Ղարաբաղի վերջին դէպքերը (մաս Ա եւ Բ)․ ՀՅԴ Արցախի ներկայացուցիչ Արսէն Միքայէլեան

3088

Այս հատվածով ԱՆԻ կենտրոնը սկսում է վերահրատարակել ՀՅԴ գործիչներից Արսեն Միքայելյանի «Ղարաբաղի վերջին դէպքերը» հոդվածաշարը, որը լույս է տեսել ՀՅԴ Բոստոնի ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագրի 1923 թվականի հաջորդական վեց համարներում։ Ծնունդով Արցախից Արսեն Միքայելյանի այս հոդվածաշարը հավելյալ լույս է սփռում Արցախի 1919-1920 թթ․ դեպքերին, այդ թվում՝ Շուշիի հայերի 1920թ մարտյան կոտորածին։ 1920թ մայիսի 24-ին Արսեն Միքայելյանի, Դրոյի, Նժդեհի և գնդապետ Դմիտրի Միրիմանյանի խորհրդակցությունը Արցախի Ավետարանոց, այն ժամանակ՝ Չանախչի գյուղում, որոշում է Ղարաբաղում իշխանությունը հանձնել տեղի հայ բոլշևիկներին Սարգիս Համբարձումյանի գլխավորությամբ։  

———————-

Ա.

ԱԴՐԲԷՋԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍԻ հայերու եւ թուրքերու յարաբերութեանց լարումը, ինչպէս յայտնի է, կը սկսուի ո՛չ թէ մեծ պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն, այլ տասնամեակ մը առաջ՝ հայ-թաթարական ընդհարումներէն:

Դեռ 1903 թուին, ցարական կառավարութիւնը որդեգրած էր հակահայ ուժեղ քաղաքականութիւն մը: Այդ նպատակին հասնելու համար նա դիմեց հետեւեալ երկու արմատական միջոցներու. ա) գրաւել հայ եկեղեցապետական կալուածները, որով նիւթական աղբիւրներէ կը զրկուէին հայոց ծխական եւ թեմական դպրոցները, որոնց մէջ հայ մատաղ սերունդը ազգային դաստիրակութիւն կը ստանար. եւ բ) գրգռել թաթարական բէկերը հայ բուրժուազիայի դէմ, իսկ թաթար զանգուածներու կրօնական մոլեռանդութիւնը՝ հայ ժողովրդի դէմ, որով ֆիզիքական ճնշում գործ կը դրուէր հայ ժողովրդի վրայ եւ կը մղէր զայն ռուսական ցարիզմի գիրկը՝ իր գոյութիւնը պաշտպանելու համար:

Ռուս կառավարութեան այդ քայլերուն դէմ հայութիւնը ըմբոստացաւ եւ եկեղեցական կալուածներու գրաւման ատեն բաւականաչափ զոհեր տուաւ, իսկ թուրքերու դէմ պաշտպանուելու համար զէնքի դիմեց: Այդ ատեն տեղի ունեցած կռիւները բորբոքեցին երկու հարեւան ցեղերու խոր ատելութիւնն ու թշնամական յարաբերութիւնները:

Հայ-թաթարական ընդհարումներէն յետոյ, նոյնիսկ 1905 թուի ռուսական յեղափոխութենէն վերջ, ցարական կառավարութիւնը շարունակեց հայերու հանդէպ հալածանքի, բանտարկութեան, աքսորի եւ կախաղաններու քաղաքականութիւն մը, որ վերջացաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմական դատավարութեամբ:

Պալքանեան պատերազմի ատեն սակայն, եւ դեռ ատկէ քիչ մը առաջ, Ռուսաստանը՝ արտաքին քաղաքական դէպքերու ազդեցութեան տակ, նահանջի ճամբայ բռնեց եւ իր սահմաններուն մէջ ապրող հայ տարրի հանդէպ ու ակտիւ մասնակցութիւն բերեց Տաճկահայաստանի բարենորոգումների խնդրին մէջ: Անդրկովկասի թաթարները [ադրբէջանցի- ԱՆԻ] չէին կարող հաշտ աչքով նայել ռուս կառավարութեան այդ «հայասիրական» ընթացքին, մանաւանդ որ այդ ուղղուած էր յատկապէս Տաճկաստանի [Օսմանեան կայսրութիւն-ԱՆԻ] դէմ, որի հետ կապուած էին ո՛չ միայն կրօնական, այլ եւ քաղաքական համակրութիւններով եւ համիսլամական երազներու կապերով:

Այդ ատելութիւնն առաւել եւս զարգացաւ համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին, երբ կովկասահայութիւնն անվերապահօրէն եւ խանդավառ տրամադրութեամբ նետուեց ռուսական քաղաքականութեան գիրկը իր կամաւորական խմբերով:

Հայ եւ թուրք շահերու հակամարտութեան կարողական ուժը հրապարակ եկաւ մանաւանդ Անդրկովկասի մէջ Զեմստվօ (տեղական ինքնաւարութիւն) կազմելու համար եղած խորհրդակցութիւնների ատեն, երբ անհրաժեշտ կը նկատուէր գաւառներու եւ շրջաններու աշխարհագրական-ցեղագրական սահմանները գծել եւ երբ հայութիւնն իր ներկայացուցիչներու միջոցով՝ կը կամենար ապահովել հայկական շրջանակները՝ իբրեւ գեմստվոյական միութիւն, իսկ թաթարներն ու վրացիները միացեալ ճակատ կը ներկայացնէին՝ պահելու արդէն գոյութիւն ունեցող վարչական բաժանումները, որոնց մէջ իրենց թուական մեծամասնութիւն կը կազմէին: Ռուսական մեռնող ցարիզմն իր վերջին պաշտպանութիւնը չխնայեց թաթար զանգուծին եւ նորէն իր դիրքը թեքեց դէպի հակահայ քաղաքականութիւն:

Երբ տապալուեց ցարական բռնակալութիւնը եւ անոր աւերակներու վրայ բարձրացաւ Ժամանակաւոր Կառավարութեան դրօշակը, որի վրայ գրուած էր ազգութիւններու լայն ինքնորոշման սկզբունքը, հայութիւնը մեծ յոյս ունէր թէ իր դատի ջերմ բարեկամ Կերենսկու միջոցով նա կարող էր վերջապէս ազատ շունչ քաշել: Այդ ոգեւորութիւնն ալ, սակայն, երկար չտեւեց, որովհետեւ բոլշեւիկեան յեղաշրջումով Անդրկովկասը կտրուեց Ռուսաստանէն եւ մնաց ինքն իր իւղի մէջ՝ տապկուելու համար:

1917 թուականը ամենադժնդակ եւ սարսափներով լի տարի մը եղաւ, մինչեւ 1918 թուի մայիս 28-ը: Անդրկովկասի մէջ եւ թրքական ճակատի վրայ գտնուած ռուսական զօրքերը լքեցին իրենց դիրքերը, հեռացան դէպի Ռուսաստան՝ իրենց զէնքերու, ռազմամթերքի եւ պահեստներու մեծ մասը թողնելով Վրաստանին եւ Ադրբեջանին, իսկ Հայաստանին մնացին՝ ճակատի վրայ թրքական արշաւող զօրամասեր, իսկ թիկունքը՝  գաղթականութիւն եւ ատելութեամբ լեցուած Ադրբէջանի մահմետականութիւնը:

Այդ ժամանակամիջոցում Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող երեք ազգութիւններու միացեալ Սէյմը իրական ուժ չունէր իր տրամադրութեան տակ եւ ոչ ալ բաղձանք՝ թաթարներու եւ վրացիներու թրքասիրական քաղաքականութեան պատճառով՝ դիմադրելու արտաքին թշնամուն՝ գլխաւորապէս Տաճկաստանին: Անդրկովկասեան Սէյմը ոչ միայն կրաւորական համակրանք ցոյց կուտար անոր հանդէպ, այլ փաստօրէն եւ անուղղակի կերպով կ՛օժանդակէր Տաճկաստանի յառաջացման: Տաճկական կանոնաւոր զօրաբանակներն աստիճանաբար առաջ կ’ընթանային, չհանդիպելով ոչ մի կազմակերպուած եւ ուժեղ դիմադրութեան: Իրար ետեւէ ընկան Երզնկան, Էրզումը եւ այլ կարեւոր դիրքեր եւ թուրքերը հասան Ռուսաստանի նախկին սահմանին, գրաւեցին Սարիղամիշը եւ պատրաստուեցան Ղարսի ամրոցներուն տիրանալ: Հայութիւնը յոյս ունէր որ կիսանկախ Անդրկովկասը՝ իր սահմանները պաշտպանելու համար, անհրաժեշտ զինուորական միջոցներու պիտի դիմէր յետ մղելու արտաքին թշնամուն եւ թոյլ չտալու, որ ոտնակոխ ըլլայ իրենց դաշնակից Հայաստանը եւ անոր մէջ ապաստանած տեղացի եւ գաղթական հայերու բազմութիւնը:

Այս դիմադրութիւնը սակայն տեղի չունեցաւ: Ադրբէջանը ամէն կերպ կը ջանար զիջումներ ընել Տաճկաստանին եւ հաշտութիւն կնքել: Հայաստանը կը զգար այդ զիջումներէն գալիք հետեւանքը, իսկ Վրաստանն ալ բարեկամական չէզոքութիւն կը պահպանէր: Իրերու այս դրութան մէջ, գիտէնք անկարելի էր երեւան հանել մէկ եւ ուժեղ ճակատ եւ ահա, Անդրկովկասան Սէյմի կառավարութեան անունից, հրաման է տրւում Ղարսը յանձնելու թուրքերուն:

Միժամանակ Կովկասի զանազան վայրէրու մէջ տեղական բնոյթ կրող բազմաթիւ հայ-թաթարական ընդհարումներ են տեղի ունենում: Նուխի, Գանձակ, Բաքու, Ղազախ, Շամախի եւլն. շրջաններու հայութիւնն ապրում էր սարսափի եւ մահուան օրեր: Թաթարական հօրդաները– զինուած ռուսական զէնքերով, ոգեւորուած Տաճկաստանի յաջողութիւններով եւ լեցուած ատելութեամբ դէպի հայերը՝ գլուխ էին բարձրացրել: Տաճիկներն իրենց գլխաւոր ուշադրութիւնը դարձնում են Բագուի վրայ եւ լաւագոյն զինուորները կենդրոնացնում այդ ճակատի վրայ եւ ի վերջոյ, գրաւում են Բագուն:

Այդ գրաւման արդիւնքը եղաւ մօտ 20,000 հայերու կոտորածը: Բագուի դէպքերէն յետոյ սկսեցին «վրէժ» լուծել հայերէն եւ գաւառներու մէջ՝ Շամախի, Նուխի եւ Գանձակ, ուր մահմետական տարրը մեծամասնութիւն է կազմում:

Տաճկաստանի հետ հաշտութիւն կնքելէն յետոյ, որ արդիքւն էր Միջագէտքի ուղղութեամբ զարգացող զինուորական գործողութւններուն, Անդրկովկասի մէջ կազմուեցան երեք անկախ հանրապետութիւններ՝ Վրաստանի, Ադրբէջանի եւ Հայաստանի:

Հրապարակ նետուեցան բազմաթիւ կնճռոտ հարցեր՝ սահմանագծային խնդիր, փոքրամասնութեանց հարց, ռուսական հարստութեան բաժանման եւլն. հարցեր: Վերանորոգուեցան Զեմստվոյական խորհրդակցութեան ատեն եղած վէճերը: Առաջ քաշուեցան նահանգներու եւ գաւառներու ըստ ազգութիւններու մեծամասնութեան բաժանման կէտեր: Եւ նորակազմ հանրապետութիւնները ունեցան Ախալքալակի, Ախալցխայի, Լօռու, Ղարաբաղի, Զանգեզուրի, Նախիջեւանի, Ղարսի եւ այլ բազմաթիւ վիճելի հարցեր:

Ոչ ոք կը կամենար զիջել: Բոլորն էլ պատրաստ էին համաձայնութեան եզր մը գտնել՝ առանց զիջումի սակայն:

Վրաստանը հրապարակ նետեց Լօռու եւ Ախալքալակի խնդիրը, որոնք Թիֆլիսի նահանգին կը վերաբերուէին: Իսկ Ադրբէջանը ամէն կերպ կը ջանար իր թաթը դնել Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի վրայ, որոնք Գանձակի նահանգի մասերն էին՝ հին բաժանումով: Հայաստանը կը ձգտէր այդ շրջաններն ունենալ, նկատելով որ պատմականօրէն եւ ազգագրական տեսակէտով ատոնք հայկական շրջաններ էին:

Եւ ահա ծայր տուաւ նոր ատելութիւն, նոր թշնամութիւն, սկսուեցան նոր կռիւներ ու ընդհարումներ: Եւ կոտորածներն ու հալածանքները դարձան սովորական եւ առօրեայ երեւոյթներ:

Ղարաբաղին ու Զանգեզուրին տէր դառնալու եւ Հայաստանի հանրապետութիւնը զիջումի մղելու համար՝ Ադրբէջանը գործակալնէր կ’ուղարկէր Նախիջեւանի, Զանգիբասարի եւ Ղարսի շրջանները, ըմբոստութեան կը դրդէր զանոնք՝ Հայաստանի կառավարութեան դէմ եւ միաժամանակ իր բարեկամութեամբ Տաճկաստանի հետ՝ մշտական սպառնալիք կը հանդիսանար Հայաստանի համար: Այդ աշխատանքներէն բացի, ան կը նեղէր իր սահմաններուն մէջ ապրող հայերը՝ մշտական եւ պարբերական կոտորածներով, թալաններով եւ սպանութիւններով՝ ազդելու համար Հայաստանի քաղականութեան վրայ: Ան Բագուի մէջ կուտակուած նաւթի արտահանութիւնը կ’արգիլէր դէպի Հայաստան՝ երկաթուղիներու շարժական կարողութիւնը նուազեցնելու դիտումով եւ Վրաստանի հետ համախորհուրդ՝ շուկայի մէջ հայկական դրամներն անարժէք կը դարձնէր՝ տնտեսապէս ճնշելու եւ զիջման պարտադրելու Հայաստանի կառավարութիւնը:

Դաշնակից պետութիւններու յաղթանակէն վերջ, երբ ամբողջ հայութիւնը ուրախութեան մէջ էր, Հայաստանի կառավարութիւնը բնականօրէն կամեցաւ օգտուիլ այդ հանգամանքէն եւ վերջ տալ շտապ կերպով Կովկասի իր սահմաններու խնդրին (Ղարս, Նախիջեւան, Ղարաբաղ, Զանգեզուր, Լօռի) եւ կազմակերպուած ու պատրաստ ըլլալ խաղաղութեան վեհաժողովի որոշման համար Տաճկահայաստանի խնդրի վերաբերյալ:

Եւ, ի հարկէ, Հայաստանն ալ պարապ նստած չէր: Ան իր տրամադրութեան տակ ունէր Բագուի, Գանձակի եւ Թիֆլիսի հայութեան բարոյական եւ թուական ուժը, ան Լօռիի, Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի մէջ ունէր իր կազմակերպուած համակիրներու հոսանքը, որուն վրայ կռթնած՝ առաջ կը տանէր սահմանային վէճերու վերաբերյալ իր քաղաքականութիւնը:

Ան իր սահմաններուն մէջ ունէր եւ բաւական թուով թաթարական շրջաններ, ուր կրնար Ադրբէջանի ակրեսիւ քայլերին պատասխանել իր խստութիւններով:

Եւ ահա այսպէս զարգացաւ փոխադարձ ոչնչացման քաղաքականութիւնը:

Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը զինուած պատրաստ էին՝ Ադրբէջանի դէմ: Նախիջեւան, Վետի-Բասար, Ղարս եւ Ղազախ զինուած էին՝ Հայաստանի կառավարութեան դէմ: Եւ շարունակական ընդհարումներն անպակաս էին անդրկովկասեան իրականութեան մէջ:

Ադրբէջանի եւ Հայաստանի այս աննորմալ եւ կիսապատերազմական յարաբերութիւններն արդիւնք էին գլխաւորապէս երկու խոշոր եւ հակընդդէմ ձգտումներու՝ համիսլամական միութեան եւ ազգային անկախութեան գաղափարներուն: Սահմանային վէճերը, փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, տնտեսական բոյկոտն ու ճնշումները – միջոցներ էին միայն՝ իրականացնելու այդ երկու գաղափարները:

ՀԱՄԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՏԵՆՉԱՆՔՆԵՐ.- Տաճիկներու ազդեցութիւնը շատ խոշոր էր Ադրբէջանի վրայ, իսկ վերջինս արդէն կը կամենար ռուսական տիրապետութեան տակէն դուրս գալ եւ իր հարազատի գիրկը նետուիլ: Այդ արշաւանքի ընթացքին եւ յետոյ՝ թաթարական բոլոր կեդրոններում կազմակերպուեցան համապատասխան զինուորական եւ քաղաքացիական կորիզներ, համիսլամական գաղափարը տարածելու եւ ամրապնդելու համար:

Տաճիկները, Դաշնակից պետութիւններու յաղթանակէն յետոյ, երբ լքեցին Կովկասը, չմոռցան Ադրբէջանը եւ իրենց ռազմամթերքի թնդանօթներու, հրացաններու, սպաներու եւ հրամանատարներու մէկ մասը թողուցին Բագուի մէջ եւ հեռացան: Նահանջի ատեն անոնք մոռացութեան չտուին նաեւ Զանգիբասարի, Վետիբասարի, Նախիջեւանի եւ Ղարսի շրջաններու մահմետական տարրերը վարող օրգաները, կազմակերպեցին զօրամասեր ու դրին իրենց իսկ սպաներու ղեկավարութեան տակ եւ թողուցին բաւական խոշոր քանակութեամբ դրամագլուխ եւ հրահանգներ:

1918-էն մինչեւ 1920, երեք տարուայ ընթացքին, շատ պարզ կերպով կը նկատուէր ձգտում՝ իրագործելու որոշ ծրագիր մը – Ադրբէջանի միջոցով: Այդ ծրագրի նպատակն էր տիրանալ Ղարաբաղ-Զանգեզուրին եւ այդ ճանապարհով կապ պահպանել Նախիջեւանի թաթարներուն հետ եւ Հայաստանի հարաւային սահմաններով միանալ Տաճկաստանին, մէկ խօսքով, զինուորապէս եւ մահմետական տիրապետութեամբ օղակել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, նեղցնել անոր սահմանները, թուլացնել անոր դիմադրական ուժերը, պահել զայն տնտեսական նեղ կացութեան մէջ, որպէսզի Տաճկաստանը կարող ըլլայ ապահովուիլ իր թիկունքէն եւ իրագործել իր ձգտումները՝ վերակազմելու բանակը, վերագրաւելու կորսուած շրջանները եւ դիմագրաւելու անգլօ-յունական սպառնացող լուրջ վտանգը:

Հայաստանի վերջին տարիներու անցուդարձին ծանօթ անձնաւորութիւնները գիտեն, ար այն ժամանակ, երբ Ադրբէջանի հետ մեր հողային վէճերը սուր բնաւորութիւն կը ստանային եւ կը սպառնային ռազմական բարդութիւններով, տկարացած Տաճկաստանը իր փոքրիկ եւ յաճախակի յարձակումներով՝ Սարի-Ղամիշի, Օլթիի, Կողբ-Կաղզուանի եւ այլ ուղղութիւններով՝ օգնութեան կուգար իր հոգեզաւակ Ադրբէջանին: Նկատելի էր, որ այդ նոյն ատեանները Զանգիբասարի, Վետի-Բասարի, Շարուր-նախիջեւանի զինուած թաթարական խմբերը գլուխ կը բարձրացնէին Հայաստանի կառավարութեան դէմ՝ զբաղեցնելու համար զայն ներքին խնդիրներով, երբ արտաքին վտանգը օրը ըստ օրէ կ’աճէր:

Ազգային Անկախութիւն.- Մահմետական տարրերուն այդ վտանգաւոր եւ սպառնացող գաղափարին դէմ դարերով ստրուկ եւ փոքրաթիւ հայ ժողովուրդը կը պայքարէր իր ազգային անկախութիւնը պաշտպանելով: Մեր բնական փափաքն էր ունենալ անկախ Հայաստան մը, որի մէջ պարփակուած ըլլային Տաճկահայաստանն ու Ռուսահայաստանը:

Հայաստանի ժողովուրդը եւ կառավարութիւնը կը մտածէին որ մինչեւ Տաճկահայաստանի խնդրի լուծումը, անհրաժեշտ է վերջացնել մեր հանրապետութեան սահմանային խնդիրները, ապահովել զայն տնտեսապէս, վերակազմել եւ ուժեղացնել մեր բանակը, կանոնաւորել մեր պետական մեքենան, վարժեցնել ժողովուրդը օրինապահութեան եւ սեփական իշխանութեան:

Բնական է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը չէր կարող ինքնաբերաբար, դիւրութեամբ զիջել այնպիսի կարեւոր շրջաններ՝ ինչպէս են Ախալքալաքը, Ղարաբաղը եւ Լօռին, ուր հայերը մեծամասնութիւն կը կազմէն: Ան չէր կարող լքել, ե՛ւ այդ շրջաններու մէջ ապրող 400,000-էն աւելի հայ ազգաբնակութիւնը, որ մեծ պատերազմի ընթացքին համեմատաբար անվթար մնացած էր՝ տնտեսապէս եւ ֆիզիքապէս: Արդէն առանց այդ շրջաններու ալ Ադրբէջանի եւ Վրաստանի սահմաններուն մէջ կը բնակէին մօտ կէս միլիոն ընդունակ, առողջ եւ ձեռներեց հայեր, որոնց պէտքն այնքան զգալի էր Հայաստանի վերաշինութեան գործին մէջ:

Պէտք չէ մոռանալ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ կը մտնէին Ղարսի եւ Ալեքսանդրապոլի տնտեսապէս աւերուած գաւառները, Երեւանի շրջանը՝ որ պատերազմի ճակատին մօտ ըլլալով՝ ենթարկուած էր տնտեսական քայքայման, քանի մը հարիւր հազար գաղթականներ՝ անտուն եւ անգործ եւլ., Բայազէտի սակաւահող շրջանը, որոնցմով ոչ մի կառավարութիւն չէր կարող իր գոյութիւնը երկարատեւ դարձնել:

Պէտք չէ մոռանալ նաեւ, որ վիճելի հողամասերու մեծագոյն մասը Հայաստանի լեռնային շրջաններն էին, մեր բնական յենարաններն ու սահմանները, որոնց մէջ կը բնակէին կռուի եւ զէնքի համար ամենէն ընդունակ ու համեմատաբար ամենէն աւելի առողջ հայ տարրերը, որոնց պէտքն այնքան զգալի էր՝ հանրապետութեան մանուկ բանակի վերակազմութեան եւ ամրացման համար:

Վերջապէս պէտք չէ մոռանալ, որ մեզի համար կենաց եւ մահու չափ անհրաժեշտ էր խափանել Ադրբէջանի եւ Տաճկաստանի Ղարաբաղ-Զանգեզուրի վրայով միանալու ծրագիրը, ապահովելու համար հանրապետութեան սահմանները: Մենք անտարբեր չէինք կրնար ըլլալ հանդէպ աճող համիսլամական շարժման, որուն մէկ կարեւոր արտայայտութիւնն էր Տաճկաստանի եւ Ադրբէջանի միջեւ 1919 թուի հոկտեմբերի 29ին կնքուած զինակցութեան դաշինքը:

Ահա այդ դաշինքի քանի մը, մեզ համար կարեւոր յօդուածները.-

Յօդ. 1.- Իսլամի Խալիֆայութեան ներկայացուցիչ օսմանեան կառավարութեան Ադրբէջանի միջեւ, որ ճգնում է ձեռք բերել իր անկախութիւնը, սկզբունքով համաձայնութիւն կայացաւ, որ որեւէ յարձակման կամ Ադրբէջանի բնական սահմաններու պահպանման տեսակէտով առաջանալիք որեւէ վտանգի դէպքում՝ օսմանեան կառավարութիւնը կարիք եղած պարագային իր զինուորական աջակցութիւնը պիտի տայ, եւ երկու մահմետական երկիրներն իրար փոխադարձաբար նեցուկ պիտի ըլլան:

Յօդ. 3.- Երբ պայմանաւորուող կողմերէն մէկը իրօք յարձակում կրէ կամ գտնուի ուղղաի սպառնալիքի տակ, փոխադարձ զինուորական օգնութիւն պիտի տրուի:

Յօդ. 5.- Այն պարագային, երբ Ադրբէջանի հանրապետութեան ճանաչումը, Աստուած մի՛ արասցէ, ձեռք չբերուի, եւ Օսմանեան կայսրութեան ամբողջականութիւնը կամ անկախութիւնը կորսուելու վտանգին ենթարկուի, պայմանաւորուող երկու կողմերը չպիտի ստորագրեն հաշտութիւն եւ զէնքերը վար չպիտի դնեն՝ առանց նախնական փոխադարձ հաւանութեան եւ համաձայնութեան:

Յօդ. 9.- Օսմանեան կայսրութիւնը յանձն կ’առնէ եւ կը կատարէ Ադրբէջանի հանրապետութեան բանակի կազմակերպումը եւ, երկու երկիրներու համապատասխան սպայակոյտներու գնահատումներուն համաձայն, կը պարտաւորուի Ադրբէջանի բանակին համար սպաներ ու զինուորական հրահանգիչներ ուղարկել…

Շատ պարզ եւ որոշ է, որ այս զինակցութիւնը ուղղուած էր Հայաստանի հանրապետութեան դէմ եւ որ Ադրբէջանը առաջ կը տանէր ոչ թէ իր, այլ Տաճկաստանի ընդհանուր քաղաքականութիւնը, հանդիսանալով անոր համիսլամական շղթայի կարեւոր օղակներէն մէկը:

Բ.

ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ

ԱՆԴՐԱՆԻԿԸ ԵՒ ԻՐ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

1918 թուին, երբ տաճկական զօրքը Կովկաս մտաւ, մոռացութեան չտուեց ե՛ւ Ղարաբաղը, որ տեսակ մը սպառնալիք էր դէպի Բագու արշաւող թրքական բանակի համար: Անհրաժեշտ կը նկատուէր վերջ տալ այդ շրջանի ըմբոստ գիւղացիութեան վտանգին նաեւ այն պարզ պատճառով, որ այդ ուղղութեամբ կարելի պիտի ըլլար նաեւ անցնիլ Զանգեզուր, միանալ Նախիջեւանին եւ ամէն կողմէ շրջապատել Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ վերջինս միշտ ենթակայ դրութեան մէջ պահելու համար:

Դէպի Ղարաբաղ շարժուելու համար թուրքերը անմիջական դրդապատճառ ալ ունէի,- Անդրանիկին իր զօրամասով տէր էր դարձած Զանգեզուրին եւ կը սպառնար տէր դառնալ նաեւ Ղարաբաղին:

Տաճիկները, թէեւ հաւատացած էին, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը զօրական օժանդակութիւն չի կարող հասցնել Ղարաբաղին, բայց չգիտէին, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Անդրանկի միջեւ որեւէ համաձայնութիւն չկայ:

Յայտնի է, որ 1918 թուի ապրիլին, թրքական յառաջխաղացման ատեն, Ալեքսանդրապոլի մէջ կազմուեցաւ Անդրանիկի հրամանատարութեամբ Հայկական առաջին Հարուածող Զօրամասը, որը պիտի ենթարկուէր Զօր. Նազարբէկեանին:

Երբ սակայն գահավէժ ընթացքը հարկադրեց Հայոց Ազգային Խորհուրդը հաշտութիւն կնքել թուրքերուն հետ, Անդրանիկ բողոքողներէն մէկն եղաւ եւ այդ օրուէն ի վեր կապը կտրեց հայկական ազգային-քաղաքական եւ զինուորական մարմիններուն հետ, առաջ տարաւ անջատ, անհատական քաղաքականութիւն, թողուց հայկական հանրապետութեան սահմանները, իր զօրամասի հետ շարժուեց դէպի Նախիջեւան-Պարսկաստան՝ արդէն դէպի հիւսիս յառաջացող անգլիացիներու հետ միանալու ՝ հակընդդէմ թուրքերուն:

Իր այդ ճամբորդութեան ընթացքին, սակայն, արտաքին եւ ներքին պայմաններու փոփոխութեան պատճառով եւ Զանգեզուր-Ղարաբաղի ժողովուրդի դիմումի հիման վրայ, Անդրանիկը հրաժարեցաւ իր նախկին ծրագրէն եւ մնաց Զանգեզուր, որուն հայութիւնը կ’ապրէր օրհասական օրեր: Նոյն թուի օգոստոսի 3-ին, Անդրանիկն իր զօրամասով մտաւ Գորիս քաղաքը:

Այդտեղ քիչ մը մնալէն վերջ, ան ստիպուեցաւ փոխադրուիլ Սիսիեանի շրջանը, որ աւելի հարուստ եւ բարեբեր է ու ի վիճակի էր կերակրելու անոր զօրամասը:

Անդրանիկի ներկայութիւնը Զանգեզուրի մէջ ոգեւորեց նաեւ Ղարաբաղի հայութիւնը, որ իր ներկայացուցիչներու միջոցով խնդրեց Անդրանիկէն անցնիլ անմիջապէս Ղարաբաղ, մանաւանդ որ Գանձակ նստած Նուրի փաշայի զօրքերն արդէն կը յառաջանային դէպի Ասկերան-Շուշի եւ Ղարաբաղի հայաշատ այլ կեդրոններ:

Ղարաբաղի հայութեան առաջարկն ու պատրաստակամութիւնը՝ օգնելու իրեն, անգլիացիներու յաղթանակի լուրերը, իր զօրամասի տնտեսական վատթար պայմանները եւլն. պատճառ դարձան, որ Անդրանիկը փոխէ իր սկզբնական ծրագիրները եւ իրէն նպատակ դնէ արգիլիլ յառաջ երթալ Եւլախ… Գանձակ… Բագու, ո’վ գիտէ:

Միաժամանակ Հայաստանի Հանրապետութենէն դժգոհ զօրավարի շուրջը հաւաքուած անձնաւորութիւնները կը տեսնէին, որ չպէտք է ժամանակ կորսնցնել, այլ պէտք է ակտիւ քայլեր առնել, որովհետեւ «ներքին ձայնը կ’ըսէր, թէ մօտ է մեծ վայրկեանը, երբ արդէն դրութիւնը փոխուած պիտի տեսնէնք եւ նոյնիսկ ուշ մնացած՝ գործելու համար»:

Այս պայմաններուն մէջ Անդրանիկ զգալի ծառայութիւններ մատուցեց Զանգեզուրի հայութեան, կասեցնելով թաթարական քանի մը շրջաններու վտանգը, ինչպէս, օրինակ, Աղուտի-Վաղուտինը, որով Գորիսը կը կտրուէր Սիսիանէն:

Թրքական արշաւանքը, սակայն, դէպի Ղարաբաղ, պսակուեց որոշ յաջոութեամբ: Տաճկական զօրքերն անարգել հասան մինչեւ Ասկերան եւ վերջնագիր ներկայացրին Շուշի քաղաքի եւ շրջանի հայութեան՝ անձնատուր լինելու: Քաղաքը ընդառաջ գնաց այդ ուլտիմատումին, իր ներկայացուցիչներու միջոցով հաւատարմութիւն յայտնեց եւ նոյնիսկ խոստացաւ յատուկ մարդկանց միջոցով ազդել նաեւ Զանգեզուրի հայութեան վրայ:

Ղարաբաղի գիւղացիութիւնը, հակառակ քաղաքի այդ հաշտարար տրամադրութեան, չկամեցաւ ճանաչել թուրքերի իշխանութիւնը եւ իր կազմակերպած ինքնապաշտպանութեան մարմիններու միջոցաւ շարունակեց իր դիմադրութիւնը եւ բանակցութիւններն Անդրանիկի հետ:

Սեպտեմբերի 25-ին թուրքերը գրաւեցին Շուշին:

Գաւառը սակայն դիմադրեց թուրքերուն եւ նոյնիսկ նշանակալից յաղթանակներ տարաւ: Վարանդայի Մսմնայ գիւղի մօտ շրջապատեց 400-ի մօտ թրքական ասկերաները, ջարդեց զանոնք, գրաւեց երկու թնդանօթ եւ քանի մը գնդացիրներ: Այդ դէպքը ոչ միայն ոգեւորեց Ղարաբաղի միւս շրջաններու հայութիւնը, այլ եւ Անդրանիկին ու իր զօրամասը, որուն մէջ բաւական թուով զինուած Ղարաբաղցիներ ալ կային:

Հոկտեմբեր 26-ին Ղարաբաղէն եկած սուրհանդակները կը յայտնեն, թէ այնտեղի հայութիւնը պատրաստ է օգնելու եւ ամէն ինչ զոհելու, որ 15.000 կռուողներ կարելի է զէնքի տակ կանչել եւ որ «ամէնքը պատրաստ են եւ կը սպասեն «Աղայի (Անդրանիկի) գալուն»:

Այս ժամանակներն էր, որ Զանգեզուրի ժողովուրդը իր համագումարների միջոցով անխախտ փափաք յայտնած էր օգնելու Ղարաբաղի հայութեան՝ Անդրանիկի անոր օգութեան հասնելու ատեն:

Եւ այսպէս երկու կողմերէն ալ կը տեսնեին համապատասխան պատրաստութիւններ: Բոլորն ալ կը զգան Ղարաբաղի գրաւման անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ թէ՛ հայաշատ կեդրոն է, թէ՛ բաւական թուով կռուողներ կուտայ եւ թէ՛ հացառատ է եւ, որ ամենակարեւորն է, պէտք է օգտուիլ հանգամանքէն եւ լայն շերտով կապ պահպանել Զանգեզուրի հետ՝ Հէքքեարի գետի երկու կողմերը գրաւած թրքական շրջաններն անվտանգ դարձնելու համար:

Երկար բանակցութիւններէ եւ պատրաստութիւններէ յետոյ, Անդրանիկին իր Հարուածող Զօրամասով եւ Ղարաբաղցիներու գնդով, նոյեմբերի 29-ին, կը շարժուի դէպի Զաբուղ եւ նոյեմբերի 30-ին կը սկսի կատաղի եւ օրհասական կռիւներ՝ Մարքիզ լերան բարձրունքները գրաւելու եւ բանալու Շուշի-Եւլախ խճուղին:

Դեկտեմբեր 1-ին այդ շատ կարեւոր դիրքը, բաւական թանկագին զոհերով, կը գրաւուի եւ շրջանի թրքական գիւղերը կ’ենթարկուին յառաջացող զօրամասի կրակի վտանգին: Այդ յաջողութեան հետեւանքով կը բացուի Գորիս-Ղալաղշլաղ-Թթուջուր եւ Շուշի ճամբան:

Ղարաբաղը գրաւելու աշխատանքի դժուարագոյն մասը կը վերջանար: Պէտք կար քիչ մը եւս ճիգ ու վճռականութիւն, որպէսզի հայկական երկու կարեւոր շրջանները, Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը, միանային եւ յետագային այնքան դժուարութիւններու եւ զոհերու դուռ չբանային: Սակայն Դաշնակից պետութիւններու հանդէպ ունեցած մեր, ինչպէս նաեւ Անդրանիկի հաւատքը աւելորդ անգամ շեղեց մեզ շիտակ ճամբայէն: Ադրբէջանի կառավարութիւնը, զգալով որ Անդրանիկի արշաւանքով Ղարաբաղը պիտի կորսուի եւ դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան յենարաններէն մին, Բագուի մէջ գտնուող անգլիական ներկայացուցիչ Գեն. Թամսընի միջոցով յատուկ սուրհանդակնէր ուղարկել տուեց Զանգեզուր, Անդրանիկի մօտ, վերջ տալու կռիւներուն եւ անոր յառաջխաղացման:

Թաթարները հասան իրենց նպատակին:

Հեռագիրներ, նամակներ եւ ներկայացուցիչներ կը փութան Զանգեզուր, կը հաղորդեն Դաշնակիցներու յաղթանակի մասին, ոգեւորիչ եւ յուսադրիչ ճառեր կ’արտասանեն՝ Հայաստանի ազատութեան մասին, կը գովեն հայերու եւ, մանաւանդ, Անդրանիկի մատուցած ծառայութիւնները: Տեղի կ’ունենան ճաշկերույթներ, կը հնչեն հուռաներ ու կէցեներ, կը ստեղծուի խանդավառ տրամադրութիւն, որուն արդիւնքը կ’ըլլայ Ղարաբաղի հարցի մոռացում:

Անդրանիկը կամաց կամաց կը քաշուի: Իր զինուորները, ուրախութեամբ տեսնելով իրենց հաղթանակը, կը թողնեն իրենց դիրքերը, կը վերադառնան Գորիս, ապա կ’անցնին Հայաստան եւ կը ցրուին: Թաթարները կամաց կամաց կը վերադառնան իրենց նախկին տեղերը կը գրաւեն կարեւոր դիրքերը, կը  կտրէն Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի հաղորդակցութեան կապը եւ նոր յոյսերով լի պատրաստութիւններ կը տեսնեն՝ այս անգամ տարբեր ճանապարհներով եւ միջոցներով իրագործելու համար իրենց նատակը:

Այսպիսով, հակառակ այդքան աշխատանքներուն եւ յաջողութիւններուն, Ղարաբաղ –Զանգեզուրի հարցը մնաց առկախ եւ կռուախնձոր՝ Ադրբէջանի եւ Հայաստանի կառավարութեանց միջեւ:

ՕԳՈՍՏՈՍԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Դաշնակիցներու յաղթանակով հայութիւնը շատ խանդավառուած էր: Մենք բոլորս ալ այն յոյսը ունէինք, թէ այժմ, 1918-էն վերջ, խօսքը ո՛չ թէ զէնքին կը պատկանի, այլ ճարպիկ դիւանագիտութեան, եւ անհրաժեշտ է, որ մեր վիճելի խնդիրները ռազմաճակատներէն տանինք դէպի խորհրդաժողովներու կանանչ սեղանները:

Եւ մինչ մեր պետական եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ կը տիրապետէր կրաւորական մտայնութիւն եւ վստահութիւն Դաշնակիցներու վրայ, Ադրբէջանի մէջ առաջ կը տարուէր աւելի գործօն քաղաքականութիւն մը թէ՛  կոտորածներով, թէ՛ տեղական բնոյթ կրող կռիւներով եւ թէ՛ Զօր. Թամսընի վրայ ազդելու իրենց աշխատանքով:

Պէտք է հոս շեշտել, որ անգլիական կառավարութեան ներկայացուցիչներն Անդրկովկասի մէջ եւ յատկապէս Զօր. Թամսընը, առաջ կը տանէին թուրքերուն հետ հասկացողութեան եզր մը գտնելու իրենց որոշ քաղաքականութիւնը, որուն պատճառով ալ չէին կամենար վերջ տալ Անդրկովկասի հանրապետութիւններու միջեւ եղած վիճելի հողամասերու խնդրին,  մինչդեռ այդ կարող էին իրենց ակտիւ միջնորդութեամբ, որ ա՜յնքան ազդեցիկ էր 1919 թուին:

Օգտուելով Անգլիայի թուլութենէն եւ Հայաստանի կառավարութեան տնտեսական եւ գաղթականական նեղ կացութենէն, Ադրբէջանն աստիճանաբար, աննկատելի կերպով, սկսաւ իր յարձակողական քաղաքականութեան:

Ամենէն առաջ ան տեռորի ենթարկեց Շամախու, Նուխու եւ Գանձակի շրջանների մէջ գտնուող հայութիւնը եւ իր կազմակերպած սպանութիւններով Բագու-Թիֆլիս երկաթուղիի վրայ, կտրեց որեւէ կապ Հայաստանի եւ Ադրբէջանի միջեւ: Զգուշութեամբ եւ խորամանկութեամբ բազմաթիւ խոստումներ ըրաւ անգլիացիներուն՝ Բագուի նաւթահորերը շահագործելու համար, աւելի ամրապնդեց իր եւ Վրաստանի միջեւ արդէն գոյութիւն ունեցող բարեկամական կապը եւ իր գործակալներու միջոցով՝ հայերուն եւ թուրքերուն, Շուշի-Աղդամ եւլն. շրջաններու մէջ, ջանաց ներշնչել Ղարաբաղը Ադրբէջանի տնտեսական անբաժանելի մաս ըլլալու գրաւիչ գաղափարը: Ապացուցանելու համար իր այդ տեսակէտի ճշմարտութիւնը, ան սարսափի տակ պահեց Եւլախ-Շուշի խճուղին, որպէսզի հայերը չկարողանան ազատ երթեւեկել եւ տնտեսապէս զարգացնել շրջանը. կազմակերպեց նաեւ տնտեսական բոյկոտ՝ Ղարաբաղի հայ գիւղացիութեան նաւթ, հագուստեղէն եւլն. չծախելով: Եւ այդ միջոցներով ջանաց թեքել այս շրջանի հայութեան տրամադրութիւնը:

Իրերու այս վիճակին մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը ֆիզիքական հնարաւորութիւն չունէր իրական օժանդակութիւն հասցնելու Ղարաբաղին, մանաւանդ որ ինքն ալ մտահոգուած էր բազմաթիւ արտաքին եւ ներքին ծանրակշիռ խնդիրներով, եւ կը բաւականանար միայն դիւանագիտական միջոցներու դիմելով՝ նոթերով եւ բողոքներով:

Երկու պետութիւններու այս հակամարտութիւնը, ինչպէս նաեւ այն, որ Դաշնակից պետութեանց ներկայացուցիչներն ամէն կերպ կը խուսափէին վերջ տալու վիճելի հարցերուն եւ կը թելադրէին սպասել խաղաղութեան վեհաժողովի աշխատանքներու վերջավորութեան, առաջ բերին Ղարաբաղի հայութեան մէջ երկու հոսանք: Մէկը կը ձգտէր Ղարաբաղը ժամանակաւորապէս կցել Ադրբէջանին, իսկ միւսը՝ վերջապէս Հայաստանին:

Ադրբէջանի կառավարութեան պրովոկացիաների հետեւանքով եւ անգլիական իշխանութեան օժանդակութեամբ Ղարաբաղէն աքսորուեցան վերջին հոսանքի ղեկավարները: Այս պայմաններու մէջ է, որ տեղի կ’ունենայ Ղարաբաղի հայութեան 7-րդ համագումարը: Վերջինս տեսնելով, որ Դաշնակից պետութիւնները չեն ուզեր Ղարաբաղը Հայաստանին միացնել, իսկ Հայաստանն ալ այնքան ուժ չունի,որ զէնքի ուժով լուծէ կնճիռը, հետեւեալ համաձայնութիւնը կայացուց Ադրբէջանի կառավարութեան հետ.-

«Նկատի ունենալով, որ լեռնային Ղարաբաղի հայերու 7-րդ համագումարը, 1919, օգոստոս 15-ին, իր առաւօտեան նիստին մէջ, որոշեց կանգ առնել Ադրբեջանի հանրապետութեան կառավարութեան հետ ունեցած հետեւեալ ժամանակաւոր համաձայնութեան վրայ.-

ա) Ներկայ ժամանակաւոր համաձայնութիւնը կ’ընդունուի երկու կողմերէն, մինչեւ այդ հարցի հաշտութեան համաժողովի կողմէն վճռուիլը, որ պարտադիր է երկու կողմերուն համար ալ:

բ) Ղարաբաղի լեռնային մասի՝ Շուշիի, Ջիւանշիրի եւ Ջիբրայելի (Դիզակ, Վարանդա, Խաչէն, Ջրաբերդ) գաւառները, իրենց հայ ազգաբնակութեամբ, ժամանակաւորապէս պիտի մնան Ադրբէջանի հանրապետութան սահմաններու մէջ:

գ) Շուշիի, Ջիւանշիրի եւ Ջիբրայելի նահանգները կ’անջատուին Ղարաբաղի գեներալ նահանգապետութենէն, որպէս վարչական առանձին միութիւն, եւ հայոց լեռնական կազմակերպութեան վարչութիւնը կը կազմուի հայերէն, այն պայմանով, որ ի նկատի առնուին փոքրամասնութեան իրաւունքները:

դ) Ղարաբաղի լեռնային մասի (Դիզակ, Խաչէն, Վարանդա եւ Ջրաբերդ) վարչական պաշտօնատար անձերը կը նշանակուին Հայոց Խորհրդի անդամներու առաջարկութեամբ:

ե) Ղարաբաղի գեներալ-նահանգապետութեան մէջ կը հիմնուի խորհուրդ մը վեց հոգիէ բաղկացած,- երեք հայ եւ երեք թուրք:

զ) Խորհրդի հայ անդամները կ’ընտրուին լեռնային Ղարաբաղի հայ ազգաբնակութեան համաժողովի կողմէն: Համաժողովները վերընտրութեան իրաւունք ունին:

է)  Միջազգային բնոյթ կրող բոլոր սկզբնական հարցերը չեն կարող կեանքի մէջ մտնել առանց ենթարկուելու Խորհուրդի քննութեան:

ը) Խորհուրդը շինարարական եւ գեն.-նահ.-եան կառավարութեան հարցերու մէջ նախաձեռնութեան իրաւունք ունի:

թ) Խորհուրդը իրաւունք ունի վերահսկելու գեն.-նահանգապետութեան վարչութիւնը, առանց խառնուելու վարչութեան գործունէութեան մէջ:

ժ) Կը հիմնուի գեն.-նահանգապետի քաղաքացիական օգնականի պաշտօն, եւ այդ պաշտօնի համար կը նշանակուի հայ մը:

ժա) Գեն.-նահանգապետի քաղաքացիական օգնականի համար համագումարը Ադրբէջանի կառավարութեան կ’առաջարկէ երկու թեկնածու, որոնցմէ մէկը պիտի հաստատուի պաշտօնի մէջ:

ժբ) Ղարաբաղի հայերը ունին կուլտուրական ինքնորոշման իրաւունք:

ժգ) Կուլտուրական ինքնորոշումը կ’իրականացուի Ղարաբաղի Ազգային Խորհուրդի կողմէն, որ կ’ընտրուի հայերու պարբերական համաժողովէն:

ժդ) Ադրբէջանի հանրապետութեան կառավարութիւնը կը վերահսկէ Հայոց Ազգային Խորհուրդի գործունէութիւնը՝  լիազօրուած հայերու միջոցով:

ժե) Զինուորական մասերը կը բնակին Խանքենդի եւ Շուշիի մէջ, խաղաղ ժամանակուայ կազմով:

ժգ) Զօրամասերու ամէն մէկ տեղափոխութիւնը դէպի Ղարաբաղի լեռնային մասը՝ Շուշիի, Ջիբրայելի եւ Ջիւանշիրի գաւառները, ուր կը բնակին հայեր, կարող է տեղի ունենալ Խորհուրդի անդամներու երկու-երրորդի համաձայնութեամբ:

ժէ) Քաղաքական համոզման համար ոչ ոք չի կրնար հետապնդուիլ, ոչ դատական եւ ոչ ալ վարչական կարգով:

ժը) Բոլոր հայերը, որոնք քաղաքական պատճառներով ստիպուած են եղել հեռանալ Ղարաբաղէն, կարող են նորէն իրենց տեղերը վերադառնալ:

Այս համաձայնութիւնը, որի կազմութեան մէջ Հայաստանի կառավարուիթւնը ոչ մէկ մասնակցութիւն եւ ազդեցութիւն ունեցաւ, եղաւ Ադրբէջանի դիւանագիտական յաղթանակներէն մէկը:

Անոր մէջ շեշտուծ այն կէտերը, թէ «Ղարաբաղի լեռնային մասի գաւառները, իրենց հայ ազգաբնակութեամբ, ժամանակաւորապէս պիտի մնան Ադրբէջանի հանրապետութեան սահմաններուն մէջ», «քաղաքացիական օգնականի համար համագումարը Ադրբէջանի կառավարութեան կ’առաջարկէ երկու թեկնածու, որոնցմէ մէկը կը հաստատուի պաշտօնի մէջ», եւ «Ադրբէջանի հանրապետութեան կառավարութիւնը կը վերահսկէ Ազգային Խորհրդի գործունէութիւնը՝ լիազօրուած հայերու միջոցով», պարզ եւ որոշ տրամադրութիւններ էին, որոնք կ’ապացուցանէին, թէ Ադրբէջանը շատ ակտիւ մասնակցութիւն պիտի ունենայ Ղարաբաղի հայերու կեանքին մէջ եւ կարելի բոլոր միջոցներով պիտի ջանայ թեքել անոր տրամադրութիւնը դէպի իր օրիէնտացիան:

ԱԿՏԻՒԻՍՏՆԵՐ ԱԴՐԲԷՋԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Այս երկու երկիրներու քաղաքական-հասարակական եւ պետական գործիչներու մէջ գոյութիւն ունէր ակտիւնիստներու հոսանք մը, որ կը ղեկաւարէր թէ՛ հասարակական կարծիքը եւ միաժամանակ կ’ազդէր իր կառավարութեան ընթացիկ քաղաքականութեան վրայ:

Ադրբէջանի մէջ այդ հոսանքի գլուխ կանգնած էին Իթթիհատ կուսակցութեան պարագլուխները եւ Մուսավաթ կուսակցութեան ղեկավար անհատները, որոնց մէջ էին Խան-Խոյսկին եւ Խոսրով բէկ Սուլթանովը:

Դեռ 1920 թուի փետրուարին, Իթթիհատի Բագու կայացած համագումարը, հետեւեալ որոշումներն անցուց.-

«Համագումարը բարձրաձայն կը յայտարարէ եւ կը պահանջէ՝ մինչեւ պատերազմը գոյութիւն ունեցած Տաճկաստանի տերիտորիայի լիակատար անձեռնմխելիութիւնը» եւ «Պահանջել Ադրբէջանի կառավարութենէն, որ վերջինս ամենակտրուկ միջոցներ ձեռք առնէ լիկվիտացիայի ենթարկելու Զանգեզուրի դէպքերը»:

Դեռ Ղարաբաղի դէպքերէն առաջ, 1920 թուի յունուարի սկզբին, Ջէլիլ Սուլթանովը, Ադրբէջանի պարլամենտի անդամ, կը հեռագրէր Բագու՝ իր կառավարութեան. «Գաւառի դժբախտ ազգաբնակութեան անունէն կ’աղերսեմ, թղթի վրայ բողոքներէն անցնիլ ակտիւ գործունէութիւններու եւ Ադրբէջանի լաւագոյն անկիւնը փրկել կործանումէ: Զանգեզուրէն յետոյ հերթը Ղարաբաղինն է»:

Այդ ժամանակները թրքական «Ադրբէջան» թերթի մէջ, Խալիլ Իբրահիմը կը գրէր. «Հայերու զինուած ուժը բաղկացած է 10,000ից, որուն կը մասնակցի Երեւանի կառավարութեան կանոնաւոր զօրքը: Զանգեզուրը կոտորելով վերջացնելէ յետոյ՝ այնպիսի զօրքը անմիջականօրէն կարող է ձեռք երկարել Շուշի-Ջիւանշիրի հայերուն»:

Եւ այդ առթիւ նոյն թերթը, յունուար 26-ի իր խմբագրականի մէջ կ’ըսէր.

«Զանգեզուրը Ադրբէջանի ամենէն արժէքաւոր եւ անբաժան մասն է: Անոր վրայ ամէն մի ոտնձգութիւն ամբողջ Անդրկովկասի մէջ յուզում կ’առաջացնէ կայծակի արագութեամբ»:

Ծայրայեղներու թիւը շատ էր Ադրբէջանի թէ՛ վերին եւ թէ՛ ներքեւի խաւերուն մէջ: Անոնք նպատակ ունէին զէնքի միջոցով եւ անմիջական կերպով վերջ տալ Ղարաբաղ-Զանգեզուրի հարցին եւ միշտ ալ խիստ կերպով քննադատութեան կ’ենթարկէին իրենց կառավարութեան թոյլ քաղաքականութիւնը: Ասոնք իրենց հերոսն ունէին՝ յանձինս Խ. Սուլթանովի, որ, երբեմն անկախ կառավարութեան կամքէն, կ’աւերէր հայկական գիւղեր եւ իր կազմակերպուած աւազակային խմբերով սարսափի մէջ կը պահէր Եւլախ-Շուշի թէ՛ խճուղին եւ թէ՛ անոր բոլորտիքը բնակող հայ գիւղացիութիւնը:

Ծայրահեղներու կամ ակտիւիստներու յաղթանակէն վերջ ասոնք անցան եռանդուն գործունէութեան, պահանջեցին Հայաստանի կառավարութենէն անմիջական քայլերու դիմել՝ Ղարաբաղ-Զանգեզուրի հարցին վերջ տալու համար եւ որեւէ առիթ չէին փաղցներ՝ քննադատելու կառավարութեան թոյլ քաղաքականութիւնը: Այդ հոսանքն աւելի ուժեղացաւ 1919 թուի ամառը, որով Ադրբէջան իր ճամբան կը հարթէր դէպի Զանգեզուր, սկիզբ դնելով իր նուաճողական քաղաքականութեան: Այդ հոսանքն աւելի ծաւալուեցաւ Ղարաբաղի Ազգային Խորհուրդի քանի մը անգամներու եւ քաղաքական գործիչներու բռնի աքսորի շնորհիւ:

1919 թուի Զանգեզուրի տարած յաղթանակը՝ Ադրբէջանի զօրամասերի վրայ, անգամ մը եւս եկաւ ուժ ներշնչելու հայ ակտիւիստներուն եւ արդարացնելու անոնց պատճառաբանութիւնը թէ՛ միայն զէնքի միջոցով պիտի լուծուի Ղարաբաղի հարցը, հետեւաբար կառավարութիւնն ալ այդ ուղղութեամբ որոշ քայլեր առնելու է:

Օգոստոսեան ժամանակաւոր համաձայնութիւնը քննադատութեանց բաժակը լեցուց: Ադրբէջանը տարած էր խոշոր դիւանագիտական յաղթանակ մը: Սուլթանովի իշխանութիւնը կամացուկ եւ խաղաղ կերպով մտադրած էր Ղարաբաղի հայութեան տրամադրութիւնը քանդել: Բագուի կառավարութիւնը 50 միլիոն ռուբլու դրամագլուխ էր յատկացրել հայ գիւղացիներու զէնքերը գնելու եւ խոշոր գումար մըն ալ՝ հայ ինտելիգենցիայի որոշ մասի աջակցութիւնը ապահովելու համար, անոնց համապատասխան պաշտօններ տալով: Կազմակերպուած էր թրքական լրտեսական ցանց մը Ղարաբաղի գիւղերու մէջ, եւ նաւթ ու աղը կը հանդիսանային միջոցներ՝ հայ բնակչութեան քաղաքական տրամադրութեան վրայ ազդելու:

Այս համաձայնութեամբ Ղարաբաղը կիսով չափ կը մտնէր Ադրբէջանի հանրապետութեան մէջ եւ իր Ազգային Խորհուրդն ալ կ’ենթարկուէր անոր քոնթրոլին, մանաւանդ որ բոլոր պաշտօնեաներուն Ադրբէջանը դրամ կուտար:

Ակտիւիստներու այդ հոսանքը չէր պարփակուեր միայն Հայաստանի մէջ գտնուած Ղարաբաղցի եւ այլ քաղաքական-պետական գործիչներով, այլ եւ կը տարածուէր զինուորական շրջանակներու մէջ եւս, յատկապէս 2րդ գնդի Ղարաբաղցի զինուորականներու մէջ, որոնք առաջարկ ներկայացուցին կառավարութեան՝ թոյլ տալու, որ իրենք երթան Ղարաբաղ՝ արգիլելու անոր ենթարկումը Ադրբէջանի լուծին:

Դեռ Ղարաբաղի դէպքերէն առաջ, Երեւանի Ղարաբաղցիներու Հայրեն. Միութիւնը, իր նախագահ Գ. Բալայեանին միջոցով, դիմեց Հայաստանի կառավարութեան բողոքով մը, որ կը վերջանար հետեւեալ խօսքերով.-

«Անտանտի ներկայացուցիչներու գերագոյն կոմիսարներու աչքի առաջ պատրաստւում է Հայաստանի վերջին անվնաս մնացած շրջանի ոչնչացումը… Խնդրում ենք վճռական քայլեր առնել թրքական էմիսարների եւ Ադրբէջանի շովինիստական շրջանների արիւնալի ակրեսիւ նպատակների առաջն առնելու համար»:

Հայաստանէն դուրս ակտիւիստներու հոսանք կար ե՛ւ Վրաստանի հայերի մէջ, որոնց արտայայտութիւնը կը գտնենք «Ձախակողմեան Սօցիալիստ» անունով մեր հակառակորդներէն մկրտուած «Աշխատաւոր» Դաշնակցական թերթի 1920 թուի թիւ 52-ի մէջ.-

«Մարգարէ չպէտք է լինել գուշակելու համար, որ Ղարաբաղը կանգնած է արիւնալի նախճիրների նախօրեակին, որովհետեւ կասկածից դուրս է, որ տեղացի հայութիւնը երբեք կամովին չի համաձայնի իր վիզը թեքել թրքական եաթաղանի հանդէպ… Ինչպէս անցեալում, այնպէս եւ այժմ Ղարաբաղի փրկութիւնը նրա կազմակերպուած կամքն է եւ կատարեալ վճռականութիւնը՝ ամէն գնավ ապահովել իր ազատութիւնը, միանգամայն հաւատացած լինելով, որ իր հետ է այդ գործում ամբողջ հայութիւնը»:

Ակտիւիստներու, ինչպէս նաեւ հայ հասարակական ու պետական շրջաններու համար, Ղարաբաղի խնդիրը եղած էր կենսականօրէն անհրաժեշտ հարց մը՝ երկու գլխաւոր պատճառներով, ի բաց առեալ ազգային-պատմական նկատումները.-

  1. Ղարաբաղի գրաւումով Ադրբէջանը շատ դիւրութեամբ կրնար իր թաթը դնել ե՛ւ Զանգեզուրի վրայ եւ անոր վրայով կապուիլ թաթարական Նախիջեւանի հետ եւ այդ ճանապարհով Թուրքիոյ հետ եւ մշտապէս սպառնալ Հայաստանի հանրապետութեան գոյութեանը:

2. Ղարաբաղի հայ ազգաբնակութեան ֆիզիքական եւ ռազմական առողջ ուժը անհրաժեշ էր Հայաստանի կառավարութեան եւ յատկապէս անոր բանակը զօրացնելու համար, որովհետեւ Ղարաբաղը կարող էր մօտ 10,000 կռուող զինուորներ հայթայթել, որ համեմատաբար խոշոր ուժ մըն է, մանաւանդ որ Հայաստանի միւս շրջանների տնտեսական վատթար կացութիւնը կը պարտադրէր աւելի երիտասարդ ուժեր պահել թիկունքը՝ տնային եւ դաշտային կարեւոր աշխատանքներու համար:

Ահա այս պայմաններու մէջ էր, որ ես եւ ընկերս՝ Գնդ. Զ. Մ. , ճամբայ ելանք դէպի Ղարաբաղ՝ հակազդելու Ադրբէջանի ազդեցութեանց եւ կազմակերպելու ժողովրդի ինքնապաշտպանութիւնը:

Շարունակելի

ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագիր, 1923թ․, թիվ 7, էջ 156-167