«Ազդակ»-ի ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ Դառնալէն Ետք Առաջին Խմբագիր Լեւոն Գարմէնի Անունը Կրող Խմբագրասենեակի Բացում

1800

Ներկայութեամբ ազգային եւ կուսակցական ներկայացուցիչներու սեղմ շրջանակի երկուշաբթի, 21 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի յարկին տակ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ իրադարձութիւն մը, երբ բացումը կատարուեցաւ 50 տարի առաջ «Ազդակ»-ի խմբագիրի պաշտօնի ստանձնման համար յատուկ Իրաքէն Լիբանան գործուղուած եւ կարճ ժամանակ ետք մահացած դաշնակցական գործիչ, մտաւորական, բանաստեղծ, հրապարակագիր Լեւոն Գարմէնի (Ստեփանեան) անունը կրող խմբագրասենեակին:

Այս առիթով «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ողջունեց ներկաները եւ բարձր գնահատեց նման նախաձեռնութիւն մը իրականութիւն դարձնելու մէջ Իրաքի հայոց թեմին ներդրումը: Ան հաստատեց, որ նման գաղափար մը կը միտէր նախ Լեւոն Գարմէնը ծանօթացնել ընթերցողներուն, ապա նաեւ` անոր մնայուն տեղ տալ այն խմբագրատան մէջ, որուն առաջին դաշնակցական խմբագիրը եղած էր ան: Շահան Գանտահարեան նաեւ յիշեց, որ «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնին մէջ արդէն ամբողջացած է թուայնացումը իրաքահայ «Գոյամարտ» շաբաթաթերթին, որ արդէն իսկ դիւրամատչելի դարձած է ուսումնասիրողներուն: Ան հաստատեց, որ իրաքահայութեան հետ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական եւ հետեւողական: (Խօսքին ամբողջութիւնը ):

Ապա խօսք առաւ Իրաքի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենադպիր Սարգիս Գոթունեան, որ նախ անդրադարձաւ երախտապարտ ըլլալու անհրաժեշտութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ մեծարել ու արժեւորել արժանաւորները, դիտել տալով, որ հայ ժողովուրդը օժտուած է այդ նկարագրային գիծով: Ասկէ մեկնած` ան խօսեցաւ 50 տարի առաջ իրաքահայութեան համար մեծ կորուստ հանդիսացած Լեւոն Գարմէնի մասին, որ եղած է գաղութի արժանաւոր ու բացառիկ զաւակներէն, որուն ներկայութիւնը թէեւ եղած է կարճատեւ, բայց` լուսառատ, եւ որ իր ետին թողած է քաղցր յիշատակը հանրային շատ երախտիք ունեցող գործիչի եւ զգայուն բանաստեղծի:

Ապա Ս. Գոթունեան ներկայացուց Լեւոն Գարմէնի կենսագրականը, անոր գործունէութեան դաշտերը, նկարագրային իւրայատկութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով նաեւ «Գոյամարտ»-ի պատմականը եւ անոր մէջ Լեւոն Գարմէնի ներդրումը: Իր խօսքը եզրափակելով` ան շեշտեց, որ «Ազդակ»-ի մէջ Լեւոն Գարմէնի անունով խմբագրասենեակի մը բացումը ապացոյց է, որ անոր անունը առյաւէտ պիտի յիշուի: (Խօսքին ամբողջութիւնը ):

Լիբանանի հայոց թեմին անունով խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ ներկաներուն փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ողջոյնները` նշելով, թէ ան կամքէ անկախ պատճառներով չէ կրցած ներկայ գտնուիլ այս իւրայատուկ ձեռնարկին: Ապա ան շեշտեց, որ կան պահեր, որոնք յատկանշական են ու խորհրդաւոր, մանաւանդ երբ արժէքներու վրայ լուսարձակ կը սփռուի, անոնց նկատմամբ յարգանք եւ ակնածանք կը դրսեւորուի բանիւ եւ գործով, դիտել տալով, որ անոնք նաեւ պատգամ փոխանցող են: Հաւաթեան նման առիթ նկատեց «Լեւոն Գարմէն» խմբագրասենեակի բացումը, որ ո՛չ միայն հայութեան տարբեր հատուածներու միջեւ սերտ համագործակցութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն է, այլ նաեւ ապացոյց է, որ հայութիւնը տէր է իր արժէքներուն եւ գիտէ յարգել զանոնք:

Յակոբ Հաւաթեան այս առիթով նաեւ դրուատեց դժուար պայմաններու մէջ ապրող, սակայն ամէն տեսակ մարտահրաւէր շրջանցելով գոյատեւող իրաքահայ գաղութը, որ կը շարունակէ ազգային դաստիարակութիւն ջամբել եւ սերունդներ կերտել:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան, որ առիթը նուիրական նկատեց, որովհետեւ անիկա «հանդիպում» է վաղամեռիկ խմբագիր Լեւոն Գարմէնի հետ, զոր մեծարելու եւ անոր նկատմամբ երախտագիտութիւն յայտնելու լաւ դրսեւորում է անիկա:

Ծանրանալով Լեւոն Գարմէնի «Ազդակ»-ի վերջին խմբագրականին վրայ` «Պատը» խորագիրը կրող, առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ անիկա գրուած է մարգարէի մը ոճով եւ արտաքին ազդակներուն արձագանգելու ունակութեամբ, շեշտելով, որ անոր մէջ արտայայտուած մտածումները տակաւին կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը` իբրեւ բաժանարար: Ասկէ մեկնելով` հաստատեց, որ Լեւոն Գարմէնի խմբագրականին միտք բանին պէտք է նկատել խոչընդոտներու խորտակումն ու վերացումը մեր անհատական, ընկերային, ընտանեկան, հասարակական եւ ազգային կեանքէն: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնի կողմէ «Գոյամարտ»-ի թուայնացման աշխատանքը` զայն նկատելով իրաքահայ մամուլի փրկութեան շատ կարեւոր քայլ: (Խօսքին ամբողջութիւնը ):

Աւարտին Շահան Գանտահարեան Իրաքի հայոց թեմի պատուիրակութեան անդամներուն յանձնեց «Գոյամարտ»-ի թուայնացուած «տի. վի. տի.»-ներու անդրանիկ օրինակները, իսկ թեմի անունով «Ազդակ»-ի տնօրէնին յանձնուեցաւ յատկանշական յուշանուէր մը` Լեւոն Գարմէնի պատկերով:

Նշենք, որ բացումէն անմիջապէս առաջ իրաքահայ հիւրերը շրջագայեցան «Ազդակ»-ի մէջ եւ այցելեցին «Ժ. Պուտագեան» կեդրոն` մօտէն ծանօթանալով թուայնացման աշխատանքներուն: