Հալէպ-Երեւան. Մանուէլ Քէշիշեան

1057

Կը ստուգէ. տան դուռը փակած է երկու կղպանքներով: Տան բանալիները ընկերոջ տալով կ’ըսէ:

-Հաճի՛ս քանի մը օր անգամ մը հանդիպիր տուն, պատուհանները բաց. թող չգիտնան որ մարդ չկայ:

Իրենց շրջանը գրեթէ դատարկ է, իւրաքանչիւր շէնքի 12-14 բնակարաններէն երեքին կամ չորսին մէջ միայն բնակիչներ կան: Օրինակի համար, իրենց շէնքին մէջ եօթ հոգի կը բնակին՝ ծերացող այր մը իր կնոջ հետ, Գանատա երթալու «թուղթ»երը սպասող չորս հոգիանոց ընտանիք մը եւ ինք՝ բոլորն ալ հայեր:

Եթէ ըսենք, որ Հալէպի մէջ շատցած է գողութիւնը. Պատասխանը պատրաստ է.

-Պատերազմական վիճակի մէջ ասիկա բնական է

Հասկցա՛նք, պատերազմական վիճակի մէջ բնական երեւոյթ է թալանը, բնական են յափշտակութիւնը, քաղաքին մէջ զինեալ ընդհարումները, սպաննութիւնները… անբնականը այս ամէնէն դժգոհի՞լն է, բողոքե՞լն է անբնականը:

Ինք կը սիրէ Հալէպը, նախատագնապային քաղաքին խորթ այս երեւոյթներով հանդերձ , շա՜տ կը սիրէ հալէպը  ու կը դժուարանայ հեռանալ անկէ, նոյնիսկ ժամանակաւոր, կը վախնայ որ ճանապարհները փակուին ու ինք չկարենայ վերադառնալ:

Ու հիմա ինքնաշարժը կը սուրար դէպի Պէյրութ..

Ա՜խ այս ճանապարհը՝ Խանասէրի ճանապարհը.. ինչե՜ր չտեսաւ այս փոքրիկ աննշան գիւղի հռչակաւոր դարձած անունով ճանապարհը, տագնապի անցած հինգ տարիներուն. Առեւանգում, սպաննութիւն, անարգանք եւ կողոպուտ, որոնց մեծ մասը պետութեան կողմնակից զինեալներուն կողմէ. ամենասարսափելին Սալամիէի անցարգելն էր, ուրկէ «հաւքն իսկ իր թեւով» չէր կրնար անցնիլ առանց վճարումի: Հիմա ալ կայ Սալամիէն, հիմա ալ կայ Սալամիէի անցարգելը, բայց բոլորը աւելի զուսպ են, թէեւ սալամիէցիներու տղամարդկանց 90% պետութեան կողմնակից անսանձ զինեալներ են, սակայն սսկուած են հիմա, չէ՞ որ պետական զօրքը աւելի զօրաւոր է եւ կը տիրէ իրավիճակին վրայ:

Պետական զօրքի եւ իր դաշնակիցներուն վերջին տարուան յաղթանակները լաւատեսօրէն տրամադրեցին շատերը, անոնց շարքին նաեւ հալէպցիները. Բոլորը կը խօսին Հալէպի վերականգնման մասին, նախապատրաստուած ճարտարապետական նախագիծերու մասին, պնդողներ կան որ Հալէպը Տուպայէն աւելի հարուստ պիտի դառնայ…

Վերականգնումի մասին կը խօսին նաեւ հալէպահայերը. Դուրսի եւ ներսի հալէպահյերուն հետ գլուխ-գլխի կը մտածեն նաեւ բոլոր հայերը: Անոնք խելք-խելքի կու տան, կը սահմանեն առաջնահերթութիւնները, որպէսզի խաղաղութեան վերջնական հաստատումին հետ պատրաստ ըլլան վերականգնումի: Լաւատեսները կը պնդեն թէ Մայր գաղութի վերականգնումը արդէն սկսած է, վկայ հայկական ճաշարաններու բացումը, վկայ ազգային կառոյցներու շինարարական աշխատանքներու սկսիլը:

Ինք, հիմա անապատային, անմարդաբնակ ճանապարհի վրայ, ինքնիրէն հարց կու տար.-Ի՞նչ կը նշանակէ վերականգնում: Ազգային եւ ազգապատկան շէնքերու նորոգում ու վերաբացո՞ւմ, քանդուած տուներու եւ խանութներու վերաշինո՞ւմ, նոր գործեր հիմնելու տրամադրուելիք վարկե՞ր… Պիտի կարենա՞նք ազգովին հոգալ պահանջուած ծախսերը, պետական եւ միջազգային դրամական աղբիւրներէ պիտի կարենա՞նք օգտուիլ… Տնտեսական միջոցներու ապահովումը բաւարա՞ր է գաղութի վերականգնման համար: Հապա՞ հեռացածները, հապա՞ փակուած դպրոցները, հապա՞ երիտասարդներու արական սեռին ահռելի նուազումը:

-Եթէ երկիրը լաւանայ, ամէն ինչ իր առաջուան վիճակը կը ստանայ,- կը պնդեն դիւրահաւատները ու կ’աւելցնեն.- Ամէնէն առաջ կու գան Սուրիոյ ծովեզերեայ քաղաքներ ապաստանածները:

Մեզի կը թուի թէ ծովեզերք փոխադրուած հալէպցիներուն թիւը շատ մեծ է, իրականութեան մէջ հարիւր ընտանիք չեն կազմեր այդ տեղերու նախկին հալէպցիները: Թարթուս բնակող նախկին հալէպցի ազգային մը կը հաւաստիացնէ, որ այդ քաղաքի հայերու թիւը 150 չ’անցնիր, այդքան մըն ալ չուեր են դէպի… դէպի ո՛ւր ըսես: Ըստ նոյն այդ ազգայինին,նախկին հալէպցիները արդէն յարմարած են ծովեզերքին եւ միտքերնէն ալ չեն անցներ Հալէպ վերադառնալ, եւ հոն արդէն ազգային կարեւոր կառոյցներ գոյութիւն ունին:

-Ո՛չ,- կը մտածէր ինք.- Շատ պզտիկ պիտի ըլլայ վերադարձողներուն թիւը, եթէ Թարթուսէն ու Լաթաքիայէն պիտի չվերադառնան, հեռուներէն քանի՞ հոգի պիտի վերադառնայ: Պիտի գան, ունեցածնին կը ծախեն ու Հալէպի կարօտը սրտերնին ետ կ’երթան, մինչ գացողներուն հոսքը անընդհատ պիտի շարունակուի, անընդհատ պիտի նուազի երիտասարդներուն թիւը, անընդհատ պիտի ուռճանայ իգական սեռի եւ արական սեռի թուային տարբերութիւնը ու պիտի ահագնանայ ընկերային ահաւոր խնդիր մը, որ լուծում պիտի չունենայ. որպէս հաւաքակնութիւն լուծում պիտի չունենայ սակայն, ի հարկին, բազմաթիւ հայ աղջիկներ խառն ամուսնութիւններ կնքելով անհատապէս պիտի լուծեն իրենց ընկերային հարցերը: Բնական չէ՞: Բնական է:

Անհատապէս պիտի լուծուին նաեւ բազմաթիւ այլ հարցեր, ինչպէս որ լուծուեցան հայ հաւաքականութեան բոլոր հարցերը տագնապի այս ամբողջ ժամանակաշրջանին. ամէն մէկը ի՛նչ ուզեց ըրաւ, ո՛չ ոք համարձակեցաւ, որոշում մը առնել, մեր ղեկավարներէն ոեւէ մէկը, ոեւէ մէկուն մնալու կամ երթալու մասին խորհուրդ մը իսկ չհամարձակեցաւ տալ:

Ի՞նչ իրաւունք ունինք,- մտածեցին մեր ղեկավարները.- Հապա՞ եթէ գէշ բան մը պատահի…

Մենք մոռցանք որ հաւաքականութեան ղեկավար ըլլալ կը նշանակէ նախ եւ առաջ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ապահովութեան մասին մտածել: ՂԵԿԱՎԱՐ ըլլալ նախ եւ առաջ կը նշանակէ պատասխանատուութիւն կրելու տակ ըլլալ: Զոհեր անշուշտ պիտի ըլլային եւ եղան: Գաղութը պէտք է մնա՞ր, գաղութը պէտք է տեղափոխուէ՞ր, եթէ այո՛, ո՞ւր, ինչպէ՞ս:

Այս մտորումներով անցաւ Լիբանանեան սահմանը: Լիբանանցի սահմանապահները, որոնք առաջ արհամարհանքով եւ անարգանքով կը վարուէին սուրիացիներուն հետ, հիմա քիչ մը մեղմացած էին, բայց շատ հեռու էին բարեհամբոյր ըլլալէ: Փոփոխութեան պատճառը հաւանաբար միայն Լիբանան մուտք գործելու արտօնութիւն ունեցողներուն հասնիլն էր սահման: Ինք օդանաւի տոմս ունէր եւ Հայաստանի մուտքի վիզա. հեշտութեամբ մտաւ Լիբանան:

Է՜հ, կը յիշէ՞ք լիբանանահայ բարգաւաճ գաղութը, շէն ու շէնշող գաղութը, մշակոյթով ու գրականութեամբ հարուստ գաղութը. գիտէք չէ՞, թէ այսօր ի՛նչ մեծ քայլերով կը նահանջէ այս գաղութը, երբեմն հիներուն փոխարէն հայերէնի ուսոցիչ հալէպցիներու մէջ կը փնտռէ..  Հո՛ս ալ ուծացման գլխաւոր պատճառը քաղաքացիական պատերազմն էր, բայց պատմութիւնը ուծացած հայ գաղթռճախներու անուններ կրնայ տալ որոնց չքացման պատճառը պատերազմը չէր, ոչ ալ տնտեսական ծանր կացութիւնը: Հալէպը կրնայ բացառութիւն կազմել: Ո՛չ, հոռետեսութեամբ չէ՛, բայց իրատեսօրէն մօտենանք մեր խնդիրներուն:

Սուրիայէն եւ Լիբանանէն Հայաստան թռչող օդանաւերը ընտանեկան բնոյթ ունին: Բոլոր ճամբորդները հայեր են, հայկական օդանաւային ընկերութեան ներկայացուցիչը գաղութին մէջ բոլորին ծանօթ դէմքի մը վերածուող անձ մը կ’ըլլայ: Ճամբորդութիւնը կ’անցնի խնդալով, բարձրաձայն պոռալով, կատակներով, իրար կենաց խմելով.. եւայլն, եւայլն: մէկ խօսքով հայկական միութենական ճոխ հաւաքոյթի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ:

Եւ վերջապէս՝ իր այնքա՜ն սիրած Հալէպէն-Պէյրութ 12 ժամեայ Ոդիսական ճամբորդութենէն եւ Սփիւռքի նախկին մայրաքաղաք Պէյրութէն  2 ժամեայ թռիչքէն ետք, կը հասնի Երեբունի-Արտաշատ-Տիգրանակերտ-Վաղարշապատ-Դուին-Անի-Սիս-Երեւան: Կը հասնի իր անունով կոչուող երկիր Հայաստան, ուր ինք եկուոր է եւ դիմաւորող, ուր ինք հիւր է եւ տանտէր, որ իր հողն է, իր Կենաց ծառի արմատներուն խարիսխը, առանց որուն իր ազգային միւս կռուանները՝ լեզուն եւ եկեղեցին պիտի չկարենային դիմանալ:

Ինք՝ Հայկի թոռը հիմա հոս է, Հայ Նահապետի ազատութեան տենչով կառուցուած երկրին մէջ:

Ա՛յս է իր երկիրը, ինք Հալէպը շատ կը սիրէ, ինք պիտի վերադառնայ Հալէպ, ուր ըստ իրեն փոքրիկ լումա ունի դնելիք հայ գաղութի պահպանման անգին գանձարանին մէջ, սակայն Հալէպը իրը չէ, իր եւ բոլոր հայերուն երկիրը ա՛յս է, այս միակը, եւ ո՛չ ոք կրնայ այս երկիրը իրմէ խլել, ո՛չ հարազատը, ո՛չ օտարը:

Եւ եթէ կան այստեղ պակասներ, թերութիւններ, սխալներ, ապա ամէնուն հետ, ամէնուն չափ, ամէնէն առաջ ինքն ալ պարտաւոր է շտկել, կառուցել, քար մը՝ հայկական սրբատաշ դարձող քար մը դնել այս երկրի կայացման համար:

Ինք հիմա իր երկրին մէջ է, ափսոս որ պիտի վերադառնայ իր սիրած բայց իրեն չպատկանող քաղաքը:

Հայու ճակատագիր: Անփոփո՞խ ճակատագիր…

Մանուէլ Քէշիշեան

Երեւան 8 Յուլիս 2017

ՍիվիլՆեթ