Արամ Ա.-ի պատգամը հայ ժողովուրդին Հալէպի աւերակներուն մէջէն

1126

Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումի խորհուրդով օծուն այս օրերուն, տագնապահար բայց միշտ կանգուն Հալէպ քաղաքէն հայրական կոչ կ’ուղղենք հայ ժողովուրդին՝ վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով իրենց հայեացքները ու մտածումները դարձեալ սեւեռելու Սուրիոյ հայութեան վրայ։

Արդարեւ, անցնող շուրջ հինգ տարիներուն տառապեցաւ ու տագնապեցաւ Սուրիոյ մեր սիրելի ժողովուրդը։ Յաճախ մահուան սարսափն ու ֆիզիքական քանդումի երկիւղը պատեցին իր կեանքը. մեր կառոյցները դիմագրաւեցին ահաւոր դժուարութիւններ. ամայացան հայ շունչով ու ստեղծագործ ոգիով բաբախող հայկական թաղերը. տնտեսական տագնապը դարձաւ ամէնօրեայ մղձաւանջ. մահը խլեց նաեւ կեանքը մեր զաւակներուն ու յատկապէս մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան նուիրուած մեր քաջ տղոց եւ պայմաններու պարտադրանքով ոմանք հեռացան…։ Սակայն, հակառակ ստեղծուած ծանր կացութեան, համայնքը մնաց կանգուն՝ շնորհիւ իր զաւակներուն ամուր կամքին ու իր հոգեւոր թէ ազգային ղեկավարներու ամբողջական նուիրումին։ Յարգա՜նք Սուրիոյ մեր սիրելի ժողովուրդին։

Տագնապալից օրերուն Սուրիոյ հայութիւնը առանձին չմնաց։ Մեր ազգը, Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Լիբանան եւ ի սփիւռս աշխարհի, օգնութեան ձեռք երկարեց Սուրիոյ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Սուրիոյ հայութիւնը, իր կարգին, իմաստութիւնը ունեցաւ միասնական ոգիով բոլորուելու իր կառոյցներուն շուրջ եւ Շտապի Մարմին ստեղծելու, որպէսզի կարենայ մէկ կողմէ՝ համայնքին դիմագրաւած ընդհանրական հարցերուն լուծումներ որոնել, եւ միւս կողմէ՝ ստացուած օժանդակութիւնները բաշխել համապատասխան կարիքներու առաջնահերթութեան։

Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի պետութեան ցուցաբերած զօրակցութեան առընթեր, ընդառաջելով Մեր կոչին, Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած Սուրիոյ հայութեան օգնութեան յատուկ ֆոնտին կատարուեցան օժանդակութիւններ՝ գաղութներու, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ անհատներու կողմէ։ Յիշեալ օժանդակութիւնները հանգրուանային կերպով փոխանցուեցան Շտապ Մարմինին՝ Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանին ճամբով։ Այս առիթով Մեր բարձր գնահատանքն ու ջերմ շնորհակալութիւնը կ’ուզենք յայտնել բոլոր նուիրատուներուն։ Առաքեալ կ’ըսէ՝ «եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին» (Ա. Կր 12. 26)։ Մէկ ազգի պատկանելիութեան գիտակցութենէն մղուած, մեր ազգի զաւակները իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտեցին տառապանքի մէջ գտնուող Սուրիոյ հայութեան։ Պատի՛ւ մեր ազգին։

Վերջին շաբաթներուն խաղաղութեան ծիածանը սկսած է կամար կապել Սուրիոյ երկինքին վերեւ։ Երկրէն ներս ու յատկապէս Հալէպի մէջ տեղի ունեցող քաղաքա-ապահովական զարգացումները, շրջանային թէ միջազգային աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթը ու միջ-պետական մերձեցումները, Սուրիոյ տանգապի լուծման ազդանշանները սկսած են նկատուիլ։ Ստեղծուած այս դրական մթնոլորտը Սուրիոյ հայութիւնը պէտք է մղէ վերանորոգ յոյսով ու ամուր վճռակամութեամբ լծուելու իր հաւաքական կեանքը վերականգնելու, վերակազմակերպելու ու վերաշխուժացնելու հրամայական աշխատանքին։ Սուրիայէն ներս տեղի ունեցող կացութեան բարելաւումը նաեւ մեր ժողովուրդը պէտք է մղէ աւելի կազմակերպ ու հետեւողական կերպով զօրակից ու մասնակից դառնալու Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին։ Արդարեւ, նկատի ունենալով Սուրիոյ մեր պատմական գաղութին յատուկ կարեւորութիւնը, ամէ՛ն իմաստով, Սուրիոյ հայութեան տագնապը նկատեցինք համազգային առաջնահերթութիւն։ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը եւս հարկ է նկատել՝ համահայկական ճիգով իրագործելի անյետաձգելի առաջնահերթութիւն։

Սուրիոյ հայ համայնքի վերականգնումը պէտք է ըլլայ համահունչ գաղութի ներքին դրուածքին ու զինք շրջապատող պայմաններուն ու մտահոգութիւններուն։ Վերականգնումին հարկ է մօտենալ համապարփակ հայեցակէտով, ո՛չ թէ սոսկ ֆիզիքական մարզէն ներս քանդուածը վերաշինելով եւ կորսուածը վերականգնելով, այլ ներկայ հրամայականներու եւ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ համայնքի վերակազմակերպումը նկատելով կիզակէտը մեր ծրագրումներուն ու աշխատանքներուն։ Այս շրջագծէն ներս, յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի գաղութի մը ամրութեան ու կենսունակութեան հիմքը հանդիսացող կառոյցներուն. բնականաբար, առանց անտեսելու դէպքերու պատճառով այլազան կորուստներու ենթարկուած մեր ընտանիքները։ Վերականգնումի աշխատանքները անհրաժեշտ է որ կատարուին յառաջատուական ընթացքով եւ հետեւեալ հանգրուաններով.-
ա. Հարկ է առաջին հերթին ամբողջական ու մանրամասն ցանկագրումը եւ արժեւորումը կատարել եղած վնասներուն եւ ապա համայնքը վերականգնելու առաջնորդող առաջնահերթութիւններուն ճշդումը։

բ. Վերականգնումի գործընթացը հարկ է հեռու պահել պարագայական լուծումներէ ու ժամանակաւոր կարգադրութիւններէ եւ որդեգրել մասնագիտական մօտեցում եւ լուրջ ու իրապաշտ ծրագրում։

գ. Վերականգնումի ծրագիրին պատրաստութիւնը պէտք է ըլլայ համապարփակ, սակայն անոր գործադրութիւնը՝ հանգրուանային, նկատի ունենալով համայնքը շրջապատող պայմաններու հոլովոյթը։

դ. Շարք մը տուեալներէ մեկնած, Հալէպը պէտք է դառնայ առաջին հանգրուանը վերականգնումի գործընթացին՝ առանց անտեսելու հայահոծ այլ շրջանները։

ե. Վերականգնումի ծրագրի պատրաստութիւնն ու գործադրութիւնը պէտք է կատարուի Սուրիոյ հայութեան միացեալ ճիգով։

Վերականգնումի կամքին ու յանձնառութեան կողքին, անոր իրագործման նպաստող նիւթական կարելիութիւններու հայթայթումը կը նկատենք խիստ կարեւոր։ Արդարեւ, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը նիւթական լայն հնարաւորութիւններ պահանջող լայնածաւալ ու բազմերես ծրագիր է։ Հետեւաբար, ինչպէս վերականգնումի աշխատանքը, նոյնպէս նիւթական կարելիութիւններու ստեղծումը հարկ է որ ըլլայ ծրագրուած մօտեցումով։ Մեր պատկերացումով, անհրաժեշտ է այս ուղղութեամբ հետեւեալ քայլերուն դիմել.-
1. Սուրիոյ հայութեան երեք համայնքներու, կուսակցութիւններու ու բարեսիրական միութիւններու վերին մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Կեդրոնական Մարմին մը յառաջացնել նախաձեռնելու ու վերահսկելու վերականգնումի աշխատանքները։ Յիշեալ մարմնին կեդրոնատեղին պէտք է ըլլայ Հալէպի մէջ։
2. Ապրիլ 2017-ին վերականգնումի աշխատանքին նպաստելու պատրաստ գաղութներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ազգայիններուն հանդիպում մը կազմակերպել, Հալէպի կամ Լիբանանի մէջ։
3. Վերականգնումի ծրագիրը պատրաստած մասնագէտներ համապարփակ զեկոյցներ պէտք է ներկայացնեն ներկաներուն՝ իւրաքանչիւր ծրագրին կցելով նախահաշիւ պիւտճէն եւ անոր իրագործումին ժամանակացոյցը։
4. Տրուած զեկոյցներու գծով կատարուած լուսաբանութիւններէ եւ քննարկումներէ ետք, սպասելի է որ վերականգնումի ծրագիրները որդեգրուին հանդիպումին մասնակցողներուն կողմէ, համաձայն իրենց նախասիրութեան։
5. Որդեգրուած ծրագիրներուն իրագործումը պէտք է հետապնդուի Սուրիոյ հայ համայնքի Կեդրոնական Մարմնի կողմէ նշանակուած մասնագիտական յանձնախումբի ու միաժամանակ տուեալ ծրագիրը ստանձնած անհատին, կազմակերպութեան կամ գաղութին կողմէ։

Վերոյիշեալ աշխատանքները հարկ է որ կատարուին մասնագիտական մօտեցումով, ծրագրուած կերպով, յստակ համարատուութեամբ եւ տագնապահար գաղութ մը միասնաբար վերականգնելու պատասխանատու ոգիով։  Վստահ ենք, որ Հայաստանի մեր պետութիւնը, մեր եկեղեցին, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները, մեր բոլոր գաղութներն ու կազմակերպութիւնները եւ ունեւոր ազգայինները, իրենց կարեւոր նեդրումով գործնապէս մասնակից պիտի դառնան Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի անյետաձգելի ու հրամայական աշխատանքին։

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով,

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

http://www.armenianorthodoxchurch.org/