Ասատ. «Հայերուն Դէմ Ջարդերը Գործած Օսմանցիները Ներկայացուած Են Էրտողանով»

2078

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ հայ-սուրիական բարեկամութեան խումբին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներուն դիմագրաւած վտանգները մէկ են»:

Ան նշեց. «Հայերուն դէմ հարիւր տարի առաջ ջարդեր գործած օսմանցիները այսօր ներկայացուած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանով, եւ անոր կառավարութիւնը սուրիացիներուն դէմ ահաբեկչութիւն կը կիրարկէ»:

Ասատ նշեց, որ ընտրեալ խորհրդարանները այսօր կոչուած են շարժելու եւ միջազգային ընտանիքին վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի վերջինս ահաբեկչութեան ու խաւարամտութեան դէմ յաջող քաղաքականութիւն որդեգրէ:

Ըստ ՍԱՆԱ-ի, հանդիպումին ընթացքին հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Տաճատ Վարդապետեան հաստատած է, որ հայ ժողովուրդը Սուրիոյ ժողովուրդին կողքին է այն կեղեքիչ իրավիճակին մէջ, որուն կ՛ենթարկուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն կողմէ: Ան նշած է, որ Սուրիան դուրս պիտի գայ պատերազմէն` յաղթելով ահաբեկչութեան եւ անոր աջակցողներուն:

Հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեանը եւ Սուրիոյ մէջ հայ-սուրիական բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի ղեկավար Պութրոս Մուճանան:

Լուսանկարում՝ Ասադն ու Էրդողանը տիկնանց հետ. ժամանակին նրանք այնքան մոտ էին, որ երբ Ասադը 2010-ին այցելեց Հայաստան, հրաժարվեց բարձրանալ Ծիծեռնակաբերդի բարձունք, որ իր բարեկամ Էրդողանը չնեղվի