Ճանապարհին մնացած աղջնակի յիշատակին

824

Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը այսօրվանից սկսած մաս-մաս կներկայացնի Թաթուլ Հակոբյանի ՀԱՅԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԻՑ. ՀԱՅԵՐԸ և ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքը արևմտահայերեն, դասական ուղղագրությամբ:

Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

ՍԿԻԶԲ

ՙԱմբողջ կեանքի ընթացքին մեծ մայրս որեւէ բան չէր ուրախացներ: Ան մահացաւ ցաւերու մէջ` միշտ կրկնելով, որ ատիկա իր գործած մեղքին հատուցումն է: Ան գաղթի ճանապարհին ձգած էր իր փոքրիկ աղջնակը: Սա շատ տխուր պատմութիւն է: Ճամբան անոնք ուտելիք չեն կրցած գտնել: Անոնք չորս երախայ ունեցեր են: Աղջնակն ամբողջ ժամանակ լացած է: Թուրք զինուորը անընդհատ հարուածած է զայն ու կարգադրած, որ արագ քալէ, ետ չմնայ: Մեծ հայրս ըսած է` ՙԵկո°ւր աղջիկը հոս` ճամբուն վրայ ձգենք, իսկ մենք երթանք, մենք միայն մեր երեք տղաները կրնանք փրկել՚: Մեծ մօրս մահը երկար տեւեց… Ան աչքերը կը բանար ու կ’ըսէր, որ կը տանջուի ճամբան ձգած երախային համար՚: From the story of Anahit Hovanisyan, Speaking to One Another: Personal Memories of the Past in Armenia and Turkey, Wish they hadn’t left, Leyla Neyzi, Whom to forgive? What to forgive? Hranush Kharatyan-Araqelyan, “Adult Education and Oral History Contributing to Armenian-Turkish Reconciliation”, 2010, dvv international, p. 84.

ՙ(Թալէաթը) նշեց, որ արդէն ձերբազատուած են անոնց (հայոց) երեք քառորդէն, եւ Պիթլիսի, Վանի, Էրզրումի մէջ անոնցմէ ոեւէ մէկը չէ մնացած: Իսկ ատելութիւնն այնքան սաստիկ է, որ իրենք պէտք է աւարտին հասցնեն զայն: Ան ըսաւ, որ հայոց համար հոգ կը տանին [Տէր]Զօրի մէջ եւ այլուր, բայց չեն ուզեր, որ անոնք (հայերը) Անատոլուի մէջ ըլլան: Ես երեք անգամ շեշտեցի, որ լուրջ սխալ թոյլ կու տան եւ անպայման պիտի զղջան ատոր համար: Ան ըսաւ. ՙՄենք գիտենք, որ սխալներ գործած ենք, բայց երբեք չենք զղջար անոնց համար՚: 8 Օգոստոս 1915, Թալէաթ փաշայի եւ Ա. Մ. Ն.ի դեսպան Հենրի Մորկընթաուի միջեւ զրոյցէն, ՙՎոսփորի Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիւանագիտութիւնը. Հ. Մորկընթաուի Օրագիրները, 1913-1916՚, ՙԿոմիտաս՚ Հիմնարկ, Փրինսթոն եւ Լոնտոն, 2004, Henry Morgenthau, “Ambassador Morgenthau’s Story”, New Age Publishers, Plandome, New York, 1918, pp. 337-339.