Էնվեր փաշան 1918ին. «Ռուսական Հայաստանի վերացումը լաւագոյն լուծումը կրնայ ըլլալ»

1900

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Ռուսական Կայսրութեան անկումէն մինչեւ 1918-ի Մայիս

Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ-Ապարանի հայ-թրքական կռիւներուն, Պաթումի բանակցութեանց ու Հայաստանի անկախութեան հռչակման նախորդեր էին երկու հակառակորդ կայսրութեանց` ցարական Ռուսաստանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան հոգեւարքն ու անկումը: Հայկական հողերն ու հայրենաբնակ հայ ժողովուրդը բաժնուած էին այս երկու կայսրութեանց միջեւ:

1917-ի Փետրուարին Ռուսաստանի Կայսրութեան մէջ (որուն մաս կը կազմէր նաեւ Անդրկովկասը) յեղափոխութիւնը գահընկեց ըրաւ Նիքոլայ Բ. ցարը: Փեթրոկրատի մէջ կազմուեցաւ Ժամանակաւոր Կառավաչութիւն` ռուսական Սահմանադրական-Ժողովրդավար` Քատէթ Կուսակցութեան առաջնորդներէն իշխան Կէորկիյ Լվովի նախագահութեամբ: Կովկասը, ամբողջ Ռուսաստանի պէս, խելայեղ ոգեւորութեամբ տօնեց Փետրուարեան Յեղափոխութիւնը, զոր վերջ տուաւ Ռոմանովներու հարստութեան երեքհարիւրամեայ գահակալութեան: Հանդէսները, թափօրները, ժողովներն ու համագումարները իրարու կը յաջորդէին, ապագան բոլորին վարդագոյն կը թուէր:

Ընդամէնը ինն ամիս գոյատեւած Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը Անդրկովկասը եւ 1914-ին սկսած շարունակուող համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Արեւմտահայաստանի` Օսմանեան Կայսրութենէն գրաւուած տարածքները կառավարելու համար Մարտ ամսուն ձեւաւորեց յանձնաժողով մը` Անդրկովկասի Յատուկ Կոմիտէ անունով (Օզակոմ-ռուսերէն Օսոպոյէ Զակաւկազսքոյէ Քոմիթէթ անուան յապաւումն է): Շատերը Օզակոմն իբրեւ նոր դարաշրջանի խորհրդանիշ կ’ընկալէին եւ կը սպասէին, որ ան հին վարչակարգին պատճառած վէրքերը կը բուժէ, բարենորոգումներ կը կատարէ, պարենաւորման տագնապն ու ազգային հակամարտութիւնները կը մեղմացնէ, երկրին արդարամիտ ու կորովի իշխանութիւն մը կու տայ եւ ռազմաճակատներուն պաշտպանութեան գործը կ’ուժեղացնէ: Ասոնցմէ ոչ մէկը տեղի ունեցաւ, իսկ կեանքի պայմաններն աւելի դժուարացան:

Հայերը նաեւ ոգեշնչուած էին Արեւմտահայաստանի ապագայ կարգավիճակին վերաբերեալ Ժամանակաւոր Կառավարութեան նպաստաւոր յայտարարութիւններէն: 1917-ի Ապրիլի վերջերուն հրապարակուած հռչակագիրը (դեկրետ) Արեւմտահայաստանին քաղաքացիական վարչութիւն կը շնորհէր: Հայ գաղթականները տունդարձի ճամբան բռնեցին: Մինչեւ 1917-ի վերջերը շուրջ 150 հազար արեւմտահայ վերահաստատուեցաւ Վանի, Կարինի եւ Բաղէշի նահանգներուն մէջ:

Արեւմտահայաստանի ընդհանուր կոմիսար նշանակուեցաւ ռուս զինուորական Աւերեանովը, իսկ քաղաքացիական հարցերով անոր օգնական` բժիշկ Յակոբ Զաւրեանը, որ անցեալին աշխատած էր ռուս դիւանագէտները շահագրգռել Հայկական Հարցով եւ լաւ կապեր ունէր ու յարգանք կը վայելէր ռուսական քաղաքական շրջանակներուն մէջ. ան ՙմտերիմ կապերով կապուած էր ռուսական յեղափոխութիւնը անձնաւորող (Ժամանակաւոր Կառավարութեան մէջ արդարադատութեան նախարար Ալեքսանտր) Քերենսքիի հետ՚:

Կարճ ժամանակամիջոցին, Վասպուրականի եւ Տարօն-Տուրուբերանի շրջանները վերակենդանացան, հայկական գիւղերը կը վերաշինուէին, մշակուած արտերը կանաչով կը ծածկուէին: Մէկ ձեռքին` հրացան, միւսին` մաճ ու բահ, հայ գիւղացին քրտինքով կ’ողողէր հայրենի հողը եւ անօրինակ ոգեւորութեամբ ու եռանդով կը վերաշինէր թշնամիին (օսմանցի թուրքերուն) քանդածը: Տեղական վարչութիւնը գրեթէ զուտ հայկական էր, ռուսերը շատ քիչ կ’ազդէին գործերուն վրայ: Կային ինքնապաշտպանական խումբեր, բացի այդ` Վանի եւ Մուշի շրջաններուն, Խնուսի, Ալաշկերտի, Կարինի ու Երզնկայի կողմերը հայկական զօրամասեր կը գործէին: Որոշ վայրերու մէջ որբանոցներ, սննդակայաններ, հիւանդանոցներ եւ բուժակայաններ հիմնուած էին: Սիմոն Վրացեանի խօսքերով` Թրքահայաստանը յարութիւն կ’առնէր մոխիրներուն տակէն, եռանդով կը վերաշինուէր ու նոր կեանքի կը պատրաստուէր: Կոտորածներու ենթարկուած արեւմտահայութիւնը պահեց իր հոգեկան արիութիւնը, կազմակերպեց իր հաւաքական կեանքը: Այս առնչութեամբ կարեւոր էր Արեւմտահայ Առաջին Համագումարը, զոր տեղի ունեցաւ 2-11 Մայիսին` Երեւանի մէջ:

1917-ի Հոկտեմբերին Փեթրոկրատի մէջ կատարուեցաւ յեղափոխութիւն. իշխանութիւնը Ժամանակաւոր Կառավարութենէն անցաւ պոլշեւիկներուն. Վլատիմիր Լենինի ղեկավարութեամբ ձեւաւորուեցաւ Ժողովրդական Կոմիսարներու Խորհուրդը: Լեւ Թրոցքին նշանակուեցաւ արտաքին գործոց կոմիսարի, իսկ Իոսիֆ Սթալինը` ազգութեանց կոմիսարի պաշտօններուն: Թէ՛ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, թէ՛ վրացի մենշեւիկները եւ թէ° իսլամ մուսավաթականները գաղափարական տարաձայնութիւններ ունէին պոլշեւիկներուն հետ: Ռուսաստանի մէջ պոլշեւիկներու իշխանութեան գալէն տագնապած` 1917-ի Նոյեմբերին Թիֆլիսի մէջ կայացաւ անդրկովկասցի ղեկավարներու համագումար մը` երկրամասային ժամանակաւոր օրէնսդիր մարմին` Սէյմ եւ գործադիր մարմին` Կոմիսարիատ (նախագահ` Եւկէնի Կեկեչկորի) ստեղծելու նպատակով: Կոմիսարիատը եւ Սէյմը կաշկանդուած էին իրենց իսկ պնդումով, թէ Անդրկովկասը (այլեւս գոյութիւն չունեցող) ռուսական դեմոկրատական պետութեան անբաժան մասը կը կազմէ: Որքան Անդրկովկասը երկարօրէն կառչած կը մնար Ռուսաստանի հետ միութեան առասպելին, այնքան աւելի խոր կը սուզուէր հակասութեանց ու շփոթութեան մէջ: Հայերը յամառօրէն կը մերժէին Ռուսաստանէն անջատուելու ակնարկն իսկ: Անոնք միայն հզօր ռուսական հանրապետութեան հովանիին տակ կը պատկերացնէին Արեւելահայաստանի եւ Արեւմտահայաստանի միաւորումը մէկ ինքնավար շրջանի մէջ:

Դաշնակցութեան ղեկավարներէն Ռոստոմը կ’ակնկալէր, որ Հայաստանը ՙՌուսաստանի, Վրաստանի եւ Թաթարստանի (Ազրպէյճան) հետ պէտք է ըլլայ ինքնավար` դաշնակցային ու հանրապետական Ռուսաստանի ծոցին մէջ՚, իսկ Թրքահայաստանը պէտք է ազատի թրքական լուծէն եւ դառնայ անկախ, դառնայ այն Հայաստանը, զոր կը պատկերացնէր Դաշնակցութիւնը. ՙԱզատ Հայաստանը պէտք է բովանդակէ հայկական վեց վիլայէթները եւ Կիլիկիան՚:

Համառուսաստանեան Սահմանադիր Ժողովի 1917-ի Նոյեմբերի ընտրութեան վրացի մենշեւիկները, իսլամ մուսավաթականները եւ հայ դաշնակցականները Անդրկովկասի մէջ շահեցան քուէներուն աւելի քան 75 տոկոսը: Սահմանադիր Ժողովը, զոր պէտք է որոշեր պետութեան վարչաձեւը, գումարուեցաւ միայն մէկ օր եւ 1918-ի Յունուարին ցրուեցաւ Ռուսաստանի պոլշեւիկեան նոր կառավարութեան հրամանով: Գրեթէ ամբողջ Անդրկովկասը դատապարտեց պոլշեւիկեան մարտավարութիւնը, ինչպէս դատապարտեր էր Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւնը:

Պոլշեւիկներու իշխանութիւնն սկզբնական շրջանին կը տարածուէր Փեթերպուրկէն (Փեթրոկրատ) Մոսկուա հատուածին վրայ: Ամբողջ Անդրկովկասը, բացի Պաքուէն, մերժեց Ժողկոմխորհը ճանչնալ: Պաքուի Սովետը (Խորհուրդ) իր հաւատարմութիւնը յայտնեց Ժողկոմխորհին: Դեկտեմբերին, Ստեփան Շահումեանը Կովկասի յատուկ կոմիսար նշանակուեցաւ:

Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք, օսմանեան Երրորդ Բանակի հրամանատար Վեհիպ փաշան Կովկասի ռուսական բանակի հրամանատարութեան զինադադարի առաջարկ ըրած էր մինչեւ Պրէսթ-Լիթովսքի խաղաղութեան բանակցութեանց սկիզբը` 1917-ի Նոյեմբերին: Զինադադարի պայմանները ճշդելու նպատակով, Կոմիսարիատը Երզնկա գործուղած էր պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ էր նաեւ Արշակ Ջամալեանը: Նոյն օրերուն, պոլշեւիկներուն նախաձեռնութեամբ, զինադադարի բանակցութիւններ սկսած էին նաեւ ռուս-աւստրօ-գերմանական ռազմաճակատին վրայ: 2 Դեկտեմբերին Երզնկայի մէջ երկու` թրքական եւ Կոմիսարիատի պատուիրակութեանց միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, իսկ երեք օր ետք` 5 (18) Դեկտեմբերին ստորագրուեցաւ զինադադարի համաձայնագիրը, որով ռազմական գործողութիւնները պէտք է դադրեցուէին ողջ կովկասեան ճակատին երկարութեամբ` Սեւ Ծովէն մինչեւ Վանայ լիճին հարաւային ափերը:

Խորհրդային կառավարութեան հրահանգով` կովկասեան ռազմաճակատը մինչեւ 1917-ի վերջերը պէտք է ամբողջութեամբ պարպուեր: Ռուսական զօրքերը, ռազմական գոյքի վիթխարի պահեստներ ձգելով, սկսան լքել Արեմտեան Հայաստանը եւ տուն վերադառնալ: Արդէն 1918-ի Յունուարի վերջերուն կովկասեան ճակատը հիմնականին մէջ պարպուած էր ռուսական զօրքերէն:

Կովկասեան ռազմաճակատին փլուզումը հաշուի առնելով, 13 Դեկտեմբեր 1917-ին, Կովկասեան Բանակի գլխաւոր հրամանատարը արտօնեց կազմել Հայկական Զօրախումբ (կորպուս)` հրամանատար նշանակելով ռուսական բանակի զինուորականներէն զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանը, սպայակոյտի պետ` զօրավար Վիշինսքին: Հայոց Ազգային Խորհուրդը կազմեց առանձին մարմին մը` Ստեփան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ, որ զօրախումբին գործերով կը զբաղէր: Հայկական Զօրախումբին մէջ յատուկ կոմիսար նշանակուեցաւ Դրօն, անոր օգնական` Սարգիս Մանասեանը: Հայկական Զօրախումբի ձեւաւորման զուգընթաց զօրահաւաքի ու զինոյժի կազմակերպման գործով զբաղած էր արեւմտահայութիւնը, որ, ուրիշներէն աւելի կը սարսափէր ռուսական բանակի կազմալուծումէն եւ ճակատի փլուզման առաջքն առնելու միջոցներ կը փնտռէր:

1918-ի Յունուարին Վեհիպ փաշան Անդրկովկասի ներկայացուցիչները Պրէսթ-Լիթովսք հրաւիրեց: Ան կը խոստանար Անդրկովկասեան կառավարութիւնը ճանչնալ տալ նաեւ իր դաշնակիցներ գերմանացիներուն, աւստրիացիներուն եւ պուլկարներուն: Պրէսթ-Լիթովսք մեկնելու կողմնակից էին վրացի ազգայնականները, բայց վճռականօրէն դէմ էին վրացի մենշեւիկներն ու հայերը:

Քանի դեռ Պրէսթ-Լիթովսքի մէջ պոլշեւիկներուն եւ գերմանացիներուն միջեւ համաձայնութիւն ձեռք չէր բերուած, թրքական եւ գերմանական զօրքերը տարբեր ռազմաճակատներու վրայ յառաջ կը շարժէին: Անդրկովկասեան կառավարութիւնը դիմեց Սէյմին, որպէսզի յատուկ պատուիրակութեան մը միջոցով բանակցութիւններ սկսի թուրքերուն հետ: Սէյմն ընտրեց պատուիրակութեան կազմը` Աքաքի Չխենքելիի նախագահութեամբ:

Սէյմի 2 Փետրուար 1918-ի նիստին պատերազմի եւ խաղաղութեան հարցը բանավէճի հերթական առիթը տուած էր հայոց, վրացիներուն ու թաթարներուն (ատրպէյճանցիներուն): Նոյ Ժորտանիան յայտարարեց, թէ պոլշեւիկներուն ստորագրած հաշտութեան նմանը ՙմենք չենք ստորագրեր. աւելի լաւ է պատուով մեռնիլ դիրքերուն վրայ, քան թէ խայտառակուիլ ու սերունդներու անէծքին արժանանալ՚: Քաջազնունին Հ. Յ. Դ.ի խմբակցութեան անունէն յայտարարեց ՙհաշտութիւն առանց բռնագրաւման եւ ռազմատուգանքի` ժողովուրդներու ինքնորոշման յենքով. մեր ճակատին վրայ այս սկզբունքը պէտք է Թրքահայաստանի ինքնավարութեան ստեղծման յանգի՚: Ատրպէյճանցիք կը պահանջէին անմիջապէս վերջ տալ պատերազմին, բաւարարուիլ 1914-ի սահմաններով եւ չխառնուիլ Թուրքիոյ ներքին գործերուն: Թաթարները թրքահայոց հարցը Օսմանեան Կայսրութեան ներքին գործը կը նկատէին:

3 Փետրուարի նիստին Սէյմն ընդունեց բանակցութեանց հիմնական սկզբունքները` ա) Սէյմն ունի լիազօրութիւններ հաշտութիւն կնքելու Թուրքիոյ հետ, բ) այդ հաշտութեան համար որպէս հիմք պէտք է ընդունուի Ռուսաստանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ 1914-ի սահմանը, գ) ջանալ հասնելու Թրքահայաստանի ինքնավարութեան` ՙթրքական պետականութեան շրջանակին մէջ՚:

Սէյմի նախագահ Նիքոլայ Չխէիծէն եւ Կոմիսարիատի նախագահ Կեկեչկորին յայտարարեցին, թէ Անդրկովկասը պիտի չճանչնայ Պրէսթ-Լիթովսքի մէջ կնքուելիք դաշնագիրը եւ, փոխարէնը, իր պատուիրակութիւնը կը ղրկէ Տրապիզոն` թուրքերուն հետ բանակցութիւններ վարելու: Պրէսթ-Լիթովսքի մէջ բանակցութիւններ վարող պոլշեւիկեան պատուիրակութեան քարտուղար, հայազգի Լեւոն Գարախանը հեռագիրով տեղեկացուցեր էր, որ Քառեակ Միութիւնը (Գերմանիա, Օսմանեան Կայսրութիւն, Աւստրիա-Հունգարիա, Պուլկարիա) կը պարտադրէ Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը թուրքերուն զիջիլ: Վրացիները դէմ չէին, որ զիջուեր Կարսը, բայց ոչ երբեք Պաթումը, հայերը կը պնդէին, որ Անդրկովկասը չի կրնար գոյատեւել առանց Կարսի ամրոցին, իսկ իսլամները պատրաստ էին ընդունելու օսմանեան բոլոր պահանջները:

Սէյմի պատուիրակութիւնը Տրապիզոն կը հասնի 23 Փետրուարին, թրքականը` չորս օր ետք: Օսմանեան գլխաւոր պատուիրակ Հիւսէյն Ռաուֆ պէյը Տրապիզոնի խորհրդաժողովի բացումէն անմիջապէս ետք պահանջեց, որ յետագայ բանակցութեանց հիմքին պէտք է իյնայ Պրէսթ-Լիթովսքի պայմանագիրը` Օսմանեան Կայսրութեան իրաւունքը Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի նկատմամբ: Թուրքերը նաեւ կը պնդէին, որ բանակցութիւններն սկսելէն առաջ Անդրկովկասն իր անկախութիւնը յայտարարէ: Արեւմտահայաստանի ինքնավարութեան պնդումը թուրքերը թրքական ներքին խնդիր կը սեպէին եւ կը սպառնային, որ օսմանեան պատուիրակութիւնը թոյլ չի տար միջամտել իր ներքին խնդիրներուն:

ՙՄեր խորհրդաժողովի առաջին իսկ օրը ստացանք երկու բախտորոշ դէպքերու լուրը. առաջին` թրքական զօրքերը վերցուցած էին Էրզրումը, երկրորդ` պոլշեւիկները Պրէսթ-Լիթովսքի մէջ ստորագրեր էին հաշտութեան դաշնագիր մը, որով Կարսը, Պաթումը եւ Արտահանը թուրքերուն կը զիջէին: Խորհրդաժողովի աշխատանքներու ամբողջ ընթացքին թուրքերը յառաջ կը շարժէին կովկասեան ճակատին վրայ, իսկ մեր զօրքերը` անընդհատ կերպով կը նահանջէին՚,- կը գրէ Տրապիզոնի մէջ անդրկովկասեան պատուիրակութեան անդամներէն Ալեքսանդր Խատիսեանը:

Իսկապէս, չսպասելով բանակցութեանց աւարտին, օսմանեան զօրքերը Վեհիպ փաշայի հրամանատարութեամբ յառաջ կը շարժէին: Տրապիզոնի բանակցութեանց օրերուն սաստկացան իսլամական շարժումները Կարսի եւ Արտահանի մէջ, իսլամական զինուած աւազակախումբեր երեւցած էին Կարս-Ալեքսանդրապոլ ճամբուն վրայ: Կարսէն ու Արտահանէն ստացուած հեռագիրները վիճակը ամենամռայլ գոյներով կը ներկայացնէին: Ըստ էութեան, ռուսական բանակ այլեւս գոյութիւն չ’ունէր:

Խախտելով 1917-ի Երզնկայի զինադադարին պայմանները, թուրքերը Յունուարի վերջերուն եւ Փետրուարի սկիզբներուն գրոհի անցած էին: Վեհիպ փաշան իր յարձակումը արդարացուցած էր, թէ ինքն այդ քայլին կը դիմէ իսլամներուն կեանքը հայոց գրոհներէն փրկելու նպատակով: Քանի մը օրուայ կատաղի կռիւներէ ետք, հայկական զօրքերը պարպեցին Երզնկան եւ հայ բնակչութեան հետ նահանջեցին դէպի Էրզրում, որու բերդի պաշտպանութեան հրամանատար նշանակուեցաւ Անդրանիկը (Օզանեան):

14 Փետրուար 1918-ին սկսաւ նաեւ Էրզրումի պարպումը: Զինուորներն ու գաղթականները նահանջեցին դէպի Հասան Կալա: Էրզրում մէջ մնացած հարիւրէ աւելի հայերը կոտորուեցան, թուրքերը մեծաքանակ ռազմամթերքի տիրացան: Էրզրումի անկումով ամբողջ Արեւմտահայաստանը կրկին ինկաւ թուրքերուն ձեռքը: Հայերը նահանջեցին նաեւ Բաբերդի շրջանէն: ՙԲազմահազար զանգուածը, սարսափելի ցուրտի ու սառնամանիքի մէջ, ահագին զոհեր տալով, ետ շարժեցաւ: Սպաննուածներուն ու վիրաւորներուն թիւը հարիւրներով կը հաշւուէր: Կատղած բազմութիւնը, իր կարգին, կը վնասէր ճամբան պատահած իսլամներուն: Երզնկայէն մինչեւ Էրզրում որեւէ իսլամական գիւղ կանգնուն չմնաց, այրուեցան եւ քար ու քանդ եղան, բնակչութիւնը փախաւ կամ կոտորուեցաւ՚,- կը գրէ Վրացեանը:

Ալաշկերտ-Խնուս-Վան տարածութիւնը դեռ գրաւուած չէր, սակայն անոր ճակատագիրն ալ որոշուած էր: Հայկական Զօրախումբի հրամանատար Նազարբէկեանը 2 Մարտին նշանակուեցաւ Օլթիէն մինչեւ Մակու տարածութեան հրամանատար, իսկ Օլթի-Պաթում գիծը վրացիները պիտի պաշտպանէին: 10 Մարտին, զօրավար Արէշեանը տուաւ նահանջի հրամանը, եւ հայկական ոյժերը ձգեցին Սարիղամիշը: Ապա զօրքերը ետ քաշուեցան նաեւ Ալաշկերտի հովիտէն: Միայն Վանի մէջ հայկական զօրքերը պաշտպանուեցան մինչեւ Ապրիլի կէսերը եւ կռուելով նահանջեցին դէպի Պարսկաստան:

Ստեղծուած փակուղիէն դուրս գալու նպատակով, Անդրկովկասեան պատուիրակութիւնն իր անդամներէն քանի մը հոգի, որոնց մէջ էր նաեւ Քաջազնունին, ղրկեց Թիֆլիս` բանակցութեանց ընթացքը ներկայացնելու եւ նոր հրահանգներ բերելու նպատակով: Սէյմը որոշեց ՙհաշտարար պատուիրակութեան նախագահ Չխենքելիին տալ արտակարգ լիազօրութիւններ` ինքնուրոյն կերպով անհրաժեշտ քայլեր առնելու համար՚:

Թուրքերը Պրէսթ-Լիթովսքի դաշնագիրը անյապաղ կերպով ընդունելու վերջնագիր կը ներկայացնեն, ապա, բանակցութեանց պաշտօնական բնոյթ տալու նպատակով` կը պահանջեն Անդրկովկասն անկախ յայտարարել: Քաջազնունին եւ Խատիսեանը հեռագիրով Սէյմի դաշնակցական խմբակցութեան կը տեղեկացնեն, թէ թուրքերու պայմաններն ընդունիլը չարեաց փոքրագոյնը կ’ըլլայ: Այս կարծիքին էր նաեւ Չխենքելին: Հասկնալով, որ ռազմաճակատին վրայ պարտութիւնն անխուսափելի է, Չխենքելին համաձայնեցաւ Պրեսթ-Լիթովսքի պայմաններուն եւ այդ մասին յայտնեց Ռաու‎ֆ պէյին: Ան հեռագրեց նաեւ իր կառավարութեան եւ վրացի մենշեւիկ ղեկավարութեան, փորձեց համոզել զանոնք` հաւանութիւն տալ իր ինքնագլուխ քայլին` բացատրելով, որ միայն այդ պարագային է հնարաւոր փրկել Պաթումը: Սակայն Սէյմին մէջ, վրացիներն ու հայերը այս մասին նոյնիսկ լսել չէին ուզեր: Սէյմի իր ելոյթին մէջ Կեկեչկորին պնդեց, որ Անդրկովկասի կառավարութիւնը թուրքերուն պայմանները մերժելու եւ մինչեւ վերջ կռուելու պատրաստ է: Նոյն ոգիով ելոյթ ունեցաւ սոցիալ դեմոկրատ Իրաքլի Ծերեթելին: Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Մարտիրոս Յարութիւնեանը վճռականօրէն դէմ արտայայտուեցաւ. ՙՄեզի համար զէնքէն բացի ուրիշ փրկութիւն գոյութիւն չունի՚: Սէյմը մերժեց թուրքերուն վերջնագիրը եւ պատուիրակութիւնը ետ կանչեց:

Անոնք Չխենքելիին կարգադրեցին Թի‎ֆլիս վերադառնալ: ՙԱյսպիսով, հաշտութեան փոխարէն մենք Տրապիզոնէն մեր երկիրը դէպի պատերազմ կը տանէինք՚,- կը գրէ Խատիսեանը:

Պատուիրակութիւնը ետ կանչելէն քանի մը ժամ ետք, թուրքերը գրաւեցին Պաթումը: Սէյմի վրացի անդամները օսմանեան պահանջները կատարելէ` Անդրկովկասը Ռուսաստանէն անկախ յայտարարելէ ուրիշ ընտրութիւն չունեցան:

Կարինէն ետք ինկած էր նաեւ Սարիղամիշը, երբ Հ. Յ. Դ. Արեւելեան Բիւրոյին նախաձեռնութեամբ, 20-21 Ապրիլին Ալեքսանդրապոլի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, որուն կը մասնակցէին հայ քաղաքական, կուսակցական, ռազմական ղեկավարները` զօրավարներ Նազարբէկեանը, Սիլիկեանը եւ Անդրանիկը, դաշնակցական առաջնորդներ Արամը, Ահարոնեանը, Դրօն, Վրացեանը, Քաջազնունին, Խատիսեանը, ժողովրդական Պապաճանեանը, պոլշեւիկ Պօղոս Մակինցեանը եւ ուրիշ գործիչներ:

Խորհրդակցութեան ատեն կարդացուեցաւ դաշնակցական Կարճիկեանի նամակը, որուն մէջ կ’ընդգծուէր, որ հայ ժողովուրդը երես պիտի չթեքէ Ռուսաստանէն, ան է հայ ժողովուրդի անվտանգութեան միակ երաշխաւորը: Հայ քաղաքական գրեթէ բոլոր ոյժերը, չընդունելով հանդերձ Խորհրդային Ռուսաստանի տնտեսական-քաղաքական համակարգը, ռուսամէտ կողմնորոշում ունէին: Սփեցիֆիք մտաւորական Դաւիթ Անանունը (Տէր-Դանիէլեան) կը գրէ, թէ արեւելահայութիւնը մեծ ձգտում ունէր բռնելու ռուսական փէշէն, ՙբայց այդ փէշը, հակառակ հայութեան բուռն փափաքին` ինքը դուրս սողաց անոր ձեռքէն՚:

Քաջազնունին ներկայացուց վիճակը եւ փորձեց համոզել, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ չարեաց փոքրագոյնն է համաձայնիլ ատրպէյճանցիներուն եւ վրացիներուն հետ եւ ընդունիլ Պրէսթ-Լիթովսքի հաշտութեան պայմանները, այլապէս կը քայքայուի Անդրկովկասեան խախուտ դաշնութիւնը եւ հայ ժողովուրդը թուրքերուն դէմ միս-մինակ կը յայտնուի: Սակայն ընդհանուր կարծիքն էր` պէտք է մերժել թուրքերուն պայմանները եւ շարունակել պատերազմը: Թրքական պայմաններն ընդունելու կողմնակիցները փոքրամասնութիւն էին` Քաջազնունի, Պապաճանեան, սոցիալ դեմոկրատ Ղազար Տէր Ղազարեան եւ քանի մը ուրիշներ:

22 Ապրիլ 1918-ին մենշեւիկները, Սէյմի իսլամական խմբակցութեանց աջակցութեամբ, առաջարկեցին անկախ Անդրկովկասեան Ժողովրդական Դաշնակցային Հանրապետութիւն հիմնադրել: Մէկ անգամ եւս հայերը կանգնեցան մղձաւանջային ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան առջեւ: Զօրախումբը դեռ կը պահէր Կարսի ամրոցը, եւ կը նախատեսուէր, թէ կրնայ առնուազն երկու ամիս դիմադրել թրքական յարձակումներուն: Բայց եւ այնպէս, եթէ հայերը մերժէին վրացի-իսլամ համատեղ մարտավարութիւնը Սէյմին մէջ, ապա պայքարը պէտք է միայնակ շարունակէին: Յուսահատ եւ ընկճուած հայ երեսփոխանները դառնութեամբ հաւանութիւն տուին Անդրկովկասի անկախութեան:

Վրացեանը կը նկարագրէ. ՙԱյդ օրը Սէյմի դահլիճը մեռելատան կը նմանէր: Սգաւորը հայերը չէին միայն: Վրացիներն ալ իրենք զիրենք լաւ չէին զգար: Տօնական տրամադրութիւն ունէին միայն վրացի ազգայնականները, բայց, մանաւանդ, թուրքերը (թաթարներ): (Մամէտ Էմին) Ռասուլզատէն կը ցնծար: Մուսավաթական խմբակցութիւնը իրեն նոր փեսայի պէս կը զգար: Իրական սուգի մէջ էին հայերը: Խօսելու սիրտ չկար: Ի՞նչ խօսիլ. բոլոր խօսքերն արդէն ըսուած էին: Անոնց ապրումներն արտայայտեց Քաջազնունին: Յուզուած, մազերը` իրար անցած, ան բարձրացա ամպիոն ու կարդաց. ՙՊարոնա՛յք, Սէյմի անդամնե՛ր: Դաշնակցութիւն խմբակցութիւնը շատ պարզ գիտակցելով այն մեծ պատասխանատուութիւնը, որ իր վրայ կ’առնէ այս պատմական վայրկեանին, կը միանայ ինքնուրոյն Անդրկովկասեան պետութեան յայտարարութեան՚:

Չխենքելին պէտք է ձեւաւորեր Կոմիսարիատին փոխարինելիք անդրկովկասեան անկախ նոր կառավարութիւնը, սակայն դեռ վարչապետի պաշտօնին չհաստատուած եւ առանց Սէյմի կամ իր կառավարութեան մաս կազմելուն համաձայնութիւն տուած հայ գործիչներուն հաւանութեան, Հայկական Զօրախումբին հրամայեց յանձնել Կարսը:

Հազարաւոր հայեր, խուճապահար, դէպի Երեւանի նահանգ կը փախչէին: Կարսէն հեռացաւ մօտ 20 հազար մարդ` նախօրօք այրելով քաղաքին լաւագոյն շէնքերը: 25 Ապրիլին, օսմանեան Երրորդ Բանակը առանց կռուի մտաւ հայկական բերդաքաղաքը: Սակայն, հակառակ պայմանաւորուածութեան, թրքական զօրքերը կանգ չառին, իսկ հայկական ոյժերը կռիւներ մղելով նահանջեցին մինչեւ Ալեքսանդրապոլ: 28 Ապրիլին Հայկական Զօրախումբն անցաւ Ախուրեանի ձախ ափը` պայթեցնելով աջ ափի ամրութիւնները:

26 Ապրիլին Սէյմը հաստատեր էր կառավարութեան կազմը` Չխենքելիի գլխաւորութեամբ:25 Նոյն ինքն ան ալ Պաթումի մէջ շարունակեց Տրապիզոնի մէջ ընդհատուած բանակցութիւնները թուրքերուն հետ: Անոր կառավարութիւնն արդէն պատրաստ էր ընդունելու Պրէսթ-Լիթովսքի պայմանագիրին բոլոր կէտերը: Խորհրդաժողովի բացման օրը` 11 Մայիսին  Խալիլ պէյն ըսաւ, որ ատիկա զիրենք արդէն չի բաւարարեր, քանի որ Տրապիզոնի խորհրդաժողովէն ետք արիւն թափուած է. թուրքերը կը պահանջէին նաեւ Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի գաւառները, Երեւանի նահանգին արեւմտեան մասը, ներառեալ Արաքս գետին հովիտը եւ երկաթուղին: Առանց ժամանակ տալու, թրքական զօրքերը ներխուժեցին Երեւանի նահանգ` 15 Մայիսին գրաւելով Ալեքսանդրապոլը: Յաջորդ մէկ շաբթուան ընթացքին թրքական զօրքերը եւ իսլամական խումբերը գրեթէ շրջապատեցին Երեւանը:

Խատիսեանը կը գրէ. ՙԳաղթականներու տարերային հոսքը դէպի Երեւան, մթերքներու պակասը, պատերազմական գործողութիւնները եւ համաճարակը այնպիսի ծանր կացութիւն ստեղծեր էին հայկական գաւառներուն մէջ, որ անհրաժեշտ էր հաշտութեան կնքումն արագացնել: Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենար Պաթումի մէջ: Նորէն սկսանք կազմել պատուիրակութիւն, որուն գլուխ անցաւ դարձեալ Չխենքելին, հայերէն անդամներն էին Քաջազնունին եւ ես: Մեր առաքելութիւնն այս անգամ մեզի շատ դիւրին կը թուէր: Կը մտածէինք, թէ պէտք է միայն երթալ եւ Պրէսթ-Լիթովսքի պայմանաւորուածութիւններով դաշնագիր մը ստորագրել՚:

Հայկական պատուիրակութիւնը Պաթումի մէջ միայնակ մնացեր էր, աւելին` թաթարները կը պաշտպանէին թուրքերը: ՙԵրբ մենք թուրքերէն կը պահանջէինք մեզի ձգել Ալեքսանդրապոլի գաւառին հայկական մասերը, թաթարները կը պնդէին, թէ Հայաստանի մայրաքաղաքը պէտք է ըլլայ Վաղարշապատ գիւղը` պահանջելով Երեւանը Ատրպէյճանին կցել: Ուսուպբէկովը եւ Խան-Խոյսքին կը պնդէին, թէ Երեւանը թաթարական քաղաք է, ուստի իսլամները չեն ներեր, եթէ Երեւանը հայոց զիջին՚,- կը գրէ Խատիսեանը:

Հայաստանի անկախութեան հարցին շուրջ ընդհանուր դիրքորոշում չկար նաեւ Օսմանեան Կայսրութեան ղեկավար շրջանակներուն մէջ: Կայսրութեան ղեկավարներէն Թալէաթ փաշան Պաթումի խորհրդաժողովէն առաջ Խալիլը կը զգուշացնէր, որ ուժեղ հայկական պետութեան ստեղծումն անընդունելի է: Թալէաթին պատկերացումով` թոյլ Հայաստանի եւ թոյլ Վրաստանի անկախութիւնը ընդունելի տարբերակ էր: Էնվեր փաշային համար ընդունելի տարբերակը Հայաստանի ոչնչացումն էր:

Պաթումի բանակցութեանց նախօրեակին Խալիլը հեռագրեց Էնվերին` նշելով, որ Կովկասի բռնակցումը կայսրութեան շահերէն չի բխիր: Խալիլի կարծիքով` Ռուսաստանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ պատնէշային (պու‎‎ֆերային, buffer) պետութեանց ստեղծումը աւելի շահեկան էր:

Սակայն երբ թրքական բանակներն անցան Ախուրեանը, հայոց հանդէպ Էնվերի դիրքորոշումը աւելի կոշտացաւ: 27 Մայիս 1918-ին Էնվերը Վեհիպ փաշային յղած ցուցումներուն մէջ կը զգուշացնէր, որ եթէ հայերն անկախ պետութիւն ունենան, անոնք արտասահմանէն կը հաւաքուին Հայաստանի մէջ եւ այդ պարագային` Հայաստանը Օսմանեան Կայսրութեան նկատմամբ Ռուսաստանէն ալ աւելի գէշ թշնամի կ’ըլլայ: Հետեւաբար, Էնվերի համոզումով` հայկական հողերը պէտք է բաժնուէին Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Էնվերին յղած պատասխանին մէջ Վեհիպը կը շեշտէր, որ այս միջոցով հնարաւոր չ’ըլլար հայերն ամբողջութեամբ վերացնել:

Խալիլի նման, Թալէաթն ալ կը պաշտպանէր տարածքով փոքր Հայաստանի մը ստեղծումը, այդպիսով արտաքին աշխարհին համար տպաւորութիւն ստեղծելով, որ թուրքերը Հայկական Հարցին նկատմամբ խաղաղասէր դիրքորոշում ունին, ի տարբերութիւն Էնվերի, որ կը կարծէր, թէ ՙՌուսական Հայաստանի վերացումը լաւագոյն լուծումը կրնայ ըլլալ՚:

Շարունակելի

Յ. Գ. Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ) եւ Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,
Գինը՝ 7.000 դրամ (15 $):