Հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

2617
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:

 

 Ահարոնեան Արա, «Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն – Նիւթեր պատմութեան համար – Ակնարկներ», հրատարակութեան պատրաստեցին Մինաս եւ Նազելի Գոճայեաններ, հրատարակիչ՝ ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի շրջանային վարչութիւն, տպարան «Երեւան», Լոս Անճելոս, 2022, 344 էջ (16 x 24 սմ.) (ՌԱԿ-ի գործիչներու կենսագրութիւններ, բազմաթիւ լուսանկարներ): Լոյս տեսած է ՌԱԿ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առթիւ:

 Արամ Հայկազ, «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ», Բ. (հայրենական Ա.) հրատարակութիւն, հրատարակութեան պատրաստեց եւ ծանօթագրեց՝ Մարգարիտա Խաչատրեան, խմբագիր՝ Գէորգ Եազըճեան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, օգոստոս 2022, 608 էջ (14,8 x 20,7 սմ.) (ծանօթագրութիւններ, հայերէն եւ օտար բառերու ու դարձուածքներու բառարաններ, գիրքի գրականագիտական ծաւալուն վերլուծութիւն): Տպագրուած է ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով:

 Եափուճեան Յակոբ, «Հրայր Մարուխեան ղեկավարը», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 6, հրատարակութիւն «Զաւէն եւ որդիք» տպարանի, Պէյրութ, 2022:

 Եափուճեան Յակոբ, «Սարգիս Զէյթլեան դաշնակցական խմբագիրը, գործիչը, ղեկավարը», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 7, հրատարակութիւն «Զաւէն եւ որդիք» տպարանի, Պէյրութ, 2022:

 Թեհլիրեան Սողոմոն, գրառեց Վահան Մինախորեան, «Վերյիշումներ – Թալաաթ փաշայի ահաբեկումը», հայերէնէ թարգմանութիւնը եւ բացատրութիւնները՝ Պետօ Տեմիրճեանի, հրատարակութիւն «Կոմիտաս» հիմնարկի, Լոնտոն, 2022, 318 էջ (անգլերէն):

 Խայաճեան Էտմոն, «Արշակ Չօպանեանը եւ հայասիրական շարժումը Ֆրանսայի մէջ», «Սիժեսթ» (Sigest) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2022, ? էջ (15,9 x 23,8 սմ.) (ֆրանսերէն):

 Մատթէոսեան Վարդան եւ Բախչինեան Արծուի, «Աշխարհի կիներէն՝ Արմէն Օհանեան – Շամախայի պարուհին», Գալիֆոռնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչութեան մատենաշար թիւ 16, Ֆրեզնօ, 2022 (ականաւոր պարուհի, թատերական գործիչ, գրող եւ թարգմանիչ Արմէն Օհանեանի (1888-1976) կեանքն ու վաստակը) (անգլերէն):

 Մութաֆեան Գլոտ, «Երուսաղէմ եւ հայերը», «Լէ պել լեթրը» (Les belles lettres) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2022, 518 էջ (18,5 x 24,5 սմ.) (940 գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, անուններու եւ կառոյցներու ցանկ (index), օգտագործուած աղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ) (ֆրանսերէն):

– Մսըրլեան Զաւէն, «Հայոց նորագոյն պատմութեան էջերէն (1915-2020)», «Սիփան» հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2022, 239 էջ (16 հրապարակումներու ժողովածու, Ֆորէյն Օֆիսի քարտէսը երկրորդ աշխարհամարտի աւարտին Թուրքիայէն հայկական եւ վրացական տարածքային պահանջներուն մասին): Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր ծնողներուն՝ Մկրտիչ եւ Սաթենիկ Մսըրլեաններու յիշատակին: Տպագրուած է հեղինակի երբեմնի աշակերտներէն Ռաֆֆի Մանուկեանի մեկենասութեամբ:

 Տընեսէ Էրիք եւ Եկաւեան Տիգրան, «Լեռնային Ղարաբաղ – Սեւ մատեանը», հրատարակիչ՝ Տեղեկութիւններու ուսումնասիրման ֆրանսական կեդրոն, «Էլիփս» (Ellips) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2022, 408 էջ (16,5 x 24 սմ.) (ֆրանսերէն):

 Րաֆֆի (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան), «Խաչագողի յիշատակարանը», թարգմանութիւն եւ գրախօսութիւն Հելենա Տեմիրճեան Իւլասի, «Կառնիէ» (Garnier) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2022, 376 էջ (ֆրանսերէն):

 Քիւրքճեան Արմէն, «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Աղթամարի եւ Աղուանից/Գանձասարի կաթողիկոսութիւնները», Թորոնթօ-Գանատա, 2020, 277 էջ (14 x 22 սմ.) (նկարներ, քարտէսներ, կաթողիկոսներու եւ օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր):

Պատրաստեց Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)