6 միլիոն տոլարի ներդրում Արցախի Քաշաթաղ եւ Շահումեան շրջաններուն մէջ

2003

ԱՌԻ Ընկերութեան Ընդհանուր Ժողով

Հինգշաբթի, 9 մարտ 2017-ի երեկոյեան «Արմենիա» պողոտայի ճաշարաններէն «Իթալիըն Փրոճեքթ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախ ռուց ինվեսթմընթ (ԱՌԻ) ընկերութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը:

Խօսք առաւ ընկերութեան նախագահ Սուրէն Սարգիսեան: Ան ողջունեց հին ու նոր շահընկերները` «ԱՌԻ-ական»-ները: Այնուհետեւ ան ընթերցեց Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի խօսքը` ուղղուած ներկաներուն:

Ապա խօսք առաւ ԱՌԻ ընկերութեան վարչական խորհուրդի անդամ Մասիս Ալեքսանտրեան, որ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց ԱՌԻ-ի աշխատանքը:

Ան նախ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ԱՌԻ-ի ստեղծման պատճառն ու նպատակը: Ան ըսաւ. «Հողը նրան է, ով այնտեղ ապրում է»: Հազարաւոր ազատամարտիկներ իրենց արիւնը թափեցին ազատագրելու համար տարածքներ, որոնք ամայի կը մնան: Եթէ այդ տարածքները չվերաբնակեցուին, ուշ կամ կանուխ զանոնք կը կորսնցնենք: Հետեւաբար ԱՌԻ-ն եկաւ օժանդակելու համար Արցախի ժողովուրդի վերաբնակեցումին: Ան աւելցուց, որ գիւղացիներուն հասանելի չեն դրամատուները: Իսկ Արցախի մէջ ամէն տեսակ ազդակներ կան` բնութիւնը, մարդուժը, առատ ջուրը, սակայն կը պակսէր դրամագլուխը: ԱՌԻ-ն եկաւ այդ բացը գոցելու, գիւղացիին հայթայթեց այն դրամագլուխը, որ պէտք ունէր, որպէսզի զարգացնէ իր աշխատանքը, արտը մեծցնէ եւ կովերը բազմապատկէ:

Մասիս Ալեքսանտրեան նաեւ անդրադարձաւ ԱՌԻ-ի գործունէութեան «Պիզնըս Մոտըլ»-ին: Անհատը անդամ կը դառնայ ԱՌԻ-ին շատ փոքր գումարով մը, որմէ ետք կը կատարէ դրամարկումը, որ կը կատարուի գումարի փոխանցումով մը: Այդ գումարը կը տրուի գիւղացիին` իբրեւ փոխատուութիւն երեք տարուան համար: Իւրաքանչիւր տարուան աւարտին դրամարկողը կը ստանայ տոկոսը: ԱՌԻ-ն իր կարգին այդ գումարները կը փոխանցէ պետութեան պատկանող հիմնադրամի մը, որ կը կոչուի «գիւղ» հիմնադրամ` «Ակրոֆոնտ», որ իր կարգին գումարը կու տայ գիւղացիին: Գիւղացին կը գործածէ այդ գումարը արտը մշակելու, քաղաքը մեծցնելու: Ապա այդ գումարները ետ կը տրուին ԱՌԻ-ին եւ ԱՌԻ-ն ետ կու տայ զանոնք «գիւղ» հիմնադրամին, ապա «գիւղ» հիմնադրամը զանոնք ետ կը փոխանցէ ԱՌԻ-ին եւ վերջապէս ԱՌԻ-ն կը վերադարձնէ զանոնք դրամարկողներուն:

Մասիս Ալեքսանտրեան խօսեցաւ նաեւ 2016-ի ցուցանիշներուն մասին: ԱՌԻ-ին մաս կը կազմէին 16 անհատներ, իսկ այժմ անիկա ունի 187 բաժնետէր: Ընկերութիւնը սկսած է 300.000 տոլար գումարով մը, իսկ այժմ ան բաժնետէրերէն ստացած է 3.700.000 տոլարի վարկ: ԱՌԻ-ն իր կարգին «գիւղ» հիմնադրամին փոխանցած է 4.100.000 տոլար եւ 1.800.000 տոլար յատկացուցած է շինարարութեան: Այսինքն` շուրջ 6.000.000 տոլարի ներդրում կատարած է ԱՌԻ-ն Արցախի Քաշաթաղ եւ Շահումեան շրջաններուն մէջ, որոնք Հայաստանը եւ Արցախը կը շաղկապեն: Ցարդ, 8 տարիներու ընթացքին ԱՌԻ-ն իր բաժնետէրերուն բաժնած է շուրջ 900.000 տոլարի գումար մը: Իր բոլոր պարտաւորութիւնները կատարելէ եւ բաժնետէրերուն տոկոսները վճարելէ ետք, ԱՌԻ-ն տարին կը փակէ 18.000 տոլար շահով մը:

Այժմ ԱՌԻ-ն «գիւղ» հիմնադրամին տուած է 1.600.000 տոլար: Իսկ շինարարական աշխատանքներուն համար տուած է 1.700.000 տոլար եւ բաժնետէրերէն ստացած է 3.700.000 տոլար:

Ապա խօսք առաւ ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամ Վահան Գասարճեան: Ան խօսելով ժողովի վայրին ընտրութեան մասին ըսաւ, թէ այս ճաշարանը կը գտնուի «Արմենիա» պողոտային վրայ, որ յատկանշական է եւ Պէյրութի ամէնէն հին թաղերէն մէկն է:

Գասարճեան ըսաւ, թէ այժմ Արցախի մասին հարցերու եւ պատերազմի մասին կը լսենք, սակայն երբ անդրադառնանք գետնի վրայ եղող տուեալներու, ուրիշ տարբերակներ կը տեսնենք: Ան խօսեցաւ Արցախի տնտեսութեան մէջ համախառն ներքին արդիւնքի աճին մասին: Անցնող տարի 9,1 առ հարիւր աճ եղած է Արցախի մէջ: Իսկ (մէկ անհատի հաշուով համախառն ներքին արդիւնքը), անցնող տասը տարիներուն նաեւ  աճ արձանագրած է եւ այսօր ան մօտ 3.000 տոլար է: Իսկ այժմ նաեւ Արցախի արտադրութեան վրայ մեծ աշխատանք կը տարուի: Ան նշեց նաեւ, որ Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբան աւարտելու վրայ է, որ նաեւ մեծ դեր պիտի ունենայ տնտեսութեան վրայ:

Արցախի մէջ ԱՌԻ-ի ներդրումին մասին խօսելով` Գասարճեան ըսաւ, որ անասնապահութեան եւ երկրագործութեան մէջ մօտ 600.000 ներդրում եղած է: 199 գիւղ օգտուած է ԱՌԻ-ի վարկերէն: Այս տարի 200 նոր ընտանիք օգտուած են ԱՌԻ-ի վարկերէն, այսինքն` մօտ 700 անհատ:

Ժողովի աւարտին ցուցադրուեցաւ Առիաւանի բացումը ներկայացնող ժապաւէնը, որուն յաջորդեց Արցախ փոխադրուած սփիւռքահայ երիտասարդի մը վաւերագրական ժապաւէնը:

ԱԶԴԱԿ օրաթերթ, Պէյրութ, 11 Մարտի, 2017

Կարդալ նաև՝ 

Մասիս Ալեքսանդրեան. «Հողը Նրանն Է, Ով Այնտեղ Ապրում Է»

https://www.aniarc.am/2016/01/19/ariavan-pics/

Աղավնո. գյուղաշինության առաջին հաջողված փորձը

https://www.aniarc.am/2016/03/31/ariavan-agavno-video-artshakh-tv/