«Հարիւրամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան. Հետեւանքներ Եւ Առաջադրանքներ»

13291

Հայկազեան hամալսարանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի կազմակերպութեամբ և հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, «Հարիւրամեակ Հայոց ցեղասպանութեան. հետեւանքներ եւ առաջադրանքներ» նիւթով գիտաժողովի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 31 յունուար 2015-ին, Հայկազեան համալսարանի մէջ:

Գիտաժողովին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Հայկազեան համալսարանին անունով ողջունելէ ետք ներկաները՝ ան նկատել տուաւ, որ «այսօրուան մեր ներկայութիւնը այս իւրայատուկ վայրին մէջ հետեւանք է մեր նախահայրերու անցած ուղիին: Հայկազեան համալսարանը Հայոց ցեղասպանութեան վկան է եւ կենդանի օրինակը, որովհետեւ հիմնուած է Եղեռնի նահատակ Արմենակ Հայկազեանի յիշատակին»:

Վեր. Հայտոսթեան նաեւ շեշտեց, որ «պէտք է մեր կրած արդարութեան խոր հասկացողութիւնը օժտենք նաեւ քննական մտածողութեամբ։ Մենք մեր դատին ժառանգորդներն ենք եւ բանական տէրերը»։

Ապա խօսք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամ Շահան Գանտահարեան: Ան ըսաւ, թէ պատահական չէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքին առաջինը տեղի կ’ունենայ Հայկազեան համալսարանի ակադեմական միջավայրին մէջ, ինչ որ կը պայմանաւորուի նշեալ վայրին համասփիւռքեան մակարդակի վրայ ակադեմական իւրյատուկ միջաջավայրի հանգամանքքը։Այնուհետեւ Գանտահարեան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան նոր հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը իր առանցքային կէտերով պիտի հունաւորէ Հայ դատի հետագայ ընթացքը իրաւաքաղաքական եւ  բարոյագաղափարական առումներով: Ան նկատել տուաւ, որ գիտաժողով բացումը կատարելը հարիւրամեմակի Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն կարեւոր երեւոյթ է այն ռումով որ կը նախանշէ այն հիմնական շեշտադրումներն ու առանցքները, որոնք պիտի յատկանշեն հետագայ աշխատանքները։:

Գանտահարեան փակեց իր խօսքը նշելով, որ «հայ մտաւոր ներուժի համախմբան այս փորձերը հիմնական նպաստ պիտի բերեն հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներուն լուծման եւ ճիշդ հունաւորման աշխատանքներուն»:

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց գիտաժողովի բացման նիստին հիւր բանախօսը՝ Լիբանանեան համալսարանի գրականութեան եւ մարդասիրական գիտութիւնններու  դոկտորական բաժինի դասախօս, փրոֆ. Մասուտ Տահերը, որուն նիւթն էր «Հայկական հարցը համաշխարհայնացումի դարաշրջանին. ներկան եւ հեռանկարները»:

Փրոֆ. Մասուտ Տահեր նկատել տուաւ, որ նախորդ հարիւր տարիներուն, Հայկական հարցը կենդանի մնացած է շնորհիւ մշակութային, ընկերային եւ գեղարուեստական այլազան ձեռնարկներու, որոնք կազմակերպուած են հայ ժողովուրդի զգօն հատուածներուն կողմէ, ապա շարունակեց նշելով, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումով Հայաստանին առիթ տրուեցաւ  հռչակելու իր  անկախ հանրապետութիւնը: Սակայն կան հողամասեր, որոնք կը մնան Վրաստանի իշխանութեան տակ, իսկ անդին Լեռնային Ղարաբաղը զինուորական տագնապի նիւթ է Ազրպէյճանի հետ, մինչ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը, որ կ’ընդգրկէ հայութեան խորհրդանիշները, մանաւանդ՝ Արարատ լեռը, կը գտնուի թրքական իշխանութեան տակ:

Փրոֆ. Տահեր հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք հայ ժողովուրդը աճող կշռոյթով  կը շարունակէ իր պայքարը, հակառակ անոր որ մեծ պետութիւններուն կեցուածքները ազդու չեն եղած, իսկ միջազգային ընտանիքի գործելաձեւը կ’արտացոլէ կրաւորականութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման խնդիրին գծով:  Ցեղասպանութիւն, որ կը շարունակէ արիւնոտ վէրք մնալ հայ ժողովուրդին համար եւ միջազգային խղճին վրայ:

Ան յայտնեց, որ խոստմնալից հեռանկարներ կան Հայկական հարցի խաղաղ լուծման համար: «Հայ ժողովուրդը զինուորական պատերազմ չի՛ մղեր թուրք պետութեան դէմ, այլ խաղաղ լուծում կը փնտռէ իր արդար դատին եւ կ’ուզէ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, մինչ Թուրքիոյ կառավարութեան կեցուածքները կը միտին պարտադրել իրողապէս գոյութիւն ունեցող պայմաններու բնականոնացումը», ըսաւ ան եւ շարունակեց, որ պայքարի հայ յառաջամարտիկները վաղուց գիտակցած են, թէ մեծ պետութիւններուն վստահիլը պարզ խաբկանք է, որովհետեւ այդ պետութիւնները միայն իրենց շահերը կը հետապնդեն:

Փրոֆ. Մասուտ Տահեր եզրափակեց իր խօսքը հարց տալով. «Կ’ուզենք վերահաստատել, որ ապագան միշտ կը պատկանի այն ժողովուրդներուն, որոնք կը տենչան ու կառչած կը մնան իրենց ճակատագիրի տնօրինման արդար իրաւունքին, որքան ալ երկարի ժամանակը: Արդեօք Հայկական հարցը իր արդար եւ մնայուն լուծումը կը գտնէ՞, եթէ աշխարհը յաջողի պահպանել այսօրուան նահանջ ապրող ժողովրդավարութիւնը եւ աւելի մարդկայնական համաշխարհայնացում հռչակէ»:

Գիտաժողովի բացման նիստի  փակումը կատարեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական ելեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ան յայտնեց, որ ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսի զաւակներ՝ցեղասպանութեան փաստեր հաւաքելով չէ որ պիտի զբաղինք, այլ մեր գիտական աշխատանքը պէտք է ծանրանայ հատուցման եւ արդար իրաւունքի պահանջքին վրայ:

Ան աւելցուց, որ  տարիները կու գան ու կ’անցնին, քաղաքականութիւններ փոփոխութեան կ’ենթարկուին, պետութիւններ կու գան ու կ’անհետանան, քարտէսներ կը փոխուին, բայց արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը կը մնան անխախտ: Վեր. Գարակէօզեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Կը հաւատանք, որ Հայաստանը Աստուծոյ կողմէ շնորհուած է հայուն: Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը հայ ժողովուրդի լինելիութեան աստուածային խոստումն է»:

Իրերայաջորդ Նիստեր

Գիտաժողովի պաշտօնական բացման արարողութենէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ առաջին նիստը, որուն ընդհանուր խորագիրն էր «Ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ անոնց վերացման միջազգային օրէնքի ուղին»: Ներկայացուեցան երկու զեկուցումներ. առաջին զեկուցումը ներկայացուց հայրենի ակադեմական դոկտ. Սուրէն Մանուկեան՝ նիւթ ունենալով «Հայոց ցեղասպանութեան ժողովրդագրական, մշակութային, աշխարհագրական, տնտեսական եւ քաղաքական հետեւանքները», իսկ երկրորդ զեկուցումը ներկայացուց դոկտ. Վլատիմիր Վարդանեան՝ «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վերացումը՝ միջազգային իրաւունքի միջոցներով» նիւթով:

Գիտաժողովին երկրորդ օրը՝ կիրակի, 1 փետրուարը սկսաւ գիտաժողովին նուիրուած եկեղեցական պաշտամունքով, որուն պատգամաբերն էր վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:

Գիտաժողովին երկրորդ նիստին ընդհանուր խորագիրն էր «Միջազգային ընտանիքին հակազդեցութիւնը՝ ցեղասպանութեան եւ անոր շահագործումը՝ պետութիւններուն կողմէ»: Նիստին երկու զեկուցումներուն նիւթերն էին՝ «Միջազգային համայնքին հակազդեցութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք» (զեկուցաբեր՝ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, անգլերէնով) եւ «Հայոց ցեղասպանութեան չարաշահումը՝ պետութիւններու կողմէ՝ Թուրքիոյ դէմ» (զեկուցաբեր՝ դոկտ. Սալեհ Զահրէտտին, արաբերէնով): Երրորդ նիստը ամբողջութեամբ նուիրուած էր «Հայ-թրքական յարաբերութիւններ»-ուն: Այս ծիրին մէջ զեկուցումներ ներկայացուցին դոկտ. Արսէն Աւագեան՝ նիւթ ունենալով «Թուրքիա-Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւնները 1991-2014» եւ լրագրող Թաթուլ Յակոբեան՝ նիւթ ունենալով «Հայ-թուրք ոչ պետական յարաբերութիւնները»: Գիտաժողովի չորրորդ եւ վերջին նիստին ընդհանուր խորագիրն էր «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնն ու թուրքը՝ յաչս երկրին փոքրամասնութիւններուն»: Զեկուցումներ ներկայացուցին Պոլիսէն դոկտ. Պիւլենթ Պիլմեզ՝ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան կեցուածքը՝ իր փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ (1923-2014)» նիւթով եւ ազգագրագէտ դոկտ. Հրանուշ Խառատեան՝ «Հայերուն կարգավիճակը ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ. իսլամաց(ու)ած հայերը» նիւթով:

Իւրաքանչիւր նիստէ ետք տեղի ունեցաւ քննարկում:

ԱԶԴԱԿ, 2 փետրուար, 2015