թոփչեան, Մինաս Մակարեան, Ա. Նալչաջեան, Տիգրան Աւետիսեան եւ Դրօ: Այս յայտարարութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսաւ “Խորհրդային Հայաստան” եւ Թիֆլիսի “Զարիա վոստոկա” թերթերու 1923 Յուլիս 31ի թիւին մէջ:

Այս յայտարարութիւնը Չեկան յաջողած էր ձեռք ձգել, Ճեմալ փաշայի ահաբեկումի հետեւանքով ձերբակալուած 250 դաշնակցականներ բանտէն ազատ արձակելու ատեն:

Չեկայի գործակալները սկսան Հայաստանի բոլոր գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ դաշնակցականներ որսալ եւ յայտարարութիւններ ստորագրել տալ անոնց:

Նոյեմբեր 20ին, 250 “պատգամաւորներ”ու մասնակցութեամբ, Երեւանի պետական թատրոնի շէնքին մէջ, Չեկայի հսկողութեան տակ, կը բացուի համագումարը, ուր “Նախաձեռնող Բիւրօ”ն կը ներկայանա 3247 դաւանափոխներու յայտարարագրերով:

Համագումարը Համայնաւոր կուսակցութեան փառաբանութիւնը կատարէ ետք, կը քուէարկէ հետեւեալ բանաձեւը.

1.- Լիկւիդացիայի ենթարկել Հ. Յ. Դաշնակցութեան բոլոր կազմակերպութիւնները Հայաստանում:

2.- Հաստատել գաւառական եւ շրջանային կոֆերենցիաների որոշումները դաշնակցական տեղական կազմակերպութիւնների լիկւիդացիայի մասին:

3.- Առաջարկել Ադրբէյջանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութիւնների սահմաններում, այլ եւ Թուրքիայի ու գաղութահայ միւս վայրերում գտնուող դաշնակցական աշխատաւոր շարքերին մեր օրինակով լուծել դաշնակցական կազմակերպութիւնները եւ ցրել ղեկավար  մարմինները տեղերում:

4.- Անւավեր յայտարարել Դաշնակցութեան բարձր կուսակցական մարմինների կողմից տրուած կուսակցական մանդատներն ու յանձնարարութիւնները:

5.-Վճռական կերպով արգիլել Հ. Յ. Դաշնակցութեան արտասահմանում գտնուող բարձրագոյն մարմիններին հրապարակ գալ կամ յայտարարութիւններ անել Հայաստանի կազմակերպութիւնների անունից:

6.- Սոյն որոշումներն ուղարկել Բ. Ինտերնացիոնալ միջազգային բիւրոյին ի գիտութիւն:

7.- Դնել մեր բովանդակ ուժերը միջազգային բանուոր-գիւղացիական յեղափոխութեան եւ նրա մարտական շտաբ Գ. Կոմինտէրնի տրամադրութեան տակ եւ լինել պատրաստ նրա ղեկաւարութեամբ պաշտպանելու հոկտեմբերեան մեծ յեղափոխութիւնը եւ նրա ծնունդ Խորհրդային իշխանութեան նուաճումները բոլոր հակայեղափոխական ուժերից եւ վտանգներից, լինեն նրանք դրսից թէ ներսից:

Գաբրիէլ Լազեան, “Հայաստան եւ Հայ դատը հայևռուս յարաբերութիւններու լոյսին տակ”, էջ 313-314